2 Մայիս 2014ին, յետ միջօրէի ժամերը շատ ծանր եղան Հալէպի համար: Հայահոծ Վիլլաներու, Ազիզէի եւ Նոր Գիւղի շրջաններուն մէջ հրասանդներ եւ կազի շիշեր տեղացին, որոնց պատճառած ահն ու սարսափը անտանելի էր:
Անոնցմէ մէկը ինկաւ Ա.Մանուկեան Ժ.Տան դիմացը գտնուող շէնքին վրայ, երկու քաղաքացի վիրաւորուեցան եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան:
Համարեա՛ նոյն ժամերուն Նոր Գիւղի Տիգրանեան պարտէզին մէջ ինկաւ կազմի շիշ մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան Բենօ Փիլաւճեանն ու Լեւոն Յովհաննէսեանը:
Վիրաւորներուն պարագաները մտահոգիչ չեն, բարի ապաքինում անոնց:
Իսկ երէկ 1 Մայիս 2014ին ինկած հրթիռներուն պատճառով վիրաւորած են նաեւ (մեր փոխանցած անուններուն կողքին) Մարլէն Փոքրաւորեանն ու Էլի Չիլաբօշեանը:
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ
Լուսանկարը՝ արխիվային
Կարդացեք նաև