Սուրիոյ մէջ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները 2014-ին նոր հանգրուան թեւակոխեցին:
Մեր աւանդական ոգեկոչական Կեդրոնական ձեռնարկներուն կողքին, շարք մը այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացան եւ կը շարունակուին իրագործուիլ:
-Գլխաւոր նախաձեռնութիւնը 24 Ապրիլ 2014ին, Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս կատարուած քննարկումն էր, ուր դատապարտուեցաւ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Խորհրդարանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու բարեհամբաւ վաստակին եւ ստեղծագործ աշխատանքին մասին:
Երկրորդ նախաձեռնութիւնը` տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան հովանաւորութեամբ, Չորեքշաբթի,23 Ապրիլ 2014ի կէսօրուան ժամը 12.00ին, Հալէպի «Թըշրին» մշակութային սրահէն ներս: Ձեռնարկը զեկոյց եւ զրոյցէր «Օսմանցիներու Գործադրած Ցեղասպանութիւնները Պատմութեան Ընթացքին» բնաբանով:
Կարդացեք նաև
Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան կուսակցապետը, քաղաքապետը, Մշակութային կեդրոնի տնօրէնը, Նահանգային խորհուրդի նախագահը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպիպատասխանատու մարմնի անդամները, բազմաթիւ Արհ.Միութիւններու Վարչութիւններու նախագահներ կամ ներկայացուցիչներ, եւ Սուրիոյ Հայ համայնքի համայնքապետ` Վեր.Յարութիւն Սելիմեան:
Զեկուցաբերներն էին` Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմնի անդամ` Մահէր Ալ Մուաքքէ, փաստաաբան Մարիա Գաբրիէլեան եւ լրագրող ու ուսումնասիրող` Սալբի Գասպարեան:
Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչը (Մ.Մ.) իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ոճիրներուն, առանձնապէս նշելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ թուրքժողովուրդին եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, կոչ ուղղելով բոլորին միահամուռ ճիգերով դիմագրաւելու Սուրիոյ տագնապը, որուն գլխաւոր մեղսակիցներէն է Թուրքիոյներկայ կառավարութիւնը:
Սալբի Գասպարեան հանգամանօրէն ներկայացուց թուրք այլախոհներու կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, յատկապէս մէջբերելով այլախոհ` Թանէր Աքչամի սերտողութիւններէն բաժիններ: Անլուսարձակի տակ առաւ նաեւ թուրք կառավարութաեն խտրողական քաղաքականութիւնը:
Փաստ.Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ Դատի իրաւական հիմքերը` միջազգային դաշնագիրներու եւ պայմանագիրներու առանցքներով: Ան շեշտադրեց պահանջատիրական գործընթացի գլխաւոր տուեալներուառկայութիւնը` որպէս հիմք Հայ Դատի հետապնդման աշխատնքներուն: Ապա լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, վնասից հատուցման եւ հայկական հողերու վերատիրացման Հայ Դատիգլխաւոր սկզբունքները:
Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց եւ պատմաքաղաքական հարցերու քննարկում:
ՀՅԴ մամլո դիվան