Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Հունաստանի կազմակերպությունների համատեղ հայտարարությունը

Ապրիլ 03,2014 16:36

Ազգովին կը գտնուինք Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութեան 99-ամեակի սեմին։

24 Ապրիլ 1915ին ի գործ դնելով հայ ժողովուրդի բնաջնջման իր քաղաքական ծրագիրը, թրքական պետութիւնը կատարեց մարդկութեան դէմ գործուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանական ոճրագործութիւնը, որուն հետեւանքները զգալի են մինչեւ այսօր։

Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ եւ անհատոյց կը մնայ։ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ իր յանցապարտութիւնը։ Հայկական Նիւրեմպէրկը դեռ չէ իրականացած։ Արդարութիւնը դեռ չէ յաղթանակած։

Անցնող տասնամեակներուն Սփիւռքը կրցաւ համախմբուիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ քաղաքական արդար հատուցման պահանջներուն շուրջ եւ յաջողութիւններ արձանագրեց:

Պայքարի այդ երկար ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրցաւ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ՝ հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն, Հայրենիքին, իր լեզուին եւ մշակոյթին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան: Հայկական գաղութներու մէջ բացուած իւրաքանչիւր դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն եւ ակումբ՝ յաղթական քայլ մը եղաւ մեր նպատակներուն հասնելու երկար ու դժուարին ճամբուն վրայ:

Հայաստանի վերանկախացումով ազգային մեր պահանջատիրութիւնը նաեւ պետական մակարդակով յառաջ մղելու հնարաւորութիւնը ստացաւ: Արդէն կեանքի կոչուած է Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման Համահայկական միացեալ մարմին՝ Հայաստանի պետութեան շուրջ համախմբելով հայ ժողովուրդի հայրենական եւ սփիւռքեան գլխաւոր կառոյցները,՝ ազգային կուսակցութիւնները ու համազգային առաքելութեան կոչուած կազմակերպութիւնները: Հայ Դատի հետապնդման պայքարը հաստատ քայլերով թեւակոխած է պետական պահանջատիրութեան փուլ:

Արտայայտելով յունահայութեան միասնական կամքը եւ Հայ Դատի պահանջատիրական ոգին արծարծ պահելու վճռականութիւնը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այսու կը յայտարարեն, թէ այս տարի եւս, ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչական, քարոզչական ու քաղաքական բնոյթի բոլոր ձեռնարկները պիտի կատարուին համագործակցութեամբ ու միասնական ջանքերով:

Առ այդ՝

Կոչ կուղղեն ազգային եւ կրօնական իշխանութեանց, ուղեկից միութիւններուն ու կազմակերպութեանց, կրթական պատասխանատուներուն, հայ ուսանողութեան ու երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի տարածքին բնակող ամէն մէկ ազգայինի, որ ընդառաջեն եւ խիտ շարքերով մասնակից դառնան ծրագրուած ձեռնարկներու յաջողութեան:

Հայ ժողովուրդի միասնական պայքարին աշխուժացումը, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ է այսօր, որովհետեւ իրաւատէր հայութիւնը դարձեալ կանգնած է մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ:
Ծայր աստիճան վտանգաւոր ազդանշաններ կան հայթրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, Արցախեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման ճակատներուն վրայ: Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ յետս կոչած չեն իրենց ստորագրութիւնը Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութիւններէն։ Հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն, մեր սերունդներու իրաւունքներուն հաշւոյն օտարի շահերը բաւարարելու փորձը կը շարունակուի։ Բարեբախտաբար հայութիւնը սկսած է գիտակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու քողարկուած ու բացայայտ սպառնալիքներուն: Տակաւին վտանգուած է նաեւ Արցախի հերոսական ժողովուրդի արիւնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Աւելին, ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշէմին, Թուրքիան անգամ մը եւս կը դրսեւորէ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը Սուրիոյ հայ գաղութին եւ յատկապէս հայկական Քեսապին վրայ, միջազգային հանրութեան աչքերուն առջեւ, օժանդակելով ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորում- ներու բռնարարքները՝ սպանութեանց, տեղահանութեան եւ պղծումներու ծանր հարուածներ տալով Քեսապի հայութեան եւ անոր օճախներուն։

Մենք համոզուած ենք, որ միմիայն համախումբ ջանքերով եւ պահանջատիրական վճռակամ քայլերով կը կարենանք աշխարհի մէջ ձեւաւորել Հայոց ազգային պետական շահերը հաշուի առնելու, մեր իրաւունքները յարգելու գիտակցութիւն։

Յունահայութիւնը կոչուած է իր միասնական եւ վճռական պահանջատիրութիւնը լսելի դարձնելու Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յուզող զարգացումներու այս բախտորոշ հանգրուանին։
Ցոյց տանք աշխարհին, որ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով, թրքական պետութեան դատապարտումով եւ հայ ժողովուրդին տրուած քաղաքական արդար հատուցումով՝ հնարաւոր է խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովել աշխարհի այս գօտիէն ներս։

Միայն արդարութեան վերականգնումով հնարաւոր է նոր էջ բանալ հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի պատմութեան մէջ։

Ա՛յդ է բիւրաւոր մեր նահատակներուն կտակը։
Ա՛յդ է պատգամը Հայկական Ցե- ղասպանութեան 99ամեակին։

Ռ.Ա.Կ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹՒԻՆ
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930