Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ISIS-ը նաեւ հակաիսլամն է

Օգոստոս 19,2014 19:22

Անցնող Յունիսէն ի վեր Իրաքի մէջ  մեծ հողատարածքներ գրաւած  ISIS  շարժումին («Իրաքի եւ Շամի Իսլամական Տէրութիւն». որ աւելի ուշ վերակոչուեցաւ «Իսլամական Խալիֆայութիւն») «աստղը» փայլեցաւ «Ալ Քահիտա» շարժումի առաջնորդ   54 տարեկան  Ուսամա Պըն Լատէնի ֆիզիքական լուծարումէն ետք (2 Մայիս 2011):Այդ  օրերուն ոչ ոք գիտէր,թէ ինչ է  ISIS-ը,  որուն անունը առաջին անգամ լսելի դարձաւ ոչ թէ Իրաքի այլ Սուրիոյ մէջ: Սուրիական Սիւննի մեծամասնութիւն ունեցող Ռաքքա քաղաքը դարձաւ շարժումին գլխաւոր կեդրոնատեղին: Շարժումը, որ  Սուրիոյ տարբեր ճակատներուն վրայ մասնաւորաբար կռուեցաւ Սուրիոյ այլ ընդդիմադիր ջոկատներուն դէմ  անցեալ 10 Յունիսին անսպասելի եւ արագ գործողութեամբ մը իր ժանիքները տարածեց Իրաքի Մուսէլ, Նինուէ եւ Թիքրիթ շրջաններուն վրայ:

Գլխաւորաբար Սիւննի իսլամներէ բաղկացած  զինեալներուն համար կարմիր գիծեր գոյութիւն չունին: Խաղի կանոններ գրեթէ չկան: Խալիֆայութեան վերածուած շարժումին համար խիղճ, սկզբունք, Իսլամական կրօնքի յատուկ  գթասիրտութեան օրէնքները չեն գործեր:   Այս մօտեցումներով, է որ անոնք դատարկեցին Մուսէլը եւ Սընճար լերան վրայ պաշարեցին Եզիտիները: Անոնք Իսլամութիւնը  պարտադրելու  սպառնալիքը գործի մղելով հարիւրաւոր մարդոց «գլուխը կերան»:

Այս վէրքը անդարմանելի է: Ու ինչքան ալ խօսուի, որ Քրիստոնեաները կրնան ետ Մուսէլ վերադառնալ  այդ մէկը գոնէ այս հանգրուանին երազային է: Հոն կատարուած ողբերգութիւնները գրիչի մէկ հարուածով չեն սրբագրուիր: Նոյնը կը վերաբերի Եզիտիներուն որոնց մասին արդէն տեղեկութիւններ շրջան կ’ընեն, որ արդէն սկսած են հասնիլ Վրաստան (այս մասին գրած է Rudwa.net կայքը):

ISIS###

ISIS-ի  պատմութիւնը նոր չէ, ու այս խնդիրներով հետաքրքրուողին համար պարզ կը դառնայ որ շարժումը ստեղծուած է շուրջ եօթը տարիներ առաջ որպէս հիմք ունենալով «Քահիտա» շարժումէն հեռացած տարրեր  որոնց նիւթական  պէտքերը տրամադրուած են  Իսլամ մեծահարուստներու կողմէ: Միջազգային դրամական համակարգին վրայ կարեւորագոյն ազդեցութիւն ունեցող ԱՄՆ-ի քթին տակ եղած նիւթական փոխանցումները (նկատի ունիմ Եւրոպական երկիրներէ դէպի Իրաք փոխանցուող գումարները) անցեալ Յունիսին կազմած են 27  Միլիոն Եւրո  եւ ըստ «Ալ Սաֆիր» թերթի յօդուածագիր Ալի Այաշին այդ փոխանցումները կը կատարուին միջազգային դրամատան (World Bank) հովանիին տակ գործող Swift  համակարգին միջոցաւ:

ԱՄՆ-ի գործող ղեկավարութեան համար համար ներկայ հանգրուանին անփոխարինելի է  «վերակառուցող քաոս»   հանգանակը այնքան ժամանակ, որ այդ մօտեցումին  փոխարինող ձեւաչափ չկայ:Այս  մօտեցումը նաեւ կը կիրառուի յարմարագոյն գիներով  նաւթի պաշարներու  տիրացման համար: Նոյն քաղաքականութեամբ ԱՄՆ  Սիննի-Շիիթ ատելութեան խաղաքարտը Իրանի հետ բանակցութեան սեղանին իբրեւ  նոր ճնշման  միջոց կ’օգտագործէ:

Սոյն հաշուարկներուն դիմաց  զոհերուն թիւը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Զէրօ է մարդկային վարկանիշին թիւը: Ցաւօք ինչքան արիւն կը թափուի այդքան կը դիւրանայ քաղաքական ծրագրին իրականացումը:

Ողբերգականը սակայն Արեւելքի քրիստոնենաերուն  բարձրագոյն ղեկավարութեան խօսելու ձեւն է: Անոնք տակաւին կը հաւատան, որ  կաթոլիկ եկեղեցւոյ   հիմնադիր առաքելեաներուն լեզուով պիտի խօսին: Այսինքն արեան դիմաց պէտք է աղօթել: Արեան դիմաց գեղեցիկ հանդերձանքով պատարագներ կատարել եւ սրտաճմլիկ քարոզներ կարդալ:

Իրաքի «Ալ Րաֆիտին» (Իրաքեան խորհրդրանի Քրիստոնեայ Պլոք)  խմբակցութեան  նախագահ Եոնատիմ Քաննա, ամիսներ առաջ Լիբանան այցելելով հանդիպումներ ունեցած Լիբանանի Քրիստոնեայ (հիմնականին մէջ Մարոնի) ղեկավարներուն հետ ու իրազեկելով ընդհանուր իրավիճակը վերադարձած է ձեռնունայն: Այս ճիգին դիմաց Քրիստոնեաներուն այսօրուան լացը պէտք է  կոկորդիլոսի արցունք համարել: Երբ վտանգը եւ արեան հոտը մեր քթերուն մէջ է ապա ինչ կը նշանակէ արեան հեղեղին առջեւ ձեռնածալ մնալ: Քրիստոնէական որ մատեանին մէջ գրուած է ասիկա:

Քաղաքական գետին վերադառնալով պէտք է արձանագրել, որ Նուրի Ալ Մալէքիի իշխանութիւնէն հեռանալը կը նշանակէ , որ Իրաքի մէջ նոր հանգրուան մը բացուած է: Պէտք է նաեւ  ընդգծել, որ Սիւննի աշխարհին ամէնէն ազդեցիկ երկրին Սէուտական Արաբիոյ համար  ընդունելի չեն  Իսլամին անունով Իրաքի մէջ (եւ ոչ միայն Իրաքի) արձանագրուող ոճիրները: Ու հակառակ անոր , որ բոլորը լաւ գիտեն որ   ISIS կամ «Ալ Քահիտա» Իսլամը   չի ներկայացնէր  արեւմուտքի  լրագրողներէն շատեր  գիւտ մը կատարած ըլլալու  ճիգով  կը փորձեն կապ մը գտնել Սէուտական Արաբիոյ եւ ծայրայեղական Իսլամներուն միջեւ:

Իրան , որ փորձեց մեծ ազդեցութիւն ունենալ Իրաքի վերջին դէպքերուն վրայ  այսօր վերադիրքաւորման խնդիր ունի: Շատ մը վերլուծողներ   այս մասին խօսելով հաւաստած են, որ նախագահ Հասան Րուհանի մտադիր է  «Յեղափոխութեան պահակներ»ու «Երուսաղէմի ջոկատ»ի գլխաւոր ղեկավար եւ րատիքալ մօտեցումներով յայտնի   Զօր. Քասէմ Սուլէյմանին տուն ղրկել: Այս քայլը կարեւոր ցուցանիշ պիտի ըլլայ մանաւանդ Թեհրան- Րիատ կապերու աշխուժացման առումով:

Կը մնայ հարց տալ, որ արդեօ՞ք Մուսէլը, Նինուէն եւ Թըքրիթը «Տահէշ»ի  վերացումին առաջին կայանները պիտի ըլլան: Քաղաքական բոլոր միաւորները այդ մասին կը խօսին  ու ասոր դիմաց կը մնայ զինուորական գետնի վերջնական վճիռը : ISIS-ի Կատարած ամէնազզուելի սպանդները աններելի են:Նոյնքան աններելի է նաեւ Իսլամը  եւ ISIS-ը նոյննացնելու փորձերը:

Մեր նախահայրերէն շատ- շատեր մահէն փրկուեցան,  պահուեցան,  ապրեցան, խնամուեցան եւ  գաղթականի կարգավիճակէն դուրս եկան Իսլամներուն շնորհիւ: Տէր Զօրի, Հալէպի եւ Պէյրութի Սիւննի եւ Շիիթ իսլամները  հաց եւ ջուր տուին մեր նախահայրերուն :Անտարբեր մնալ արեւմուտքի եւ յատկապէս ամերիկեան ՝ Իսլամը եւ ISIS-ը նոյնացնելու փորձերուն մեղմ ասած մեղսակցութիւն է:

Իսլամին հետ երկար կեանք ապրած  յատկապէս արեւելքի Քրիստոնեաները անցեալը ուրանալու իրաւունք չունին: Չենք կրնար արեւելքը առանց Իսլամի պատկերացնել:Ու յատկապէս առանց չափաւորական Իսլամին մենք բոլորս կրնանք նոր քաոսներու  մէջ յայտնուիլ:

 

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Վալոդ says:

    «Տէր Զօրի, Հալէպի եւ Պէյրութի Սիւննի եւ Շիիթ իսլամները հաց եւ ջուր տուին մեր նախահայրերուն:»

    Ուղղում։ Իսլամ ընդունած բայց Իսլամով վերջնականապես չախտահարված մարդիկ հաց եւ ջուր տուին մեր նախահայրերուն:

    «Անտարբեր մնալ արեւմուտքի եւ յատկապէս ամերիկեան ՝ Իսլամը եւ ISIS-ը նոյնացնելու փորձերուն մեղմ ասած մեղսակցութիւն է: »

    Իսկապե՞ս։ Կարդացեք Ղուրան, կարդացեք Արևելքի Իսլամացման արյունոտ պատմությունը։

    «Չենք կրնար արեւելքը առանց Իսլամի պատկերացնել:Ու յատկապէս առանց չափաւորական Իսլամին մենք բոլորս կրնանք նոր քաոսներու մէջ յայտնուիլ:»

    Մարդիկ, որոնք դեռ վերջնականապես իրենց խիղճը չեն կորցրել ընկղմվելով Ղուրանի սատանայապաշտ բարբաջանքների գիրկը, հանդիսանում են ձեր նշած Չափաւորական Իսլամի կրողներ։

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031