Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հալէպի կացութիւնը ցայսօր կը շարունակէ ծանրագոյնը մնալ

Հունիս 18,2014 10:08

Սուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, յատկապէս Անցնող երեք տարիներուն՝ սուրիահայութիւնը իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք։
Սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր երկրին եւ համայնքին, իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային, մշակութային ու մարզական կեանքին։
Այսօր, Քեսապի ազատագրումի ուրախութեամբ համակուած՝ կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, բայց մանաւանդ՝ Ծովափի շրջանի հայութիւնը եւ այս առթիւ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Բանակին, որ բազում զոհողութիւններով Քեսապը վերադարձուց հայրենիքի գոգը։
Սուրիոյ տարածքին տիրող դժուար իրավիճակներուն մէջ, Հալէպի կացութիւնը ցայսօր կը շարունակէ ծանրագոյնը մնալ։ Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մէջ մասնաւորապէս, իրագործուած բարբարոսութիւնները, իրենց ահաւոր հետեւանքները ունեցան հալէպահայուն համար թէ՛ հաւաքական, թէ՛ անհատական իմաստներով։
Այս տաժանելի կացութեան մէջ եւս սուրիահայութեան մայրաքաղաքը համարուող հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ իր գոյերթը, կը շարունակէ յուսալով՝ տոկալ, խրախուսանքով՝ դիմանալ եւ վերանորոգ եռանդով ու կորովով դէպ առաջ ընթանալ։
Քեսապի ազատագրումը յոյս ներշնչեց հալէպահայութեան, առ այդ, յաղթանակի ճանապարհը դէպի Հալէպ առաջնորդուելու ակնկալութեամբ յուսադրուած՝ վերականգման ծրագիրներու մշակման փորձերը հաստատումի հանգրուան փոխադրելու մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

Հալէպի վերակառուցման աշխատանքները գործնականացման հարթակ ուղղելու ժամակայան հասած ենք։ Այսօ՛ր, հրամայականի ուժգնութիւն կը ստանայ օժանդակութիւնները Հալէպի վրայ կեդրոնացնելու պարագան։
Արդ, կ‏þակնկալենք մեր հայրենակիցներէն, որ մեզի հետ ձեռք-ձեռքի՝ մեր յուսադրութիւնը առաւել ամրացնեն եւ օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելով հալէպահայ համայնքի վերաշէնման եւ վերակենդանացման նպատսեն։

Հալէպը միայն հալէպահայութեան օրրանը չէ, այլ՝ Արեւմտահայաստանէն բռնագաղթած ողջ հայութեան։ Այդ սրբազան երկրէն բերուած ազգային արժէքներու շնորհիւ է, որ համայնքը այսօր այսքա՛ն հայկականութեամբ կը շարունակէ գործել։
Հալէպի յաղթանակին աւետիսը լսելու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալը՝ նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։

Յուսադրուած ենք, որ մեր ակնկալութիւններուն համապատասխան արձագանգ պիտի գտնենք։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Հալէպ, 16 Յունիս 2014

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30