Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Օպամա հայրիկ մեզի շաքար (կոնֆէտ) նետէ ….

Օգոստոս 12,2014 11:41

Հայրս մանրավէպ մը գիտէր Ստալինի մասին: Ամէն անգամ, որ Հայաստանէն ընկերներ Պէյրութ գային անպայման պիտի ուզէր այդ մանրավէպը պատմել: Իր համար շատ կարեւոր էր, որ հայաստանցի ծանօթներս լաւ լսեն մանրավրէպը եւ քանի մը դժգոհ բառ ըսեն խորհրդային կարմիր կարգերուն մասին:

Մանրավէպը կարեւոր չէ: Կարեւորը աս նախադասութիւնն է՝

«Ստալին պապա շաքար (կանֆէտ) նետէ՜ մեզի …» Ու նոյն յանկերգը կը կրկնէր թրքերէնով:

Հիմա Իրաքի Եզիտիները որոնք Սընճար լերան քարայրներուն մէջ պահուըտելով մահուան դէմ կը պայքարին (կամ իրենց մահը կը սպասեն) նոյն մանրավէպը կը պատմեն իրարու : Միայն, թէ անունները փոխուած են ու այսօր նետուածը (կամ նետուելիքը) ամերիկեան ջուրի կերպընկալէ շիշեր են, ամերիկեան հաց եւ ամերիկեան պանիր: Անոնք կը գոչեն

«…Օպամա հայրիկ հաց նետէ մեզի»:

Մեր ինքնագոհ ու սառնասիրտ հայացքներուն դիմաց Եզիտները կրնան ջարդուիլ: Եզիտիներուն թիւը չի գերազանցէր 700 հազարը: Անոնց գլխաւոր հատուածը կ’ապրի (կ’ապրէր) Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Սընճար լեռնային հատուածին մէջ: Եզիտիները որպէս համայնք կազմաւորուած են 11-րդ դարուն Օմայատ Շէյխի մը կողմէ, որուն անունն է՝ Շէյխ Ատի Պըն Մուսաֆէր Ալ Հաքքարի:

Շէյխին գերեզմանատունը կը գտնուի Մուսէլի մօտ եղող «Լալէշ» աւանին մէջ,որ երկար տարիներ որպէս ուխտավայր կը ծառայէր Եզիտներուն համար, բայց վերջին տուեալներուն համաձայն քաղաքը այսօր դարձած է Իրաքցի գաղթականներու կեդրոնատեղի: Եէզիտիներու կրօնական հաւատալիքները հիմնուած են Արաբական նախաիսլամական ուսմունքներուն եւ զրադաշտական (Իրանեան զրադաշտական) հաւատալիքներուն վրայ եւ անոնց հիմքը հոգեփոխութիւնն է (Reincarnation):

Անոնց կրօնական ծէսերը մօտ են Իրանի մէջ ապրող զրադաշտականներուն: Օրինակ «Վերջին օր» անունը կրող արարողութեան հիմնական միտքը մոմ վառելով խաւարին դէմ յաղթած ըլլալու խորհրդանշական արարողակարգն է:

Վերադառնալով նիւթին, յօդուածը գրելու պահուս ստացածս վերջին հեռախօսային հաղորդագրութիւնը կ’ըսէ, որ «Տահէշ»ի արիւնարբուները կը սպառնան «Սանճար» լեռնային բնակավայրերու մէջ գտնուող 300 հարիւր Եզիտի ընտանիքներու «գլուխը ուտել»:

Յունիսին, երբ «Տահէշ» իր արշաւանքը սկսաւ եւ Մալէքիի ուժերուն դասալքութեամբ Մուսէլը գրաւեց, հայկական նորակառոյց եկեղեցիի մը վրայ հրթիռներ իյնալու մասին լուրերը «հերքել- չհերքել» տեղեկատուուական պատերազմին զոհը դարձան: Կարծէք այդ հերքումը ապահովութիւն պիտի բերէր Մուսէլի հայերուն որոնք բարեբախտաբար բոլորն ալ շրջանէն հեռացան:

Հաւանականութիւնը մեծ է, որ Իրաքեան պատերազմը կրնայ կրօնական բնոյթի պատերազմի վերածուիլ: Իրաքի քրիստոնեները հեռացուեցան: Անոնք մեծ թիւերով Քիւրտիստանի տարբեր քաղաքները հասան: Շիիթ Մալէքի ձեռնածալ դիտեց: Իսկ Քրիստոնեայ «առաքինի» եկեղեցիները կը գոհանան կարեւոր համարուած ժողովներով եւ հարուստ բառապաշար ունեցող հաղորդագրութիւններով:

Նոյն պրիսմակէն դիտելով կ’արժէ վերյիշել Եգիպտոսի Ղըպտիներուն պարագան: Անոնք շնորհիւ իրենց սեփական կամքին եւ քաջութեան կրցան պահպանել իրենց եկեղեցիները: Հոն Սուրբ Հոգին չէր որ գործեց, այլ Ղըպտի երիտասարդներուն բազուկները, որ ի գին տասնեակ զոհերու յաջողեցան 84 Միլիոն բնակչութիւն ունեցող Եգիպտոսի մէջ պահպանել 12 միլիոն Ղպտիներուն ապահովութիւնն ու աւելի քան 2000 եկեղեցիներն ու պատմակերտ վանքերը:

Yezidis

Վատիկանի մասին խօսելով ու հակառակ անոր, որ Քրիստոնեայ հզօրագոյն աթոռը այսօր Ֆրանցիսքուս Պապին նման կարող եւ իմաստուն առաջնորդ ունի ցարդ, ոչ մէկ գործնական ծրագիր դրուած է սեղանին: Այս ուղղութեամբ վերջին տեղեկութիւնը Պապին յատուկ առաքելութեամբ Իրաք Կարտինալ մը առաքելու մասին լուրն է, որ խորքին մէջ արցունքոտ աչքերուն վրայ փոշի ցանելու կը նմանի: Քրիստոնէական համընդհանուր անզօրութեան մը կայ եւ այս երեւելի է բազում դաշտերու մէջ:

Ասկէ վատը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու կրօնապետներն են, որոնք Պէյրութի ամառային շոգէն խոյս տալով բարձրացան Մարոնիներու Տիման վանքը ու կարեւոր համարուած ժողով մը գումարեցին (ի դէպ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մօտ անկարեւոր ժողովներ գրեթէ չկան) եւ գոհացան հոգւոց մը արտասնել եւ հաղորդագրութիւն հրապարակել:

Տեղի ունեցածը սակայն ժողովներով չի լուծուիր: Տեղահանութիւն, հալածանք եւ ջարդ: Արեւելքի մէջ հերթական անիւ մը կը գլորուի: Անիւը գլորողները, որոնք երեւելի են կը կատարեն ոչ երեւելի վայրերէ իրենց տրուած պատուէրը:Անոնք անողոք են, անզիջող եւ բանակցութիւններու լեզուով չեն խօսիր:

Հարցում: Անոնք, որ այսօր ինքնագոհ քարոզներով հանդէս կու գան եւ նոր եկեղեցիի մը կամ սրահի մը բացումը կը կատարեն արդեօք բնաւ մտածած ե՞ն,որ վաղը նոյն այդ հրոսկաները կրնան իրենց փակ դռները թակել: Տահէշն ու անոնց ընկերները դուռ չեն թակեր: Անոնք կ’ատեն մզկիթներու, վանքերու, եկեղեցիններու կամ սրահներու փակ դռները: Կը մօտենան կը հարուածեն, կը սպաննեն, կ’ոչնչացնեն, արիւն կը խմեն եւ «Խալիֆայութիւն» կը հռչակեն: Այս բոլորին դիմաց խօսիլ աղօթքի ու խունկի լեզուով առնուազն յիմարութիւն է եւ յանցանք:

Տահէշի փորձութիւնը «ճաշակած» Նինուէի քրիստոնեաներու ճակատագիրը փոխանցիկ ժահրի պէս է :

Այդ Քրիստոնեաներուն, Եզիտիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն բռնադտումը նուէրի տեսք ունի: Գեղեցկօրէն յարդարուած նուէր մը: Այդ նուէրը խուլ է:Ականջ չունի: Լացի ու ցաւի լեզուէն չի հասկնար: Ու «նուէր»ին ընթացքը ցարդ անկասելի է:

Օրեր առաջ, ԱՄՆ–ի նախագահը խօսելով Տահէշին մասին ըսաւ ՝ «Տահէշի հարցը բաւական բարդ է ու այս խնդրի լուծումը երկար ժամանակի կը կարօտի»: Ուրեմն Նինուէի Քրիստոնեաներ մոռցէ՛ք վերադարձը: Ուրեմն Մուսէլի Հայեր, Ասորիներ, Գաղթէացիներ եւ Ասորիներ մոռցէ՛ք Մուսէլը: Մոռցէ՛ք ձեր եկեղեցիներն ու դպրոցները, ձեր երկիրը, ձեր արտը, ձեր ցորենը, ձեր հացն ու ջուրը մոռցէ՛ք:

Մոռցէ՛ք, որովհետեւ դահիճն ու փրկարար մէկ մետաղադրամի երկու երեսներն են:

Մոռցէ՛ք որովհետեւ Ստալինն ու Պարաք Օպաման նոյն երգերը կը սիրեն: Երանութիւնը որ կայ, ուղղաթիռներով նետուած Ամերիկեան ըմպելի ջուրին եւ հաց ու պանիրին սպասող անտէր մնացած Եզիտիներուն յանկերգն է ՝

«Օմապա հայրիկ մեզի հա՜ց նետէ…

Օմապա հայրիկ մեզի շաքա՜ր (կանֆէտ) նետէ…»:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031