Հալէպի նեղ փողոցներուն եւ անոր գիւղերուն մէջ կրակի եւ վառօդի ընկերակցութեամբ քալած Ճէյմս Ֆոլին երբեք պիտի չմտածէր, որ օր մը նարնջագոյն համազգեստի մէջ երեւելով պիտի դառնար միջազգային լրահոսի թիւ մէկ «դէմք»ը: Պատերազմի բովերէն անցած Ֆոլիին համար կարեւորը, իր պատմութիւնը չէր: Ունէր մէկ նպատակ որն էր ՝Սուրիոյ արիւնայեղ պատերազմին իրական պատկերը ցոյց տալ աշխարհին:
Ֆոլի չէր ալ մտածէր, որ կրնար ISIS-ի սառնասիրտ մէկ «մուճահիտ»ին դաշոյնով կրնար մորթուիլ: Կամ նոյնիսկ կոչ ուղղէր իր ծնողներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն որ այս դէպքին գլխաւոր պատասխանատուն ոչ թէ Իսլամ ծայրայեղականներն են այլ ամերիկեան քաղաքականութիւնը:
Իրաքի մէջ պատերազմող ISIS-ի զինեալները անհանգիստ են: Անոնք կը փորձեն խաղին կանոնները փոխել եւ նոր դրութիւն ստեղծել: Աւելին անոնք կը փափաքին Man to man դրութեամբ խօսիլ ԱՄՆ –ին հետ: Ու լաւ գիտեն, որ իրենց ստեղծած «Խալիֆէյութեան» սահմաններուն մէջ ո՛չ Արաբները, ո՛չ Իրանցիները եւ ո՛ չ ալ Քիւրտերը կրնան նոր խաղ պարտադրել:
Ինչ կը վերաբերի Ֆոլիի ծնողներուն անոր մայրը ՝ Տայան, Ճէյմսի մահուան բօթը լսելէ ետք փոքր յայտարարութիւն մը ընելով խնդրած է ամէն գնով փրկել այն լրագրողները որոնց կեանքին մեծ սպառնալիքներ կան: Տայան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ճէյմսին առաքինի զաւակ եւ նուիրեալ լրագրող մը ըլլալուն համար հաւաստած է, թէ իր զաւակն ու միւս լրագրողները ոչ մէկ կապ ունին ամերիկեան քաղաքականութեան հետ եւ Ճէյմս մեծ ճիգ ըրած է Սուրիոյ պատերազմին մարդկային ողբերգութեան անտեսուած երեսը աշխարհին փոխանցելու:
Կարդացեք նաև
Ամերկեան տարբեր ոլորտի լրագրողներ եւ հեղինակաւոր անձեր բոլորն ալ հաւասրապէս կը դատապարտեն ISIS-ը եւ նաեւ չեն թաքցներ իրենց վրդովմունքը Օպամայի միջին արեւելքի մէջ վարած քաղաքականութեան հանդէպ: Մինչեւ օրս այդ ցասումը կ’արտայայտուէր միայն տողատակի:ֆոլիի մահով սակայն ինծի կը թուի, որ ամերիկեան ձախողած քաղաքականութիւնը պիտի քննարկուի ոչ միայն անոր հարազատներուն ու բարեկամներու շրջանակներուն մէջ այլ նաեւ ոչ սակաւաթիւ եւ կարծիք փոխող հասարկութեան սեղմ օղակներւն մօտ:
Այստեղ պէտք է յիշատակել «Կլոպըլ Բոսթ» (Global Post) պարբերականի (Որուն աշխատակիցն էր Ֆոլի) այսօրուան թիւով հրապարակած լրագրողին իր ծնողներուն ուղղած վերջին նամակին բովանդակութիւնը, ուր Ֆոլիի խօսքէն բացի ակնկայտ կերպով տրուած է ահաբեկիչներուն «պատգամ»ը: Անոնք այդ նամակով կը յայտարարէին, թէ Ֆոլի մահապատիժի պիտի ենթարկուի որովհետեւ ամերիկա հաշուեյարդարի անցած է ISIS-ին դէմ: Անոնք նաեւ ըսած են,թէ ամերիկացի քաղաքացիները պիտի վճարեն իրենց կառավարութեան Իրաքի մէջ կատարած հրթիռարձակումներուն գինը:
Թերթի խմբագիր Ֆիլ Պալպոնի, որ սոյն նամակը ամբողջութեամբ նրկայացուցած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց նոյն կերպ հաւաստած է, թէ թերթը Ֆոլիիէն նամակ մը ստացած է 26 Նոյեմբեր 2013–ին, ուր ծայրայեղականները Ֆոլիի ազատ արձակման մասին առաջարկով հանդէս կուգան եւ որպէս փրկագին 100 Միլիոն Եւրո կը պահանջեն:Խմբագիրը կը հաստատէ, որ այդ նամակէն մինչեւ 12 Օգոստոսի իրենց ուղղարկուած նամակը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունեցած են Ճէյմսին մասին:
Ինչ ուղղութեամբ պէտք է վերլուծել այս տեղեկութիւնները տրուած ըլլալով նաեւ, որ «Բէնթակոն» երէկ յայտարարութեամբ մը կը յայտնէր , թէ Սուրիոյ մէջ իրենց ամերիկացի առեւանգեալները ազատագրելու կարեւոր մէկ փորձը ձախողած է: Յայտարարութեան մէջ մեղսկացութեան զգացումի շեշտ մը կայ: Աւելին ես պիտի ըսէի անզօրութիւն մը կայ այն խաղին դիմաց որ այսօր բացուած վէրքի վերածուած է: Խաղը սկսողը եւ վերահսկողը փաստօրէն անզօր է այնքան ատեն որ Սուրիական Րաքքայէն «վերածնած» «Քահիտա- ISIS»ը իր տիրապետութեան տակ կը պահէ հազարաւոր մղոններու վրայ երկարող տարածութիւններ:
Վստահաբար կան մարդիկ որոնք լաւ գիտեն , թէ ինչ պայմաններու տակ ծնաւ այդ սադայէլը, ուր աճեցաւ եւ այսօր ինչպիսի շրջադարձ մը կատարելով կը փորձէ աչքերը փորել անոնց որոնք իրենց գրպաններուն մէջ ունին «Իսլամ» ը իրենց շահերուն ծառայեցնելու մեքանիզները:
Ասկէ 30 տարի առաջ ո՞վ կը խօսէր Իսլամին մասին: Այդ ե՞րբ եղաւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ, որ «Իսլամ»ը մէկ գիշերուան մէջ հրէշ դարձաւ: Ո՞վ յօրինեց այս պատմութիւնը եւ ո՞վ թելադրեց այս մղձաւանջը:
Ցաւօք այս պատումները կը հիւսուին «թարմ արիւն» ով ու Ճէյմս Ֆոլին կամ նոյն տեսագրութեան մէջ երեւցող ամերիկացի լրագրող Սթիվըն Ժոէլ Սոթլոֆը (որ երեւցաւ Ֆոլիիի գլխատման տեսագրութեան մէջ) եւ շատ ուրիշներ կրնան միայն այս խուսանաւումներուն արեան հանգոյցները հանդիսանալ:
Հանգոյցը չի քակուիր: Ան կը դառնայ վէրք եւ արիւն: Տագնապը կրնայ երկար տեւել արեւելքի մէջ:Այլապէս ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս ձերբազատուիլ 80 հազարի հասնող ISIS –ի միաւորներէն ( որոնց 12 հազարը արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիներ են):
Բրիտանացի լրագրող Արջի Պլէնտ, իր The Indepandent պարբերականին մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ կը գրէ «Ես անձամբ ճէյմսին ճանչնալու առիթ չեմ ունեցած: Անոր վերջին տեսագրութիւններէն մէկը դիտեցի, ուր կը ներկայացուէր Հալէպի գիւղերէն մէկուն մէջ կատարուած պսակի արարողութիւն մը:Փեսան ընդդիմադիր արձակազէն մըն Էր, իսկ հարսը Սուրիոյ ընդդիմադիր շարքերուն ծառայող բուժքոյր մը: Տեսաֆիլմին մէջ հարսանիքին մասնակցող կին մը կ’ըսէր «Ոչ ոք կրնայ դադրեցնել կեանքը: Ոչ ոք կրնայ կասեցնել ապրելու մեր կամքը եւ ոչ ոք կրնայ փակել Աստծոյ հաւատացող մարդուն ճանապարհը:»
Ֆոլիի մահը, անոր գլխատումը, կը գլէ եւ կ’անցնի ողբերգութեան բոլոր կարմիր գիծերը: Անոր արեան հեղումը արաբական անապատին վրայ ցոյց կուտայ այն ցաւին խորութիւնը, որ քաղցկեղի պէս տարածուած է եւ որուն բուժման համար, ո՛չ նիւթական յատկացումներ ո՛չ ալ փրկագիններ են պէտք:
Խնդրին էութիւնը այլ տեղ է: Այս դէպքերը երկար ժամանակի վրայ եղած կուտակումներու արդիւնք են:
Իսկ Ճէյմս Րայթ Ֆոլին ու անոր ընկերները լեզուակապութեամբ բռնուած եւ անզօր արեւելքին հանգոյցներն են:
Սագօ ԱՐԵԱՆ