Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութիւնը՝ խանգարեց Աթէնքի մէջ ազերիական համերգի կազմակերպումը

Հունիս 10,2014 15:40

Ջուղայի հայկական գերեզմանատան դէմ ազերիներու բարբարոսութիւնը ցոյց տուող պրակ մը բաժնուեցաւ Աթէնքի համերգասրահը մուտք գործող բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնց կարգին օտար դիւանագիտական եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներ:

azeri_megaro_flyier_10-6-14-1 azeri_megaro_vosdigan1_10-6-141
Ատրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութեան մօտ յաջողցնելու համար՝ վերջերս որոշ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան, կամ անոր կից գործող միութիւններու կազմակերպումով։
Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ 6 Յունիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ազերիական դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը, Աթէնքի համերգասրահէն ներս, ուր հրաւիրուած էին մասնակցելու օտար դիւանագէտներ եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներ։ Նշենք, որ ժողովուրդին համար ազատ մուտքով կազմակերպուած էր բազմածախս համերգը։

Յոյն հասարակութեան մօտ ազերիական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բարբարոսական արարքները բացայայտելու նպատակով, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներ, ներկայ գտնուեցան Աթէնքի համերգասրահի մուտքին, ձեռնարկին ներկայ եղող յոյն հասարակութեան բաժնելով յատկապէս պատրաստուած գեղատիպ պրակ մը, ուր կը ներկայացուէր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան բնաջնջման բարբարոսութիւնը եւ լոյս կը սփռուէր ազերիական գրեհիկ արարքներուն վրայ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները կանուխէն դիրք գրաւեցին համերգասրահի մուտքին, 1000է աւելի պրակներ բաժնելով ներկաներուն։ Քիչ չանցած, ազերի պաշտօնատարներ նկատելով եղածը, դուրս եկան համերգասրահէն, ապահովութեան ուժերու ընկերակցութեամբ, պահանջելով որ դադրի պրակներու ցրւումը եւ հեռացուին հայ երիտասարդները։ Այսուհանդերձ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները մերժեցին հեռանալ կամ դադրեցնել ցրւումը, նոյնիսկ երբ վրայ հասան ոստիկանական եւ ապահովութեան յատուկ ջոկատներու ուժերը, բացատրելով թէ խաղաղ նախաձեռնութիւն մը կ’իրագործեն, ժողովուրդին տեղեակ պահելու համար թէ որո՛ւ համերգը եկած են լսելու։

Ոստիկանական ուժերը հետզհետէ խստացուցին իրենց կեցուածքը, դիմելով ձերբակալութեանց եւ փորձելով սպառնալ ու հեռացնել երիտասարդները։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներու նախաձեռնութիւնը իր նպատակին հասաւ, յոյն եւ օտար շրջանակներուն մօտ բացայայտօրէն ներկայացնելով Ատրպէյճանի իսկական երեսը, երբ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մշակութասէր պետութիւն, բայց նոյն պահուն կատաղութեամբ կ’ոչնչացնէ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական թանկագին կոթողներ։

azator.gr

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30