Իրաքեան խորհրդարանի Եզիտի անդամ Վիան Տախիլի ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անորոշ: Երէկ Եզիտիներւ «Սընճար» լերան մօտ օժանդակութիւններ բաշխող ուղղաթիռ մը որուն մէջ կար նաեւ կին երեսփոխանը ենթարկուած էր յարձակման, որուն հետեւանքով ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկ հոգի զոհուած էր: Տախիլ ծանր կերպով վիրաւորուած էր եւ անոր ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը մնայ անորոշ:
Յիշեցնենք, որ Իրաքեան խորհրդարանին մէջ Եզիտի պատգամաւորը քանի մը օր առաջ բողոքի ձայն բարձրացուցած էր, կառավարութիւնէն պահանջելով արագօրէն դէմ դնել իր ըսելով Իրաքի Եզիտիներուն ջարդին: Ըստ լրատուական աղբիւրներու աւելի քան Հինգ Հարիւր Եզիտիներ ողջ-ողջ թաղուած են Մուսէլ քաղաքին մէջ որ կը գտնուի ծայրայեղշական «Տահէշ» (ISIS) խմբաւորման տիրապետութեան տակ:
Սագօ Արեան