Այսօր 17 Ապրիլ 2014-ին, վաղ առաւօտեան ժամերէն Հալէպը բոլորովին այլ կացութեան մէջ յայտնուեցաւ:
Պատերազմական վիճակ է Հալէպի մեծաթիւ շրջաններու մէջ:
Հայաբնակ կարգ մը շրջաններ ինչպէս Նոր Գիւղ եւ Սիւլէմանիէ համարեա՛ ամայութիւն է:
Հիմնական բախումներ տեղի կ՚ունենան Աղիօլ, Պապ Ալ Հատիտ եւ Սէքէնէթ Հանանօ շրջաններուն մէջ:
Կարդացեք նաև
Միւս կողմէն օժանդակութեան աշխատանքները կը շարունակուին, սննդամթերք եւ կենցաղային պիտոյքներու կողովներ կը բաժնուին, վիրաւորներ կը փոխադրուին եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւորներու այցելութիւն կը կատարուի:
Ցարդ արձանագրուած է մէկ վիրաւոր` Կարօ Աւագեան (1966-ի ծնունդ), որ վիրաւորուած է Ճապրիէի շրջանին մէջ:
Հաղորդում` Մարիա Գաբրիէլեան