1 Յունիսի ուշ գիշերէն մինչեւ 2 Յունիսի վաղ առաւօտեան ժամերուն, Հալէպի տարբեր շրջաններու մէջ հրթիռաձգութիւնը շարունակուեցաւ: Յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ահաբեկչական խումբերու կողմէ նետուած կազի շեշերէն պատրաստուած հրթիռները մեծ աւերներ գործեցին: Վնասուեցան շրջանի հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները, ակումբն ու բնակարանները, գործատեղիներն ու վաճառատուները:
Վիրաւորուեցան Ստեփան Արուշեանն ու Զարեհ Ղազարեանը: Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ, անոնք ստացած են համապատասխան բուժումն ու դարմանումը:
ՆՈՐ ԳԻՒՂԻ վիճակը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ, աւելի վտանգաւոր կը դառնայ: Հրթիռներու տեղացումը կը շարունակուի: Վայրկեանններ առաջ (2 Յունիս 2014, 12.55 p.m.) 4 հրթիռ ինկաւ Զուարթնոց եկեղեցւոյ շրջակայքը:
Վիրաւորուեցաւ Յարութ Իսկէնեանը: Վիրաւորին պարագան մտահոգիչ չէ:
Կարդացեք նաև
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ