yerakouyn.com. Երեքշաբթի 1 Ապրիլ 2014-ի կէսօրին, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի ազգային ողիմպիականի ղեկավար եւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը։ Այս մասին կը յայտնէ Քնուէյթի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական կայքը։
Հիւրը դիմաւորուեցաւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի եւ Թեմի երեսփոխանական ժողովի ու ազգային վարչութեան անդամներուն ու գաղութիս մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Առաջնորդարնի դահլիճին մէջ նախ բացման խօսքով յանուն քուէյթահայութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Թեմիս երեսփոխանական ժողովի ատենապետ պրն. Յարութիւն Պետիրեան, որ անդրադարձաւ պրն. Ծառուկեանի Հայաստանի բարգաւաճման եւ հզօրացման ի նպաստ նախաձեռնած բազմաբեղուն գործունէութեան։ Ապա գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան ներկայացուց Քույթի հայ համայնքի պատմութեան կարեւոր հանգրուանները։ Ապա խօսք առաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, որ բարի գալուստ մաղթես հայրենի հիւրին եւ անրդրադարձաւ անոր անձը բնորոշող արժաքնիներուն, ի նպաստ հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրաման, քաղաքական, մարդասիրական ու ընկերային մակարդակներու վրայ անոր տարած աշխատանքներուն , նպաստին ու ծրագիրներուն։ Վերջապէս խօսք առաւ պրն. Գագիկ Ծառուկեան։ Ան նախ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց նոյն օր առաւօտուն ազգային վարժարան իր այցելութեան առնչութեամբ։
Ան մեծապէս տպաւորուած ու յուզուած էր ի տես մեր մատղաշ սերունդին որոնք հայրենիքէն դուրս հայրենիք, լեզու եւ մշակոյթ կը պահեն ու պաշտպանեն։ Ան վեր առաւ Քուէյթի հայութեան եւ պատասխանատու մարմիններուն ազգանուէր աշխատանքը, ծառայութեան ոգին եւ ազգապահպանութեան ի նպաստ անոնց տարած նուիրական գործը։ Վերջաւորութեան տեղի ունեցան նուերներու փոխանակում։
Գագիկ Ծառուկեան Քուէյթի հայութեան նուիրեց արծաթեայ խաչքար մը իսկ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը Թեմին անունով պատուական հիւրին փոխանցեց Քուէյթը խորհրդանշող նաւ մը։