Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայերէ բնակուած Քալիֆորնիա նահանգի Խորհրդարանը (Assembly-ն) Հինգշաբթի, 8 Մայիսին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պատմական քայլ մը առաւ որդեգրելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ եւ հիմնարար քայլը, որ վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տքնաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պաշտօնատարներու բոլոր ժողովուրդներու, այս պարագային նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ ցուցաբերած յարգանքին:
Այս քուէարկութիւնը մեծապէս կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի ոգին՝ իր արդար տենչաքները հետապնդելու ճանապարհին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շղթայազերծած սեփական ճակատագրին տէր ըլլալու, ժողովրդավարական ինքնակառավարման համակարգ մը ստեղծելու ու այդ ճամբով իր գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու պայքարի կարեւորոթիւնը:
Առաւել գնահատելի կը գտնենք այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը ազատութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները ամրապնդող իր այս քաջարի քայլը առաւ ի հեճուկս ատրպեճանական ուժեղ ճնշումներուն: Գնահատելով Նահանգային օրէնսդիր մարմնի մէջ այս բանաձեւին կողմ քուէարկած իւրաքանչիւր էսմպլիմէնի քայլը, կ՛ուզենք առանձին գնահատանք արձանագրել հանդէպ այդ մարմնի անդամներ Մայք Կաթոյի, Ատրին Նազարեանի, Քաջօ Աշաճեանի եւ Խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզին, որոնք ղեկավարեցին այս դրական արդիւնքը ապահոված ճիգերը, հարազատօրէն ներկայացնելով իրենց ընտրատարածքի բնակչութեան շահերը:
Այս բանաձեւի որդեգրումը վճռական յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան եւ ինքնորոշման պայքար տանող բոլոր ժողովուրդներուն համար:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ