Սուրիական պատերազմը կը շարունակուի: Ռմբակոծումներու եւ հրթիռակոծումներու տեղատարափին, հուժկու եւ կործանիչ ռմբահարումներու ու պայթումներու պատճառով ամէն օր կը զոհուին անմեղ եւ անզէն խաղաղ բնակիչներ, գաղթական կը դառնան հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ, կ’աւերուին քաղաքներ, կը քանդուին շէնքեր, տուներ, հաստատութիւններ եւ անբողջ թաղամասեր՝ յարաճուն մահ եւ աւեր սփռելով Սուրիոյ տարածքին:
Պատերազմական գործողութիւններու մագլցումին առընթեր, մանաւանդ վերջին շրջանին, Հալէպը, մասնաւորապէս Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը, թիրախ դարձան դաւադիր հրթիռներու ու հրասանդներու, խլելով անմեղ հայորդիներու կեանքեր, նիւթական ծանր վնասներ հասցնելով հայկական վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ ազգային հաստատութիւններուն, հրոյ ճարակ դարձնելով, ամբողջական քանդումի կամ կիսակործան վիճակի ենթարկելով մեր հայրենակիցներուն բնակարանները, գործատեղիները, վաճառատուները եւ իրերայաջորդ սերունդներու քրտինքով ստեղծուած անոնց սեփականութիւնները: Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ, ճարահատեալ եւ մազապուրծ, ապաստան գտած են բաղդատաբար աւելի ապահով նկատուած շրջաններու մէջ:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ սուրիական պատերազմի առաջին իսկ օրէն երկրին անդորրութեան եւ խաղաղութեան կողմնակից Սուրիահայութեան դէմ ուղղուած քստմնելի ամէն յարձակում: Սուրիահայ խաղաղ քաղաքացիներու բնակավայրերու դէմ գործողութիւնները, որոնք սկիզբ առած էին Քեսապի վրայ յարձակումով, այսօր կը շարունակուին Նոր Գիւղի եւ Հալէպի հայաբնակ այլ շրջաններու վրայ հրթիռներու եւ հրասանդներու արձակումով, որոնք լրջօրէն կը սպառնան Սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի, Հալէպահայութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ կեանքի ու ապրելու իրաւունքին:
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէ անյապաղ միջոցներ ձեռք առնելու՝ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած եւ միջազգային իրաւունքով դատապարտելի բռնարարքներուն վերջ տալու նաեւ զինադուլ կնքելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ կենսական մարդասիրական օգնութիւն հասցնել աղիտեալներուն:
Հ.Բ.Ը. Միութիւնը, շարունակելով Սուրիահայութեան մարդասիրական կարիքներուն հասնող իր ծրագիրները եւ նիւթական թէ բարոյական ամէն աջակցութիւն ցոյց տալով անոնց, միեւնոյն ատեն իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Հալէպի եւ Նոր Գիւղի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն օգնութեան արտակարգ միջոցառումներ կազմակերպելու նպատակով սերտօրէն գործակցելու ազգային բոլոր մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ:
Մամլո հաղորդագրություն