Այսօր, Չորեքշաբթի 30 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան` ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի Ճալլաա շրջանին մէջ ինկած հրասանդի պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Սոնա Պալըքեանը, իսկ յետմիջօրէին, Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, Զուարթնոց եկեղեցւոյ կողքին ինկած հրասանդի պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Ազնիւ Արուշեանը եւ վիրաւորուեցան` Ժիւլիէթ Խաչատուրեանը, Գէորգ Թաշճեանը, ՌաՖՖի Այվազեանը, Յովհաննէս Այվազեանը, Յակոբ Յակոբեանն ու Գէորգ Գալեմճեանը:
Աւելի ուշ Գէորգ Գալեմճեանը կնքեց իր մահկանացուն:
Այս մասին Եռագոյն-ին կը հաղորդէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
«ԵՌԱԳՈՅՆ»