Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Հայկական Երուսաղէմ. դարաւոր անցեալ եւ վտանգուած ապագայ

Օգոստոս 11,2014 11:31

Հարցազրոյց Սաղիմահայ Գաղութի Ակնառու Ներկայացուցիչներէն ՝ Յակոբ Անդրէասեանին Հետ

Խօսակիցս Յակոբ Անդրէասեան Երուսաղէմի գաղութի ճանչցուած ազգայիններէն է: Ան երկար տարիներ եղած է ՌԱԿ-ի անդամ եւ վարած ՝ պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ(Ան եղած է ՌԱԿ-ի շրջանային վարչութեան փոխ ատենապետ): Անդրէասեան, Զէյթունցի Տէր Կարապետ Աւագ Քահանայի (Զէյթունցի Կարապետ) որդին է, որ իր մօրենական կողմի մեծ հօրմէն ժառանգած է յախճապակեայ սպասներու եւ զարդարանքներու պատրաստութիւնն ու առեւտուրը: Անդրէասեանի համար Արաբ- Իսրայէլեան բաւական բարդ հակամարտութեան ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները իր առօրեայ կեանքին մաս կը կազմեն:

Գիտէ Իսրայէլ պետութեան խնդիրները եւ կը հասկնայ Կազայի խնդիրներուն ամէն խորքային հարցերը:Բայց ասոնցմէ անդին անոր համար ամէնէն հիմնականը հայութեան առաջ ցցուած հարցերներն են: Այս առումով ան կ’ըսէ «Ինծի համար հիմնականը հարցերուն հայութեան ակնոցով նայիլն է: Եթէ տուեալ խնդրին մէջ մեր ժողովուրդին օգուտ կայ ապա ես այդ խնդրին կրողն եմ:» Անոր համար նաեւ կարեւորագոյն հիմնահարց է Երուսաղէմի հայութեան այսօրուան իրավիճակը, որն իր կարծիքով այսօր մոռցուած է հայութեան կողմէ:Կազայի վերջին պատերազմին ,«Համաս»ի մօտեցումներիւն , Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայկական կալուածներու կարեւորագոյն խնդրին մասին զրուցեցի Յակոբ Անդրէասեանին հետ: Ահաւասիկ մեր զրոյցը:

gaza

-Պրն. Անթրէասեան կ’ենթադրեմ, որ այս 10-րդ պատերզամն է որուն ականատես կ’ըլլաք: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդահուր իրավիճակը:

Այսօր ընթացող պատերազմը բոլորովին տարբեր է նախօրօք տեղի ունեցած պատերազմներէն: Այն իմաստով, որ պատերազմը տեղի կ’ունենայ Իսրայէլի եւ Իսլամական խալիֆայութեան տենչացող եւ Պաղեստինեան Կազա շրջանին վրայ տիրապետութիւն հաստատած «Համաս»ի զինուորական թեւին դէմ:«Համաս» նոյնիսկ չէ հետաքրքրուած Պաղեստինով այլ ան մաս կը կազմէ ծայրայեղ Իսլամական ընդհանուր ծրագրի մը որուն սահամանները կ’երկարին մինչեւ Իրաք եւ Սուրիա:

jerus pat

-Տեղեկութիւններ կան, որ «Համաս» մեծ ճնշումներ կը կիրարկէ Կազայի ժողովուրդին վրայ:Որքանով ճիշդ է այս տեղեկութիւնը:

Այ՛ո այդպէս է:Կրօնական որեւէ իշխանութիւն բնակաբանաբար ճնշուածութիւն պիտի ստեղծէ տուեալ հատուածի մը մէջ: Ու այս խօսքը կը վերաբերի նաեւ Կազային: Հոն իշխանութիւնը կրօնական է եւ այդ մէկը բնականաբար ճնշուածութիւն կը ստեղծէ:

jerusalem pat###

-Երէկ Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փէրէս յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած է, որ Արաբական աշխարհը այլեւս նեցուկ չի կանգնիր «Համաս»ին:Ի՞նչքանով ճիշդ է այս խօսքը:

Մասամբ ճիշդ է որովհետեւ Արաբական պետութիւնները բոլորն ալ լուրջ տագնապներ կ’ապրին: Կարծեմ լաւ գիտէք, որ Իրաք եւ Սուրիա ինչ պայմաններու տակ են: Իսկ մնացեալ բոլոր պետութիւնները մինչեւ Հիւսիսային Ափրիէկէի Արաբական պետութիւնները յայտնուած են շատ թոյլ վիճակներու մէջ: Արաբներու մեծամասնութիւնը նպատակայարմար կը տեսնէ, որ «Համաս»ի զինուորական ուժը ջլատուի:

Jerusalem patr

-Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Իսրայէլի մասին

Իսրայէլի վիճակը նոյնպէս նախանձելի չէ: Նաթանիահույի կառավարութիւնը այսօր լուրջ տագնապի առջեւ է: Այն իմաստով որ, անոր դէմ ցցուած թշնամին բոլորին այլ որակի թշնամի մըն է :

jerusalem patr##

-Կրնա՞ք քիչ մը մանրամասնել:

Իրավիճակը բացատրելու համար այստեղ պիտի ուզէի մէջբերել Իսրայէլի յայտնի պաշտպանութեա նախարարներէն՝ Մոշէ Տայանի խօսքը, երբ ան առիթով մը ըսած է ՝ «Վախցէ՛ք այն ատեն երբ Արաբը մեռնիլ կը սորվի»

-Այսի՞նքն

Գիտէք այսօրուան Պաղեստինցին, որ կը ճակատի Իսրայէլի դէմ ուրիշ է անցեալի Արաբէն:Բոլորդ կը հետեւիք մէտիային ու կը տեսնէք, որ անչափահաս երեխաներ փողոց իջած են պայքարելու համար: Օրինակ օրեր առաջ ցոյց տուին 8-9 տարեկան երեխայ մը, որ կը պոռար Իսրայէլացի զինուորի մը վրայ հարց տալով թէ, «ո՞վ ես դուն եւ ինչի վստահելով կը պոռաս վրաս»:

Պատկերացուցէք երբ 1967-ին Իսրայէլեան բանակը Արաբական շրջաններ մուտք կը գործէր անոնք (Արաբները.-Ս.Ա.) Իսրայէլացի զինուորին անունը լսելով դող կ’ապրէին: Սակայն այսօր իրավիճակը բոլորովին փոխուած է: Արաբը իր աչքերուն առած է մահը եւ ինք իրեն հարց կուտայ ինչ տարբերութիւն, եթէ այսօր մեռնիմ կամ վաղը: Արաբին համար այսօր կարեւորագոյնը իր պայքարի շարունակութիւնն է:

-Քաղաքական գետնի վրայ ի՞նչպէս կը գնահատէք Իսրայէլի վիճակը:

Իսրայէլի տագնապը նաեւ քաղաքական հիմք ունի որովհետեւ այսօր ան չունի անցեալի առաջնորդները:Այսօր Իսրայէլը ղեկավարող անձնաւորութիւնները անցեալի ուժականութիւնը չունին: Մօտիկ անցեալին Իսրայէլի համար կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած ղեկավարներ ինչպիսին էին ՝ Մոշէ Տայանը, Կոլտա Մայիրը, Մէնահիմ Պէկինը եւ Պէն Կորիոնը չկան այսօր:

Սիոնիզմը ինքը լուրջ տագնապի առջեւ է եւ այդ տագնապը բոլոր գետիններու վրայ երեւելի է: Այս բոլոր պատճառները թուելէ ետք պէտք է ըսել, որ Իսրայէլ նախանձելի վիճակ մը չունի հակառակ անոր որ միջազգային հարթակին վրայ անուրանալի է, որ Իսրայէլեան լոպիները շատ մեծ տնտեսական, ապահովական, ընկերային եւ քաղաքական ազդեցութեան գօտիներ ունին:

-Կազայի այս պատերազմին առընթեր եւ հակառակ ընթացող բանակցութիւններուն տակաւին դժուար է ըսել, որ շրջանը հաւանական հրադադարով մը ամբողջական խաղաղութեան հանգրուան մը պիտի մտնէ: Ի՞նչպէս կը գնահատէք իրավիճակը մանաւանդ, որ վարչապետ Նաթանիահու յայտարարած է, թէ ի գին ամէն ինչի Իսրայէլեան բանակը հիմնովին պիտի քանդէ Կազայի գետնային անցքերը:

-Տեսէ՛ք, Իսրայէլեան բանակին համար գերխնդիրը Կազան գրաւելը չէ: Այլ Կազայի գետնային անցքերուն քանդումը: Նկատի առէք նաեւ, որ Կազան գրաւելու համար Իսրայէլեան բանակը կրնայ մի քանի հազար զոհ տալ բան մը բ, որուն պատրաստ չէ, ո՛չ կառավարութիւնը ո՛չ ալ ժողովուրդը: Ու հակառակ անոր, որ Իսրայէլ մեծ թիւով բանակային զօրքեր կուտակեց Կազան ցամաքային գրաւման չենթարկեց:

-Այսինքն Իսրայէլ պիտի կարողանա՞յ գետնային անցքերը քանդել:

Կ’ենթադրեմ այո պիտի կարողանայ: Նկատի պէտք է առնէք նաեւ Եգիպտոսի կեցուածքը, որ նաեւ համամիտ է, որ «Համաս»ի համար կարեւորագոյն խաղաքարտի վերածուած նկուղները քանդուին:

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Իրանի Իսլամական հանրապետութեան կողմէ Իսրայէլի հասցէին հնչեցուած սպառնալիքները:

Ես լուրջի չեմ առներ այդ սպառնալիքները: Իսրայէլի համար աւելի հեշտ է կռուիլ կանոնաւոր բանակի մը դէմ քան Կէրիլայական խումբերու եւ Միլիցներու դէմ: Իսրայէլ կրնայ մինչեւ ծայր երթալ ու նոյնիսկ հարուածել Իրանեան դիրքեր: Ան նոյնիսկ պատրաստ է անսպասելի ու ծայրայեղ քայլերու դիմելով ամբողջ շրջանը «այրել»:

-Այս վերջին պատերազմին Արեւմտեան մամուլը եւ յատկապէս Իսրայէլամէտ տարբեր աղբիւրներ յաճախ կը խօսին այն մասին, որ «Համաս» Կազայի խաղաղ բնակչութիւնը որպէս մարդկային վահան կը գործածէ (Human Shields): Ի՞նչքանով ճիշդ են այս տեղեկութիւնները:

Նոր չէ այս մեթոտը նոյն մեթոտը կը գործածէին Իսրայէլացի ղեկավարներ:Օրինակ 1940-ականներուն Իսրայէլեան բանակի ատաղձը կազմող «Էթցէլ» եւ «Հականա» ջոկատները այդ ձեւը կը կիրարկէն: Այս առումով քանի մը օր առաջ նկատեցի, որ Պաղեստինցի զինեալներ Իսրայէլեան տարածքներու ուղղութեամբ հրթիռներ կ’արձակէին ու անոնց մօտ կանգնած էր կրօնաւոր մը եւ մի քանի երեախներ: Իրօք ի՞նչ գործ ունին այդ անմեղ երեխաները հոն: Այս ի՞նչ կը նշանակէ: Յետոյ կը խօսուի, որ Կազայի տակ գետնափոր երկրորդ Կազա մը գոյութիւն ունի: Եթէ այդպէս է, ապա ի՞նչու «Համաս» իր ժողովուրդը այդ ապահով տեղերը չառաջնորդեց:Կամ ինչպէս ընդունիլ մզկիթները զինապահեստանոցի վերածելն ու նոյնիսկ անոնց (մզկիթներու-Ս.Ա.) մէջ գետնային անցքեր բանալը:

Զարմանալի չեն այս բոլորը որովհետեւ «Համաս»ին համար գետնային անցքերը որպէս տնտեսական գործօն կը ծառայեն: Մինչեւ վերջերս կը խօսուէր, որ անցքերը աւելի քան 15.000 Ամերիկեան Տոլարով կը վաճառուէին ու անցքերու «առեւտուրը» կը կատարուէր միայն «Համաս»ի կողմէ: Այսօր Կազայի մէջ դէպի Եգիպտոս բացուած 1300 գետնային անցքեր կան ու այդ անցքերուն շնորհիւ «Համաս» զէնք փոխադրելէ զատ նաեւ առեւտրական գործառքներ կը կատարէ: Գաղտնիք ալ չէ, որ «Համաս»ի ղեկավարները նիւթական մեծ եկամուտներ կ’ապահովեն այդ անցքերուն միջոցով մանաւանդ, որ Կազան տարիներէ ի վեր տնտեսական լուրջ պաշարման տակ է:

-Կարելի՞ է քիչ մը Հայկական Երուսաղէմի մասին խօսիլ:

Երուսաղէմի հայերուն համար շատ կարեւոր է, որ հայութեան բոլոր հատուածները մօտէն կը հետեւին այն շրջաններուն իրավիճակին ուր մեր ժողովուրդը տագնապահար է: Այսինքն դրական կը գնահատենք հայութեան հետաքրքրութիւնը Հալէպի, Քեսապի, Դամասկոսի կամ այլ շրջաններու հանդէպ, ուր մեր ժողովուրդը ամէնօրեայ մահ ու կենաց պայքար կը մղէ: Այդ համայնքներուն վիշտը նաեւ մեզի կը տագնապեցնէ: Բայց Պէտք չէ մոռնալ, որ 1930-ականներէն սկսեալ Երուսաղէմի հայութիւնը կ’ապրի բաւական լարուած ու վտանգաւոր վիճակներու մէջ:Հիմա երբ արդէն պետականութիւն ունինք ժամանակը չ՞է որ մեր պատասխանատու մարմինները լրջագոյնս մօտենան Երուսաղէմի հայութեան:

Գաղտնիք չէ, որ մեր ակնկալութիւնները նիւթական չեն այլ մենք կարիքն ունինք բարոյական եւ քաղաքական նեցուկի: Մեր կացութիւնը այսօր բաւական ծանր է: Կ’ապրինք անապահով վիճակներու մէջ ու չմոռնանք որ, Երուսաղէմի դիրքը ոչ միայն հայութեան այլ ամբողջ աշխարհին համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի: Հայութիւնը կանգնած է երկու հզօր եկեղեցական աշխարհներու միջեւ ու մենք որպէս ամէնէն հին համայնքներէն մին համահաւասար իրաւունքներ ունինք Կաթողիկէ եւ Յոյն Ուղղափառ դարաւոր եկեղեցիներուն հետ:

-Ձեր խօսքէն արդեօ՞ք պէտք է հասկնալ, որ Սաղիմահայութեան ապագան վտանգուած է:

Բնականաբար կան վտանգներ մանաւանդ, որ Կազայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով ամբողջ երկրին մէջ սուր լարուածութիւն կը տիրէ: Եւ այս առումով մենք կը փորձենք միշտ զգոյշ ըլլալ մեր շրջագայութիւններուն մէջ :Սակայն մեզի համար աւելի լուրջ սպառնալիք է կալուածներու հարցը:

-Կարելի է՞ մանրամասնութիւններ տալ

Օրինակ մենք հզօր կալուածներ ունինք Երուսաղէմի մէջ (խօսակիկցս բնականաբար նկատի ունի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ եղած կալուածները.- Ս.Ա.) եւ հայութեան թիւի նօսրացումով այդ կալուածներու վիճակը կրնայ վտանգի մատնուիլ: Պէտք է նաեւ նկատի առնել, որ մեր մօտ համայնքային որեւէ վէճի պարագային Իսրայէլի կառավարութիւնը նեցուկ կը կանգնի Յունական պատրաիարքութեան պարզ անոր համար, որ անոր կարեւորագոյն կառոյցները կառուցուած են Յունաց պատրիարքութեան հողերուն վրայ:

Օրինակ Իսրայէլի Քնէսէթը (Խորհրդարան-Ս.Ա) ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի գլխաւոր թանգարանն ու տասնեակ այլ կարեւոր կառոյցներ եւ կառավարական շէնքեր կառուցուած են Յունաց պատրիարքութեան կալուածներուն վրայ:Իսրայէլի համար կարեւորագոյն խնդիր է այդ հողերուն տիրանալը եւ ատոր համար Իսրայէլի կառավարութիւնները միշտ դրական մօտեցում ունին Յոյներուն հանդէպ: Գալով Յունական կողմին անոնք որեւէ ատեն եւ իրենց պատրիարքին կողմէ եղած անակնկալ եւ անսպասելի ստորագրութեամբ մը կրնան այդ հողերը զիջիլ: Այս է ընդհանուր պատկերը այսօր ու այս առումով պէտք է Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ամբողջ սփիւռքը պէտք է ուշադիր աչքերով նային Երուսաղէմի հայոց կալուածներու խնդրին:

Մի զարմանաք եթէ օր մը Յոյները Իսրայէլի կառավարութիւնէն պահանջեն հայերը հեռացնել իրենց շրջաններէն եւ ատոր դիմաց իրենք իրենց կալուածները Իսրայէլին տրամադրեն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը այդ ատեն: Ասոր համար է, որ կ’ըսեմ թէ մենք վտանգուած ենք: Բայց ցաւօք ես մօտեցման լրջութիւն չեմ տեսներ հայկական պատասխանատու մարմիններուն մօտ: Ու զարմանալի է, որ երբ անոնցմէ շատեր Երուսաղէմ կ’այցելեն կը հիանան, կը զարմանան, կը հպարտանան ու այդ հպարտութիւնը հոս Երուսաղէմի մէջ ձգելով կը հեռանան … Այս է հիմնական մտահոգութիւնս:

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031