Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Բաշար Ալ Ասադ Արեւմուտքի նոր գործընկե՞րն է

Օգոստոս 29,2014 12:45

«Իրաքի եւ Շամի պետութեան» հիմնահարցը կը շարունակէ յուզել արեւմտեան աշխարհի որոշիչ երկիրները:Անցնող օրերուն Իրաքի մէջ ամերիկեան օդուժին կատարած գրոհները ծանր հարուած դարձան ահաբեկչական այդ խմբաւորումին եւ ըստ լրատուական աղբիւրներ աւելի քան 5 հազար ծայարյեղական զինեալներ սպաննուած են Մուսէլի դռներուն:

Այս ծանր հարուածէն ետք ԱՄՆ-ի համար շատ կարեւոր է Սուրիոյ ճակատը հակառակ անոր, որ Սուրիան հարուածելու որոշումը ունի մի քանի «տհաճ» երեսներ որոնց հետ պէտք է առերեսուի Օպամայի վարչախումբը:Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Պարաք Օպամայի վարչակարգին համար ամէնէն դժուարին խնդիրը կը մնայ վճռական որոշում առնելու հարցը:

Երբ ԱՄՆ-ի նախագահը քանի մը անգամ ելոյթ ունենալով կը յայտարարէ, որ ISIS-ի խնդիրը մէկ օրուան մէջ լուծուելիք խնդիր մը չէ եւ նոյն առումով կը դժուարանայ ու նոյնիսկ «կը վախնայ» կտրուկ որոշումներ առնելու այդ կը նշանակէ, որ հակառակ լսելի դարձած ողբին նոյն ԱՄՆ-ին համար ներկայ ծանր իրավիճակին շարունակութիւնը երբեք անհանգստացնող չէ: Ենթադրութիւններով չարաջնորդուելու համար պէտք է նկատի առնել Ռուսական Gazeta.ru կայքին այսօր հրապարակած լուրը ( Հինգշաբթի 28 Օգոստոս) ըստ որուն իր տիրապետած շրջաններուն մէջ նաւթի հանքերը օգտագործելով ` ISIS օրական 3 միլիոն ամերիկեան տոլար կը վաստակի:

Ուրեմն ISIS լաւ գիտէ, որ Սուրիոյ մէջ իր դիրքերը հարուածելու ցանկացած որոշում պէտք է անցնի քանի մը «տարրալուծարաններ»է:Այդ որոշումը կախեալ է Մոսկուա- Ուաշինկթըն որոշակի համայձայնութիւնէ մը առանց որուն նոյն ամերիկեան օդուժը կրնայ թիրախ դառնալ ոչ միայն Ասադեան վարչակարգի հրթիռներուն այլ նաեւ Իրանեան եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ Թարթուսի խարիսխներէն արձակուելիք հրթիռներուն: Կայ նաեւ Իրանի խնդիրը եւ հակառակ անոր, որ Իրան ամէն ճիգ ըրաւ, որ Իրաքի մէջ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուի նոյնը պիտի չընէ Սուրիոյ պարագային: Իրան երբ Իրաքի մէջ ամերիկեան միջամտւթեան մը կը համաձայնէր այդ չէր ընէր Իրաքեան երկրի ամբողջականութեան յանուն, այլ Իրանեան սահանէն ծայրայեղականները հեռու պահելու նպատակով:

Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ հռետորական թուացող հարցադրում մը, որ սակայն վերջին օրերուն սկսած է շատ հնչել: Հարցը հետեւեալն է ՝ արդեօ՞ք Բաշար Ալ Ասադ արեւմուտքի նոր դաշնակիցը պիտի դառնայ:

Ամերիկեան անհոգ քաղաքականութեան հետեւանքով երեք տարուան պատերազմէն ետք, հոն եղած մարդկային ծանր կորուստներէն եւ անպատմելի աւերածութիւնէն յետոյ Սուրիական համայանպատկերին վրայ երեւելի չէ ընդդմադիր այն ուժը որ վստահութիւն կրնայ ներշնչել արեւմուտքին: Այս առումով եթէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ընդհանուր պատկերը մտաբերենք (յեղափոխութեան սկիզբ, վերելքներ եւ անկումներ) պիտի նկատենք, որ ոչ ԱՄՆ եւ ոչ ալ Եւրոպա պատրաստ եղած են զօրացնելու եւ կեդրոնական ուժի վերածելու Սուրիոյ ընդդիմութեան չափաւորական թեւը: Ընդհակառակը անոնք ամէն ինչ ըրին որ « յեղափոխութիւնը ուտէ իր զաւակներուն թեւերը»:

Եթէ Ասատեան վարչակարգը մահաբեր տակառներով, արձակազէններով, սքոտ հրթիռներով եւ Սարին քիմիական նիւթով Սուրիոյ Սիւննի համայնքի գլխաւոր բնակավայրերը գետնի հաւասար ըրաւ ապա նաեւ արեւմտուքը ճակատագրական որոշումի բացակայութեամբ , նոյն կրակներուն չափ անէծք եւ անորոշութիւն թափեց Սուրիացի ժողովուրդին գլխուն:

Այս բոլորէն անդին այսօր Ասատեան վարչակարգին համար իրավիճակը կը մնայ նախանձելի որովհետեւ ISIS-ի դէմ պատերազմելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու լոզունգը որդեգրած բայց հինցած այս վարչակարգը պիտի փորձէ իր դրօշը նորէն բարձրացնել:

Բայց արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ իր գրկին մէջ պիտի ընդունի Ասադը: ԱՄՆ- համար ոչ մէկ խնդիր կայ այդ «վերադարձ»ը կարգաւորելու տրուած ըլլալով նաեւ, որ Օպամա որ մինչեւ այս պահը ամէնէն ծանր ածականներով կը նկարագրէր Ասադը կրնայ իր նախագահութեան վերջին օրերուն բոլոր հաշիւները զէրոյի վերածել ու նոր սկիզբ մը դնել խաղին : Եւրոպայի պարագան քիչ մը տարբեր է:Եւրոպացի ղեկավարները «կը սոսկան» իրենց քուէարկողներու խօսքէն: Հոլլանտ եւ Գամէրուն պատրաստ չեն նման բրակմաթիք քայլեր առնելով վտանգի մատնել իրենց քաղաքական ապագան:

Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են այն իմաստով, որ ամերիկեան հետախուզական օդանաւերու Տէր Զօրի վերեւ կատարած թռիչքներէն ետք արդեօ՞ք ԱՄՆ պիտի հարուածէ ISIS-ի յատկապէս Ռաքքայի դիրքերը:

Շատ կարեւոր սկիզբ պէտք է համարել այդ գրոհներուն սկսման թուականը:Շատ հաւանական է նաեւ, որ ԱՄՆ եւ իր համամիտ ուժերը ռազմավարական քայլով մը, առաջարկեն Ասադը հեռացնել եւ ճարել զինք փոխարինող մը:
Մտահոգիչը աւերածութիւններու եւ արեան մէջ խեղդուած Սուրիոյ ապագան է: Որովհետեւ դժուար է այդ աւերածութիւններէն դրական նոր ընթացք ստեղծել:
ISIS-ի տրուելիք հարուածը կամ Ասատին հետ նոր էջ մը բանելու երեւութական մօտեցումները վստահաբար պիտի չկրնան փարատել ծայրայեղականութեան սպառնալիքները:Այդ սպառնալիքներու լուծման հանգրուանը արդէն կը պատկանի անցեալին:

Ասօր դիմաց Օպամա եւ իր համակիրները պէտք է լաւ հասկնան, որ արդէն 3 տարիէի ի վեր կը խաբեն իր դառն ճակատագրին առջեւ առանձին մնացած եւ անկոտրում կամք ունեցող Սուրիացի ժողովուրդը:

Երեք տարիներ առաջ, երբ նոյն Սուրիացիները բիրերով եւ վարչակարգին դէմ հնչած կոչերով երկրի գիւղական շրջաններու հրապարակները լեցուցին, ոչ ոք կը խօսէր ISIS-ին մասին: Ոչ ոք կրնար մտածել, որ այդ անզէն ժողովուրդը կրնար հրէշի վերածուիլ եւ մարդկային ուղեղին համար աննկարագրելի սպանդներ կը գործէ:

Այսօր ալ նոյնն է պատկերը:Ոչ ոք կը մտածէ Սուրիացի ժողովուրդին մասին: Բոլորը կը խօսին այն հրէշին մասին, որ ամէն օր աննկարագրելի նոր ոճիրներ կը գործէ:
Այսօր Սուրիան արեան տափաստաններու վերածող այդ հրէշը վաղը կրնայ այլ տեղ յայտնուիլ: Հրէշը կրնայ մեռնիլ: Կրնայ սպաննուիլ:Բայց ամէնէն վտանգաւորը նոյն այդ հրէշը ստեղծողն է:

Պէտք է մտածել Հրէշը ստեղծողին մասին:

Սագօ ԱՐԵԱՆ

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Robert Sulahian says:

    Երեք տարիներ առաջ, երբ նոյն Սուրիացիները բիրերով եւ վարչակարգին դէմ հնչած կոչերով երկրի գիւղական շրջաններու հրապարակները լեցուցին, ոչ ոք կը խօսէր ISIS-ին մասին: Ոչ ոք կրնար մտածել, որ այդ անզէն ժողովուրդը կրնար հրէշի վերածուիլ եւ մարդկային ուղեղին համար աննկարագրելի սպանդներ կը գործէ: Այսօր ալ նոյնն է պատկերը:Ոչ ոք կը մտածէ Սուրիացի ժողովուրդին մասին: Բոլորը կը խօսին այն հրէշին մասին, որ ամէն օր աննկարագրելի նոր ոճիրներ կը գործէ: Այսօր Սուրիան արեան տափաստաններու վերածող այդ հրէշը վաղը կրնայ այլ տեղ յայտնուիլ: Հրէշը կրնայ մեռնիլ: Կրնայ սպաննուիլ:Բայց ամէնէն վտանգաւորը նոյն այդ հրէշը ստեղծողն է: Պէտք է մտածել Հրէշը ստեղծողին մասին:

    ՀՐԷՇԸ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆ ՉՍՏԵՂԾԵՑ…ԱՅԼ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ…ինչքան ալ մտածենք նոյն դռան առջեւ պիտի գտնենք մենքզմեզ…ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՄԻՇՏ ԴԱՒԱՃԱՆԱԾ Է ԻՐ ԳՈՐԾԱԿՑԻՆ

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031