Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ, յատկապէս Նոր Գիւղի մէջ, անհամար հրասանդներ եւ կազի շիշէպատրաստուած հրթիռներ կիյնան:
Բուռն կրակոցներ կան եւ վիճակը լարուած է:
Միայն Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, մէկ ժամուան մէջ, 22 զոհ եւ 75 վիրաւոր արձանագրուած է (հայեր չկան):
Նոր Գիւղի մէջ ինկող հրթիռներուն ու հրասանդներուն պատճառով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակը նկատի ունենալով, կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ ոչ անհրաժեշտ պատճառներով տունէն դուրս չգան, հեռու մնան պատուհաններէն ու պատշգամներէն եւ որեւէ դժուարութեան կամ կարիքի պարագային դիմեն Նոր Գիւղի ակումբ (Տիգրանեան սրահ):
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ