Կիրակի 17 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրասանդերուն եւ հրթիռներուն պատճառով վիրաւորուած Նուարդ Մարգէյեանը, ստացած ցնցումին ծանր ազդեցութեան չտոկալով` կնքեց իր մահկանացուն:
Նշենք, որ Նուարդը, նոյն օրը փլատակներու տակ զոհուած Յարութ Մարգէյեանին մայրն է:
Նուարդին թաղմանական կարգը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 21 Մայիս 2014ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
18 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռին պատճառով քանդուած շէնքի փլատակներու տակէն գտնուեցաւ Յարութ Մարգէյեանի (1958ի ծնունդ) անշնչացած մարմինը:
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ
Կարդացեք նաև