Երէկ, 31 Մարտին, առաւօտուն, Քեսապէն Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Լաթաքիա) հասան երեք տարեցներ. Ժոզէֆ Սաղտըճեան (94 տարեկան) Յակոբ Ղազարեան (այլզայմըրով հիւանդ, 85 տարեկան) եւ կինը՝ Արփինէ Չոլագեան (73 տարեկան): Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Լաթաքիոյ մեր գործընկերները:
Ազատ արձակուած երեք քեսապցիները մնացած էին Գարատուրանի իրենց բնակարաններուն մէջ, անոնք իրենց տարիքին բերումով չէին կրցած Լաթաքիա երթալ Քեսապի միւս բնակիչներուն հետ: