Կիրակի 29 Յունիս 2014-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Վերակազմեալ Կուսակցութեան (Ժ.Դ.Կ.-HDP) առաջին համագումարը: Համագումարին եկած էին Եւրոպայէն Անոնց շարքին էր նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը: Այս առթիւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անունով Համագումարին ողջոյնի ուղերձը փոխանցեց կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան: Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Ժողովականները քանի մը անգամ ծափողջոյններով եւ խանդավառ բացագանչութիւններով ընդհատեցին ընկերոջ ելոյթը:
Պաշտօնական ժողով մը տեղի ունեցաւ Ս. Դ. Հ.Կ.-ի, Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (Ժ.Դ.Կ.-HDP) եւ Ընկերվարական Վերակազմեալ Կուսակցութեան (Ը.Վ.Կ.-SYKP) ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ Ժ.Դ.Կ.-Ս.Դ.Հ. կուսակցութիւններու գերագոյն մարմիններու հանդիպման եւ յառաջիկային 2015 թուականին Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առնչուած հարցեր: Ընթացքին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ընկ. Քէօշկէրեանի եւ Անգարայի մէջ ապրող հայ մտաւորականներու եւ բարեկամներու միջեւ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը զոր թրքերէնով ընթերցեց ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան:
Յարգելի բարեկամներ,
Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Սոցիալ-դեմոկրատական գաղափարները տարածած առաջին կուսակցութեան անունով կþողջունեմ այս համագումարը: Շուրջ 125 տարի առաջ, երբ Հնչակեան Կուսակցութիւնը մուտք գործեց Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս, երբ համիտեան բռնատիրութեան տակ կրօնամոլութիւնը եւ ազգայնամոլութիւնը կը տիրէին, կուսակցութիւնը իր ծրագիրին մէջ դրած էր երկու նպատակ. առաջինը` ազգային-ազատագրական զինեալ պայքար, որովհետեւ այդ կը թելադրէր Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն` որպէս մարդ ապրելու ձգտումը: Հնչակեաններս ասոր միացուցինք ընկերային ազատագրութիւնը: Օսմանեան կայսրութեան մէջ այս գաղափարին գործադրութեան հնարաւորութիւնը տրուեցաւ 1908-ի
սահմանադրութենէն ետք, երբ “Ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան” լոզունգին տակ Իթթիհատ Վէ Թերաքքը Կուսակցութիւնը հասաւ Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութեան: Առանց հաւատալու անոր, ստեղծուած նոր կացութենէն ելած Հնչակեաններս վար դրինք ազատագրական պայքարի մեր զէնքը եւ ամբողջապէս նուիրուեցանք նոր Թուրքիան բարեփոխելու ընկերային եւ քաղաքական պայքարին: Այդ պայքարը շատ հարուստ է, բայց մինչեւ այսօր պատմութեան մէջ լիովին մեկնաբանուած չէ: Միայն ըսենք, որ Հնչակեան երեսփոխան Մուրատի (Համբարձում Պոյաճեան) միջոցով է որ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով արծարծուեցան կանանց աշխատանքի իրաւունքին, անչափահասներու աշխատանքին, պարտադիր միջնակարգ կրթութեան, տուրքերու յառաջատուական ձեւին մասին գաղափարներ: Հնչակեան գործիչ Գարեգին Կոզիկեանի միջոցով է որ հիմնադրուեցան առաջին սենտիքաները եւ տօնակատարուեցան առաջին Մայիս 1-ի տարեդարձները: Տակաւին կարելի է երկարել այս շարքը:
1915 թուականը կացինի հարուած հասցուց այս շարժումին: Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան: Ասոր զուգահեռ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ենթարկուեցաւ դատարանի եւ իր ղեկավարութիւնը զոհ տուաւ Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, Վանի բանտին ու տարբեր քաղաքներու մէջ:
Այսօր, հայ ժողովուրդի մեծագոյն հարցը կը մնայ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ փոխահատուցումը:
Կարդացեք նաև
Այս ճամբուն վրայ, Հնչակեաններս խորին շնորհակալութիւն ունինք բոլոր անոնց` յատկապէս թուրք եւ քիւրտ բարի մարդոց հանդէպ, որոնք արհաւիրքի այդ ծանր օրերուն, վտանգելով նոյնիսկ իրենց կեանքը, օգնութեան ձեռք մեկնեցին անտէր ու անօգնական, ջարդուելու ստոյգ վտանգին տակ գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Մենք շնորհակալական խորին զգացում ունինք այն ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն, որոնք մեր բռնագաղթած ժողովուրդը ընդունեցին եւ անոր գոյատեւման ու զարգացման պայմաններ տուին:
Առանձնաբար ողջոյնի խօսք ունինք ըսելիք ազատախոհ եւ արդարամիտ այն մտաւորականներուն եւ կուսակցութիւններուն, որոնք քաջութիւնը ունին առերեսուելու պատմութեան հետ եւ յանուն ճշմարտութեան ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Այսօր, ես եւ իր հերոսական անցեալով ծանօթ իմ պատկանած կուսակցութիւնս կը գտնուինք այդ քաջարի եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող կեցուածքը որդեգրած կուսակցութեան դիմաց:
Մեր փոխգործակցութեան կարճ ժամանակի փորձը մեզ համոզեցին որ իր կեցուածքներուն մէջ համոզուած ու հետեւողական է:
Ուստի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով կþողջունեմ Ընկերվարական Վերակազմեալ Կուսակցութեան համագումարը: Անոր կը մաղթեմ յաջողութիւն իր քաղաքական եւ ընկերային նպատակներուն մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին կը մաղթեմ, որ այս բարեկամական յարաբերութիւնը դառնայ նախադէպ մը հայ-թուրք յարաբերութեան մէջ նոր ուղիներու որոնման համար: Յարաբերութիւն մը, որ կրնայ միայն հիմնուած ըլլալ արդարութեան եւ ճշմարտութիւնները ընդունելու սկզբունքներուն վրայ: