Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եօթնօղակ Օղակ Առաջին – Նախամուտք- Լեզուն

Մայիս 14,2014 13:50

{ Իմ հօրս համբաւէն եւ իր մասին ունեցած յիշողութիւններէս, սորված եմ չափաւորութիւն եւ արնականութիւն } Գիրք Առաջին -2-
{ …ըլլալ վեհանձն, մերժել ոչ միայն չարագործութիւնը, այլ եւ չարամիտ իսկ չըլլալ,….} Գիրք Առաջին-3-
{ …սորված եմ Մաքսիմոսէն … բարձր մեծահոգութեամբ առանց գոռոզութեան, իսկական հետաքրքրութեամբ ընկերներու մասին, համբերութեամբ անմիտներու հետ եւ անոնք որոնք իրենց կարծիքներով զուրկ են փաստի հիմունքներէն: } Գիրք Առաջին -9-
{ Ինձ որդեգրած հօրմէս սորվեցայ.. օրինապահ եւ անդարձ հաւատարմութիւն այն որոշումներուն, որոնք տրուած են դժուար խորհրդածութիւնէ ետք: } Գիրք Առաջին -16- թիւ1

Սոյն յօդուածին առաջին տարբերակը 2013 թուականի Յունիսին գրած էի Երեւանի մէջ :
Միակ օրինակը յանձնեցի ուր որ պէտք էր լոյս տեսնելու յոյսով և մահուան ճանապարհներով վերադարձայ Հալէպ: Սպասելով ի զուր: Սրտնեղած չեմ: Եւ կար նախախնամութիւն լոյս չտեսնելուն մէջ:
Պարտ զգացի նորը գրել այն յոյսով, որ արժանանայ լոյս տեսնելու, կարդացուի, իսկ կարեւորագոյնը՝ չի մնայ ձայն բարբառոյ յանապատի:
Հարցը որ կ’արծարծուի յօդուածին մէջ եւ անոր կարեւորութիւը կը թողեմ ընթերցողներուն, մասնագէտներուն և պատկան մարմիններուն:

Յօդուածին անմիջական մղիչ ոյժը զրոյց մըն էր Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին հետ, այդ օրերուն: Սեղանին վրայ նկատեցի Գայայեան բառարանը: Զրոյցի ընթացքին նիւթ դարձաւ թէ ինչո՞ւ նմանատիպ առձեռն բառարաններ գոյութիւն չունին արեւելահայերէնի համար:
Առձեռն բառարանները ունին կենսական գործածութիւն: Անոնք կը կոչուին առձեռն` անուն մը որ մենաշնորհ մնաց առաջինին`Ճշդագոյն անունով:

«Առձեռն» հայերէնի մէջ իր արդի իմաստով կը նշանակէ – պատրաստ, տրամադրելի, դիւրատար, փոքրադիր…… պահելով իր գրաբարեան իմաստը:
Հայր Մ. Աւգերեան, խոշորագոյն մասնակիցը- Երից Վարդապետաց – բառարանին, որ գիտակցած էր պահանջքը փոքրադիր բառարանի մը, 1846-ին կազմեց նախնական օրինակ մը: Այս փոքր բառարանը կրկին անգամ լոյս տեսաւ 1865-ին վերամշակուած, ճոխացեալ և լրացուած խմբագրութեամբ Հայր Գ. Ճէլալեանին, ստանալով «Առձեռն Բառարան Հայկազեան Լեզուի» անունը: Առձեռնի «Գիտելիք» վերնագրով յառաջաբանին մէջ կը կարդանք՝ «…. Իսկ այժմ մեր այս աշխատութեան համար ոչինչ փոխան կը խնդրուի, բայց միայն այն որ մեր հայրենի լեզուի ուսումը աւելի եւս արծարծուի», մենաշնորհ անունը անպիղծ մնայ: Մեծն աբբահօր արժանաւոր սաները կատարեցին անոր կտակը: Յաջորդեցին նոր և աւելի արդի, ժամանակին հետ քայլ պահող նմանատիպ սեղանի կամ գրպանի բառարաններ, արեւմտահայոց տարբեր ոստաններուն մէջ, մեծածաւալներուն կողքին:

Արեւմտահայերէն լեզուի վերջին առձեռն բառարանը Անդրանիկ Ծ. Վարդապետ Կռանեանի աշխատասիրութիւնն է: Վերջին խմբագրութեան առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք նախ «ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ» բաժնին մէջ (1970-ին, նախաձեռնութեամբ Շիրակ հրատարակչատան Հաննէսեան եղբայրներուն) «Աւելի քան 30 հազար բառեր պարունակող այս բառարանը արժանացաւ քանի մը հեղ տպագրութեանց, մասնաւորաբար սպառելով սփիւռքահայ դպրոցներէն ներս, նաեւ որովհետեւ մատչելի էր ուսանողական քսակներուն…»:

Յետոյ «ՀԵՂՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ» բաժնին մէջ կը կարդանք՝ «Այս բառարաններուն 30 տարիներու յարաճուն յաջողութիւնը մեզ կը մղէ ձեռնարկելու այս երրորդ ոճի –Բառգիրք-ի հրատարակութեան, որ առաջիններուն նկատմամբ երրորդ բանաձեւի մը պտուղն է»: Հեղինակը յաջորդ տողերուն մէջ կը նշէ, թէ կատարած է սրբագրում, ճշդագրում և նոր բառերու եւ եզրերու ընդգրկում, բառարանը կենդանի և ժամանակակից պահելու համար: Աւելի կանուխ կազմուած նոյնաոճ բառարանի մը յառաջաբանէն կը քաղեմ («Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի» 1938, Գահիրէ, Յովհաննէս Գայայեանի պատրաստութեամբ և լաւագոյն բառարաններէն մին իբրեւ հոմանիշներու բառարան) հայրենի բառարանագէտ Ա.Սուքիասեանի վկայութեամբ իսկ՝ «Ամէն անգամ որ առիթ ներկայացած է հայերէն աւանդել դասարանի մը, միշտ կանոնաւոր հարց դրած եմ տղոց և աղջկանց, թէ դասարանին մէջ քանի՞ հոգի հայերէն բառարան ունի: Պատասխանը գրեթէ միշտ անքաջալերական եղած է … մեր աչքէ անցուցած բոլոր բառարանները լեզուական գանձերու տեղ ծառայեցին, որոնցմէ, ինչպէս նաեւ օրուան մամուլէն, ժողովուրդին հանապազօրեայ բարբառէն ու բեմէն թանկագին գոհարներու պէս քաղեցինք մեզի պէտք եղած բառերը և զանոնք ագուցինք իրենց ճիշդ տեղերը: … Մեր հոգին պիտի խայտայ, երբ նորահաս սերունդը սորվի մեր պաշտելի լեզուն և ներկայ բառարանը այդ ուղղութեամբ օգտակար ըլլայ»: Այս բառարանը մինչ այսօր կը ծառայէ և արժանացած է երկու տասնեակի հասնող հրատարակութիւններու:

Վերեւ յիշուած տողերը մտահոգութիւնը ցոյց կուտան գաղթօճախի և ապա սփիւռքի տարածքին վրայ աշխատող հրատարակիչին, որպէս կազմակերպող պատասխանատու, և հեղինակներուն, որպէս լեզուի մշակներ, ընծայելու բոլոր կարիք ունեցողներուն փոքր, մատչելի, որակեալ, բայց յարմար սակագինով բառարաններ և հարկ եղած ատեն՝ ճոխացեալ հրատարակութեամբ: Արեւմտահայերէնը բախտաւորուած է այս կետին մէջ:
Արեւելահայերէնը, պետական և պաշտօնական լեզուն հայրենիքին, որ կը կոչուի Հայաստան, ըլլայ այդ նախա-խորհրդային, խորհդային կամ յետ-խորհրդային, իմ իմացութեամբ չէ ունեցած առձեռնատիպ բառարան մը: Արեւելահայերէնը հարուստ է մեծածաւալ, հրաշալի, բազմաբովանդակ բառարաններով և անոնց օժանդակ նեղ մասնագիտացուածներու շարանով մը:

Բայց ո՞ւր է առձեռնը, գործածականը սեղանին վրայ, արծարծելի ուսանողին ու դասատուին, սահմանամերձ լքուած գիւղերուն մէջ և նոյն չափով պիտանի քաղաքներու իրենց գրասենեակներուն մէջ աշխատողներուն. աւելին՝ նորակազմ բազմամիլիոն արեւելահայ սփիւռքին: Կ’երեւի արեւելահայերը փոքր գործերը չեն սիրած, խոշորներն են ստեղծած: Կարելի է ենթադրել, թէ խորհրդային ժամանակաշրջանին մասամբ չէ քաջալերուած առձեռն մը ստեղծել:

Այսօր համակարգիչի և համացանցի դարուն մէջ, ո՞ւր են նորը և արդիականը: Անգլերէն լեզուի հարուստ բառարաններու հոյլին մէջէն ինծի համար լաւագոյնը կը մնայ «Oxford Advanced Learnars Dictionary»-ին, նամանաւանդ անոր էլեկտրոնային տարբերակը: Հրաշալի աշխարհ մը իր ճոխութեամբ, կարծես մէկ բառարանի մէջ տարբեր բառարաններ ըլլան՝ բացատրական, արմատական, հոմանիշ-հականիշ եզրերու և շատ աւելին: Արժան և իրաւ անմահ Շէյքսպիրի լեզուին: Միթէ՞ մեր Նարեկացին արժանի չէ ունենալու այսպիսի հարստութիւն: Միշտ այս հարցը սիրտս խոցած է: Վայ, տեսէ՛ք ունինք «Techno-park» հրաշալի և հպարտանք պատճառող սերունդ համակարգիչի մարզին մէջ, բայց միթէ՞ Մայրենին արժանի չէ անոնց ուշադրութեան:

Այսօր պա՛րտ է մեր պետութեան, ի նմանութիւն բառարաններու սփիւռքի համեստ հրատարակիչներուն, կատարելու այս կենսական աշխատանքը:
Այսօր պա՛րտ է արեւելահայերէնի բառարանագետներուն, ի նմանութիւն սփիւռքի համեստ պայմաններուն մէջ տքնող մշակին, գերազանցելով զիրենք, այս գործը նոյնպէս ծառայեցնել արեւմտահայերէնին:
Այսօր պա՛րտ է ասիկա կատարել դարուն ոգիով, ի նմանութիւն մեծ լեզուներուն և զետեղուած պահել համացանցին վրայ առ ցանց – online – , որ հին լեզուն միշտ մշտանորոգ մնայ:
Այսօր պա՛րտ է որ իր մէջ նաեւ ընդգրկէ արեւմտահայերէնը, իր աւելի ճշգրիտ ուղղագրութեամբ, բայց եւ կարօտ որոշակի վերանայման … Երեւի սխալ տեղ եմ կոխա՞ծ, վայ գլխուս:

Համացանցին վրայ գոյութիւն ունի շատ շնորհակալ ծառայութիւն մը, նուէր
Համազգային Մշակութային և Կրթական Միութեան կողմէ, բառարան-կայք մը՝
www.nayiri.com :

Հոն զետեղուած են առ-ցանց 33 բառարաններ հայերէնի, երկլեզու, և աւելին՝ միշտ թարմացուած նոր բառարաններով: Կարծեք նախակարապետը ըլլայ և գեղեցիկ նմոյշը նախնական ձեւով սպասուելիք աշխատանքին և սատարող՝ ապագայ գործին:
Այսօր պա՛րտ է առձեռն բառարանի մը հրատարակութիւնը կատարել պետական հովանու ներքոյ և զոյգ մասնակցութեամբ հայրենի եւ սփիւռքի բառարանագետներուն:
Ունիմ փոքր մտավախութիւն մը՝ եթէ լոյս տեսնէ այս յօդուածը և կարդացուի ոմանց կողմէ, ասոնք ալ ինքնագլուխ, ոչ բաւարար գիտելիքներով արեւելահայերէնին և ի նմանութիւն տարիներ առաջ լոյս տեսած արեւելահայերէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան, փորձեն լոյս ընծայել արեւելահայերէն առձեռն մը: Ժամանակին այս հարցին յաւուր պատշաճի արձագանգեց լուսահոգի Աճէմեան սրբազանը «Էջմիածին» պաշտօնաթերթի էջերուն մէջ:

Հոս օգտագործելով այս կայքը ի յայտ կուգայ մեր բառարաններուն խոցելի կողմը նախ ուղղագրութեան հարցով, ապա՝ երկու ճիւղերուն տառերու թիւին տարբերութեան մէջ. փորձելով պիտի հասկնաք միտքս: Նաեւ արեւելահայերէնի անիմաստօրէն օտար եւ շինծու բառամթերքը, որ կը յիշեցնէ յունաբան դպրոցը. վախ չունիմ. այս ալ կ’անցնի: Երբ Հայաստան կը գտնուիմ ինծի համար գերագոյն զայրոթ պատճառողը Գերագոյն Սովետի նման ռեմոնտ բառն է: Այս բառին ծագումը այլ է. ֆրանսերէնի եւ լատինական ծագում ունեցող այլ լեզուներու մէջ ունի իր յստակ իմաստը, montee դասաւորել եւ remonter վերադասաւորել, իրենց այլ իմաստներուն կողքին: Աղաւաղուած ձեւով, կ’երեւի ռուսերէնի միջնորդութեամբ, հասած է հայերէնին: Մեր ոսկեղնիկը ունի նորոգել ճշգրիտ եւ գեղեցիկ բառը, որուն կը հանդիպիք միայն Երեւանի հնակարկատներու ցուցանակներուն վրայ, «կոշիկի նորոգում» ձեւով. ապրի՛ն հնակարկատները: Աւելին՝ երբ մեր լեզուն որ մէկ է, ագուցելով աւելի կը հարստանայ, արեւմտահայերէնի ճոխութիւնը մասամբ կը փրկուի. Թէքէեանի գուշակած ապագան այսօր ահաւոր կերպով տեսանելի է.

Լեզուն որով գրեցի`երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ …
Հարիւր տարի վերջ միայն, իր այս ձեւով, այս սխալ
Կամ ճիշդ ձեւով ու հնչմամբ `լեզուն անուշ զոր խօսեր …

Անշուշտ եւ կայ մեծ առաքելութիւնը՝ գրականութեան մէջէն բարբառային բառեր փրկել: Տակաւին կան այդ բառերը, երեք տարի առաջ Գէորգ Աճէմեանի գործերու խմբագիրը տողերս գրողին դիմած էր որոշ բառերու իմաստը ճշդելու համար. կար բուշին բառը… նախադասութիւնէն իմաստը յստակ էր, բայց կարիք կար ճշդելու: Կենդանի օգնութիւնը հասաւ բերնէն Տք. Թ. Թորանեանին, որ պարզօրէն յիշեց՝ «Հայրս մօրս կ’ըսէր բուշին տուր գլխուս կապեմ»: Աւելի ուշ Խարբերդի բարբառին մէջ (թիւ 2) հանդիպեցայ նոյն բառին փուշին ձեւով, կանանց համար երեսի բարակ քող, փոխ. քրտերէն լեզուէն, այս աւելի ճշգրիտ է: Նոյնպէս նոր լսած եմ աղբակալ բառը, կրկին կուգայ Խարբերդի շրջանէն, գեղեցիկ է եւ պէտք է ընդհանրացնել: Մեր մօտ սխալմամբ տակաւին կը պնդեն ակիշ բառի գործածութիւնը, որ այլ իմաստ ունի: Աղբակալ բառը թող դառնայ գործածելի մեր լեզուին մէջ. փոխան օտարոտի կամ սխալ բառերուն, ինչպէս փոշակուլ բառը հրաշալի եւ ճիշդ: Եւ քանզի յիշեցի կ’ուզեմ փոքր սրբագրութեան փորձ մը կատարել կապուած Արման բառին: Արման կերակրատեսակը մեր մատենագիտութեան մէջ մէկ անգամ գործածուած եւ ոչ ստոյգ եւ ոչ ճշգրտօրէն մեկնաբանուած է Հայկազեան բառարանին մէջ, նոյնը կը կրկնէ Աճառեան: Ներքեւ փորձած եմ ճշդելու փորձ մը կատարել:

Հիմա թնճուկային դարձած ուղղագրութեան խնդիրը … երկար հարց է: Առաջին հեշտ քայլը Ո եւ Օ տառերուն լուծում տալն է … եւ ոչ ծախսալից, որեւէ ուղղագրական փոփոխութիւն մեծածախս ծրագիր է: 11-րդ դարուն մենք կատարած ենք նման պարտաւորութիւն: Այսօր նոյնպէս պարտաւոր ենք: Ոսկեայ առիթը ունեցանք, առաջին Նախագահը, փոխան այլ եւ այլ սխալական փոփոխումներու, պարտաւոր էր իրականացնելու այս մէկը: Դժուար չէր:
Այսօր պա՛րտ է անկախացման արծաթեայ յոբելեանի նախօրէին – հեռու չէ եւ արդէն իրականացած էր առաջինէն աւելի երկարատեւ լինելու խօսքը -իրականացնել առձեռն բառարանի մը հրատարակութիւնը: Այս առձեռնը լաւագոյն նուէրներէն մէկը կը դառնայ մեր լեզուին և ամրապնդող գործօն՝ մեր պետականութեան: Այսպիսով այս նոր սպասուելիք մանուկը՝ արդի և մատչելի, դառնայ երեխայրիքը աւելի խոշոր, բազմաբովանդակ բառարաններու: Ոչ միայն ընդգրկելով մեր մայրենին, այլ պատրաստելու արդի բառարաններ օտար լեզուներու ուսուցման ծառայող: Անգլերէն–Հայերէն-Անգլերէն բառարանները, որոնք գործածութեան մէջ են այսօր, նուազագոյնը ունին 50 տարիներու վաղեմութիւն. առ ի օրինակ՝ երբ փնտրեցի բնորոշել բառին իմաստը հայերէն-անգլերէն բառարաններուն մէջ, համացանցի Նայիրի կայքը օգտագործելով, միայն մէկ բառարան ունէր այս բառը՝ «Գրպանի նոր բառարան, հայերէն–անգլերէն», Լեւոն Թորոսեան, 2002 թուական: Այս բառը միակը չէ, կան հարիւրաւոր այսպիսի օրինակներ: Նոյնպէս չեմ կարծեր, թէ այլ երկլեզու բառարաններուն վիճակը աւելի մխիթարարական ըլլայ:
Չեմ կարծեր որ ասիկա միայն ի՛մ ցանկութիւնս է, քաջ գիտեմ, թէ շատ-շատեր կը կիսէն ե՛ւ մտահոգութիւնս, ե՛ւ ցանկութիւնս, իմ համեստ կարողութիւններս գերազանցող շատ-շատեր: Բայց այդ սրտամօտ զրոյցը, որ մղիչ եղաւ բոլորդ բաժնեկից դարձնելու մտածումներուս, թող դառնայ մեծագոյն սփոփիչը իմ վերջին դժուարութիւններուն, զորս կրեցի հայրենի հողին վրայ, երբ կրկին ու կրկին անգամ արգելակուեցաւ այդ գեղեցիկ ծրագրի իրականացումը: Ծրագիր մը, որուն իրականացման տարիներէ ի վեր լծուած էր ազնուագոյն հայորդի մը. ես ուշացած ցատկեցի իր գնացքը, մաս կազմելու իմ լումայով: Մեր գնացքի վերելքը դարձաւ նման գողգոթայի, առ Բաղրամեան բարձրանալով և տուաւ իր զոհը առանց Յարութեան փրկիչին, հակառակ շատերու ազնիւ ցուցաբերունքին: Բայց ոչ ոք թող չկարծէ, թէ մենք մեր զէնքերը վար ենք նետած. մօտ են օրերը Յարութեան – այդ մասին յարմար պահին: Ինչպէս նախապէս յայտնած էի, թէ մահաբեր ճանապարհներէն անցնելով, չորս այլ պետութիւններու սահմաններ հատելով, 5700 քմ ցամաքային և նոյնչափ օդային ճամբորդութիւն կատարելով ետ ու դարձ ըրի Հալէպ, իմ մէջ պահելով ստախօսութեան անմիտ արարքը, այն ալ այր մարդու մը կողմէ: Այս սահմանները անցայ շնորհիւ պարգեւին, որ շնորհուած էր ինծի՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը: Երախտապարտ եմ եւ աւելի պարտաւոր ծառայելու:
Այսօր Ձեզի կը խոստանամ շուտով, շատ շուտով ձեզ մասնակից դարձնել այդ Յարութիւն չառածին և խօսք … դա անելու եմ սիրելով ձեզ, հա՛յ երեխաներ:

{ …ՈՐԵԷ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱԳ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԱՅՆ ԱՆՁԷՆ, ՈՐ ՎԻՐԱՒՈՐԱԾ ԶԻՑ ԿԱՄ ՎՆԱՍԱԾ Է ԻՆԾԻ..} ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ -7-

Գրեաւ գիրս այս, ի մթութիւն քաղաքիս, մի աղոտ ճրագ և ոչ պէտս Ֆրանկաց ապակու դարձան յարթող ճանապարհիս:
Ի քաղաքին պաշարեալ Հալապ ոչ երազային և որ կոչի Բերիա ի վայրն երրորդ օղակի չարչարանաց ազգին մերոյ:
Ի թուին Դ-րդ ամի Ա ամսույն աւանդամոլաց եղծական պատերազմին, որն է ի թուին հայոց ՌՆԿԳ եւ փրկչական ամի 22 մարտ 2014:

Աւանդամոլ : արաբ سلفي բառին հոմանիշ, Salafi անգլ. fundamentalist այս բառը հոս չեմ նկատած հոմանիշ աւանդասէր բառին: Աւանդամոլը այսպիսով կը ստանայ բացասական իմաստ, տես Մալխասեանցի բացատրական բառարանը: իսկ աւանդասէրը՝ դրական, իր նախնիներու փառքը սիրող: Եթէ պրպտէք բառարանները, աւանդասէր բառ գոյութիւն չունի, այս նորածին է. հաւասար չեմ նկատած աւանդապաշտ կամ աւանդապահ բառերուն, որոնք ըստ իս այլեւս ունին քիչ մը հինին յառելու միտում, թէեւ կարելի է որ չարաչար սխալած ըլլամ: Իշխանազուն չեմ եւ Նահապետ Ռուսինեանի նմանուելու նկրտումներ չունիմ, Ռուսինեանի աւանդը մեր լեզուն հարստացնելու մէջ անզուգական է:

Եղծական : արաբ تكفيري Takfiri արաբերէնի Kufer արմատին كفر նոյնն է հերձուածող հերետիկոս. Անգլ. Miscreant, infidel

Ճիհադ : արաբ. Jihad = جهاد սրբազան պատերազմ իսլամի մօտ: Այս եզրը
կը կարծեմ թէ մուտք գործած պէտք է ըլլայ մեր մամուլին մէջ, Jihad արդէն մուտք գործած է անգլերէնի մէջ նման- Al-Qaeda բառին: Հանդիպած եմ -Ջիհադ-ձեւով, տես «Մերձաւոր Արեւելքի Երկրներ եւ Ժողովուրդներ Xxii.» Երեւան 2003, էջ 157:

Յօդուածս այս բառը չունի: Այսպիսի բառեր նման են խաչակրաց արշաւանք- Crusade և մեծ ծովային արշաւանք, Armada բառերուն որոնք դարձած են եզրեր անգլերէնի մէջ:

Արման բառը մեր երկու հիմնական ստուգաբանական բառարաններուն մէջ՝ Հայկազեան եւ Աճառեան, կը կոչուի անստոյգ բառ, հոս ստուգաբանական համեստ փորձով մը ներկայացուցած եմ իմ լուծումը: Արման ճաշատեսակը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տարածուած կերակուր է, ես մի քանի անգամ կերած եմ: Խայր Ալ -Դին Ալ-Ասադին ( թիւ 3) իր 7 հատորանոց կոթողային «Հալէպի Բաղդատական Հանրագիտարան»-ին մէջ կը ներկայացնէ ԱՐՄԱՆ բառ -յօդուածին տակ. թարգմանաբար կը ներկայացնեմ
Հատոր Ա. էջ 107: Արման ( իրենց կերակուրներէն, Հալէպի) խաշած եւ եփած ոսկորով միս, երկու տեսակի է,
Ազոխով: Ազոխով արման կը կոչուի:
Մածունով: Մածունով արման կը կոչուի:
Դամասկոս Շաքրիա կը կոչեն:
Արման բառին ծագումը թրքերէն է, ԱՐՄԱՆ ՔԵՊԱՊԻ, անտառի քեպապ իմաստով, բայց կը բաւարարուին արման բառով:
Եւ ըսուած է՝ Արման պարսկերէն լեզուէն, ցանկութիւն, տարփանք եւ վայելք:
Յաջորդաբար կան երկու այլ արմաններ՝ ԵՕԹՆԵԱԿ ԱՐՄԱՆ Եւ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱՐՄԱՆ:
Այսպիսով արման արմատը դառնալու է ստոյգ, իր իսկական իմաստն գտնելով իբրեւ ճաշատեսակ, այլ այն որ բացատրուած է մեր զոյգ բառարաններուն մէջ: Մեր հայրերը ներող պիտի ըլլան եթէ սխալած եմ եւ ուրախ՝ եթէ ճգրիտ եմ: Ես իրենց անարժան ԲԱԼԻԿ-ն եմ:

-Մարկուս Ավրելիոսէն թարգմանութիւնները իմն են, անգերէնէն կատարուած:
‮ 2- موسوعة حلب المقارنة. تأليف الأسدي م.خير الدين المجلد الأول جامعة حلب معهد التراث العلمي العربي المجلد -الأول حلب 1987
1-The Emperor ‘s Handbook- Marcus Aurelius -Translation of The Meditation
By C.Scot and David V. Hicks, SCRIBNER
3-Dictionaire Des Synonymes Analogies et Antonymes, Roger Boussnat -Bordas, Paris
4-Le Pettit Larouse, Illustre-2011
Արմեն Գասպարյան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031