Միացեալ Նահանգներու արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած Նիւ Եորքի յարձակումները ցնցիչ եղան ոչ միայն հզօր կայսրութեան այլ ամբողջ աշխարhին համար:Այդ օրուան ցնցումը խորքին մէջ պէտք է համարել ԱՄՆ-ի «Ալ Քահիտա» շարժումին դէմ շթղայազերծած «մահացու հարուած»-ին սկիզբի օր:
Երեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2001 –ին «Ալ Քահիտա» շարժումի 19 ահաբեկիչներ համակարգուած չորս յարձակումներ կը գործէին Նիւ Եորքի Եւ Ուաշինկթընի վրայ: Այս գրոհին ամէնէն ծանր հետեւանքները երեւելի կը դառնային Նիւ Եորքի մէջ, ուր գետնի հաւասար կը դառնային «համաշխարհային առեւտուր»ի կեդրոնի երկու շէնքերը (Յայտնի ՝ Twin Tower անուանուամբ): Գրոհը կը խլէր շուրջ 3000 զոհեր եւ կը պատճառէր 10 Միլիառ ԱՄՆ տոլարի վնաս: Դէտերուն կողմէ «շշմեցուցիչ» համարուած այս գրոհը «Ալ Քահիտա»ի զինեալները կը կատարէին բարձր արհեստավարժութեամբ:
Ամերիկեան հանրութիւնը չէր հաւատար իր աչքերուն: Հոլիվուտեան ֆիլմերուն յատուկ այդ տեսարաններուն հեղինակները ինչքան ալ զարմանալի ըլլայ նոյն միացեալ նահանգներու «աճեցուցած» եւ վստահելի համարուած «դաշնակիցներն» էին:
Այդ դաշնակիցներուն պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէր 1979-ին, երբ Խորհրդային Միութեան (ԽՍՀՄ) վրայ նկատելի առաւելութիւն մը արձանագրելու մարմաջով ԱՄՆ կը գործակցէր Իսլամութեան դրօշով ճամբայ ելած հրոսակներուն հետ: Ամերիկայի եւ «Ալ Քահիտա»ի այդ «ամուսնութիւն»ը երկար պիտի չտեւէր: Շարժումի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատէն Ամերիկայի դէմ առաջին սպառնալիքը կը հնչէցնէր 1987-ին երբ առանց բառերը ծամծելու կ’ըսէր, որ պիտի հարուածէ Ամերիկան: Այդ օրերու ղեկավարութեան համար նման յայտարարութիւնները, ոչ միայն անիմաստ էին այլ կ’ընդունէին քրքիջով:
Կարդացեք նաև
Պըն Լատէն արագօրէն կը փոխէր իր արեւելումը եւ «Ժիհատ» (սրբազան պատերազմ) կը յայտարարէր ԱՄՆ-ի դէմ: Այստեղ պէտք է նշել, որ Աֆղանիստանի ճակատը բանալէն առաջ ԱՄՆ-ի փորձագէտներ ոչ միայն զինուորական մարզումներ կ’ընէին Իսլամիստ խմբակցութիւններուն այլ նաեւ անոնց կը տրամադրէին ամէնէն արդիական զէնքերը:
Պարաք Օպամա իր նախագահ ընտրութեան առաջին օրէն քանիցս յայտարարած էր, որ իր համար գերագոյն նպատակ է աշխարհի մէջ մղուող (ու յատկապէս ԱՄՆ-ի մասնկացութեամբ մղուող) պատերազմները դադրեցնել ու օգտագործել այլ ընտրանքներ: Ան սակայն դանդաղօրէն եւ անզգալաբար կը մխրճուէր նոյն պատերազմներու ճաճիճներուն մէջ նպատակ ունենալով նախկին վարչակարգին գործած աններելի սխալները սրբագրել: Ու պարզ է, որ սխալները պիտի «սրբագրուէին» նոր եւ աւելի ծանր սխալներով: Այս մասին կարեւոր վկայութիւն մը կու տայ մինչեւ 2011 թուական Օպամայի աշխատակազմի անդամ եղած ` Ռոզա Պրուքս, որ բառացիօրէն կ’ըսէ, թէ «Օպամայի վարչախումբին համար գլխաւոր նպատակ էր սրբագրել Պուշի վարչակազմին սխալները բայց եւ այնպէս աւելի ծանր եւ աններելի մեղքեր գործեց» (The Washington Post 11.9.2014)
Օպամա իր անտարբերութեամբ կը ստեղծէր Իրաքեան «նոր ճահիճ» մը : Ան թոյլ կու տար, որ Սիւննիները անտեսուին եւ նախկին տխրահռչակ վարչապետ Նուրի Ալ Մալէքիի ազդեցութեան գօտիները ծաւալին: Մինչեւ այս գործընթացներու իրականացումը, ԱՄՆ արդէն իր զօրքերը կը հեռացնէր Իրաքէն այդպիսով արտօնելով, որ « ստեղծարար քաոս»ը իր սեւ ուրուականը տարածէ շրջանին վրայ:
«Իրաքեան պալար»ին պայթումը նախապատրաստող այս հանգրուանին ԱՄՆ իր բոլոր միջոցները կը դնէր նաւթի մեծ պաշարներ ունենալու համար: Այդ գործօններուն կարեւորագոյնը Իրաքեան բանակին տրամադրուած արդիական զէնքերուն դիմաց աժան գիներով նաւթ ստանալու քաղաքականութիւնն էր, որ կը կատարուէր շատ հեզասահ կերպով:
«Ալ Քահիտա»ի մասին խօսելով պէտք է ըսել, որ «իր թոյնով» ապրող ու ապա «իր թոյնով» մեռնող այս կազմակերպութեան աստղը պիտի մարէր յատկապէս 2011 թուականին երբ Փաքիստանի մէջ եւ նոր մեթոտներով իրականցուած գործողութեամբ մը, կը սպաննուէր շարժումի ղեկավար ՝Ուսամա Պըն Լատէնը:
Ամերիկեան կայսրութիւնը միշտ սիրած է, անտես վայրերէ թշնամիներ հաւաքել, աճեցնել, հզօրացնել ու ապա իր ախորժակները սնել այդ խմբաւորումներուն արիւնով: Բայց այս խաղին մէջ բաւական ծանր ապտակ ստանալով, ԱՄՆ պահուան մը մը համար «կ’անդամալուծուէր» չհաւատալով այն իրականութեան, որ իր «կերտած» Պըն Լատէնը Նիւ Եորք «հասնելով» պիտի փորձէր տհաճ եւ «արիւնոտ» անակնկալ մը մատուցել:
Շատ հեռու երթալու կարիք չկայ, հասկնալու համար, որ Իսլամութեան դրօշը բարձրացուցած Ճիհատիստներուն երեւակայութեան վառ արդիւնքով չէր, որ տեղի կ’ունենար Նիւ Եորքի արիւնոտ բեմադրութիւնը: Գաղափարական տեսակէտէ նաեւ Իսլամներուն համար Նիւ Եորքը շատ հեռու էր Երուսաղէմ ըլլալէ սակայն Աֆղանիստանէն մղոններ հեռու Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ սերտաճատ խմբակցութիւններուն ականջներուն հասցուած էր մէկ պատգամ, որ կ’ըսէր «պէտք է գրաւենք Ամերիկան»: Այդ պատգամաբերները բանիմաց, իրենց գործը մինչեւ վերջին կէտը կատարող անգլիախօս աշխատակիցներ էին որոնց աքթիւութեան եւ «աշխատասիրութեան» դիմաց մինչեւ հիմա լուր է Ամերիկայի մտաւորականութիւնը:
Այսօրուան իրավիճակը եւս հեռու չէ վերը ներկայացուած ընդհանուր ընթացքներէն: Միով բանիւ, որ այսօրուան խորագիրը կը կրէ ISIS անունը: ԱՄՆ-ի համար ահաբեկչութեան պայքարի այս փուլը կրնայ յատկանշուիլ տարբեր շահերու յառաջ մղումով եւ ապահովաբար Արաբական երկիրներուն «Զէնք նաւթ»ի դիմաց նոր գործառքներով: Այս պայքարը սակայն իր նախկիններուն չի նմանիր, որովհետեւ ISIS -ը «Ալ Քահիտա»ն չէ: Եւ սխալ հաշուարկները կրնան նոր շրջադարձային վիճակներ ստեղծել ոչ միայն արեւելքի այլ նաեւ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ –ի մէջ:
Սագօ Արեան