Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշավայի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ ԳասպարԿարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, բաղկացած նուիրեալ եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ։
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ, ջանալ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել հայ ժողովուրդին բարեկամ Լեհաստանի հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր հիմնահարցերունեւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել ՀՀ դեսպանութեանեւ գաղութային միութիւններուն հետ, արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր ազգային հարցերուն հոլովոյթը: Հայ Դատիյանձնախումբը ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ բոլոր մեր հայրենակիցներուն առաջարկներուն եւ տեսակէտներունքննարկման, ակնկալելով, որ մեր համայնքը պիտի գործնական կերպով սատարէ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը,հաւատալով որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, պիտի ունենայ իր ներդրումը միասնականաշխատանքներուն յաջող իրագործման:
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր առաջին նիստին, որդեգրեց աշխատանքային հիմնական իր ուղեցոյցը եւ կատարեցծրագրումներու շարք մը, որոնք մօտ յառաջիկային պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ հնարաւոր բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ Դատիյանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է իր կողմէ առնուելիք քաղակաքաննախաձեռնութիւններուն:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ,
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբ
Վարշավա, 12 Մարտ 2014