Պոլսոյ Մարմարան այս առաւօտ կապ հաստատած է Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափաքի հետ, որ ստոյգ տեղեկութիւններ տուած է Վագըֆ գիւղ տեղափոխուած Քեսապահայերու մասին։
Ատենապետը նշած է, որ քեսապահայերը 21 հոգի էին եւ երկու մինիպիւսներով Եայլատաղըէն բերուեցան Վագըֆլը գիւղ, ուր իրենք անմիջապէս շատ ջերմ վերաբերում ցոյց տուին բոլորին հանդէպ։
Ծերունիները սարսափահար, անխնամ վիճակ ունէին եւ ծանր յիշողութիւններով հեռացած էին Քեսապէն։ Կը պատմէին որ իրենք առանց որեւէ դիմադրութեան բանալիները տուած էին զինեալ ահաբեկիչներուն, որոնք թալանած էին տուները, ամէն ինչ կոտրած թափած ու յետոյ հրկիզած էին զանոնք։ Վագըֆլը գիւղի հայ բնակիչները ամէնքը ձեռք ձեռքի տուած անմիջապէս ձեռնարկեցին գործնական քայլերու։ Բոլոր ծերերն ալ խնամուեցան ու տեղաւորուեցան հիւրատուներու մէջ եւ անոնց բաժնուեցան հագուստեղէն ու անհրաժեշտ իրեղէններ։ Քեսապահայերը յայտնեցին, որ տակաւին 20 տարիքոտ անձեր մնացած են Քեսապի մէջ:
Կարդացեք նաև
Մանրամասները` yerakouyn.com կայքում