Սուրիոյ տարածքին ծաւալող զինուորական գործողութիւնները տագնապալի կացութեան մը մէջ դրած են սուրիահայութիւնը: Պատմական Քեսապ հայաւանը այսօր դատարկուած է իր դարաւոր բնակչութենէն: Աւելի քան 700 հայ ընտանիք դարձած է տեղահան: Թալանուած են բնակիչներու բնակարանները, վաճառատուները: Վնասներու ենթարկուած են ազգային կառոյցները:
Ցեղասպան Թուրքիոյ տարածքէն կատարուած ռմբակոծումները եւ սահմանային անցակէտերէ նախաձեռնուած թափանցումը, Քեսապի հայաթափումը եւ անոր խաղաղ բնակչութեան դառն ճակատագիրի ենթարկուելուն փաստը անգամ մը եւս ցնցած են աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Անմարդկային այս սադրանքին նկատմամբ դատապարտումի եւ բողոքի ալիքը օրէ օր կը ծաւալի եւ քեսապահայութեան նկատմամբ դրսեւորուած զօրակցութիւնը կը ստանայ համահայկական տարողութիւն: Հայութիւնը կը փորձէ հաւաքական ու միասնակամ ճիգերով դիմակալել հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն կերտած այս հայկական շրջանին մեծ մարտահրաւէրը եւ անսալ քեսապահայութեան կարիքներուն ու քարոզչական եւ դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքով ճիգ չխնայել երաշխաւորելու բնակչութեան բնօրրան վերադարձը:
Լիբանանահայութիւնը, ինչպէս միշտ, այս տագնապալի հանգրուանին եւս կը մնայ տէրը համահայկական իր պատասխանատւութեան եւ կը ջանայ իր ուժերու ամբողջական լարումով անսալ իրեն հոգեհարազատ հայրենակիցներու օգնութեան կանչին:
Այս առիթով, ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ յատկապէս քեսապահայութեան մեր զօրակցութիւնը յայտնելու եւ անմարդկային այս նորագոյն սադրանքին դէմ դատապարտումի եւ բողոքի մեր ձայնը բարձրացնելու համար կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայութեան, որ Երեքշաբթի, 1 Ապրիլի կէսօրուան ժամը 12:00-2:00 փակ պահէ հայկական բոլոր վարժարանները, հաստատութիւններն ու վաճառատուները:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ