17 ԱՊՐԻԼ 2014, ՀԱԼԷՊ – Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերէն սկսեալ զինեալ խմբաւորումներ տասնեակներով հրասանդեր արձակեցին Հալէպի յատկապէս Թէլէֆոն Հաուաի, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ նորգիւղ շրջաններուն վրայ։ Ուշ ժամերուն հրաձգութեան, պայթող արկերու, հրասայլերու, ուղղաթիռներու, թնդանօթներու եւ բախումներու ձայները լարուած վիճակի մէջ պահեցին Հալէպի բնակչութիւնը մինչեւ առաւօտ։ Այսօր առաւօտեան երկրաշարժի ուժգնութեամբ երեք պայթիւններ ցնցեցին քաղաքը, լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ անոնք հետեւանք էին Սէիտ Ալի, Սէքէնէթ Հէնէնօ եւ Հին Հալէպ շրջաններուն մէջ եղած պայթիւններուն։
Այս պահուս[1] քաղաքին մէջ ծայր աստիճան անապահովութիւն կը տիրէ, բազմաթիւ հրասանդեր կ՚իյնան եւ բախումներ տեղի կ՚ունենան օրինական զօրքին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Օրը՝ 17 Ապրիլ, կը զուգադիպի նաեւ Սուրիոյ Ֆրանսական տիրապետութենէն ազատագրուելու ՛՛Ճալաա՛՛ տօնին։
Հաղորդում` Զարմիկ Չիլափոշեան Պօղիկեան
Լրատուական Գրասենեակ – Հալէպ
Կարդացեք նաև
[1] Հալէպի ժամով՝ առաւօտեան 11-ի կողմերը։