ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանի հարցազրոյցը կուսակցութեան Մամլոյ Դիւանին տրուած:
Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ներկայ քաղաքական ներքին իրավիճակը:
Հայաստանի քաղաքական ներքին իրավիճակը լարուած է: Առաւել եւս օրէ օր կը ծանրանայ ժողովուրդին տնտեսական եւ ընկերային վիճակը: Ի տես այս բոլորին, արտառոց երեւոյթ է որ քաղաքական վերնախաւին մէջ երկխօսութիւն գոյութիւն չունի: Այլ, ընդհակառակը, մենք ականատեսը կ’ըլլանք թէ ինչպէս իրար հանդէպ կը դրսեւորուին ատելութիւնն ու թշնամանքը: Քաղաքականութեան մէջ գործածուող բառապաշարը յոյս չի ներշնչեր. այլ՝ հարցերուն դարման գտնելու փոխարէն, կարծէք կրակի վրայ իւղ կը թափուի: Առաւել եւս լարուածութեան կշռոյթը շատ արագ կ’ընթանայ եւ այս մթնոլորտը ոչ մէկ օգուտ կրնայ բերել հայրենիքին եւ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրներուն:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը արդէն կը գործէ միաւորուած եւ կը փորձէ դառնալ այլընտրանքային ուժ:
Խորհրդարանական ընդդիմութեան համագործակցութիւնը ես չեմ կարծեր որ ունի ամուր եւ առողջ հիմքեր. ան հիմնուած է «թշնամիիս թշնամին իմ բարեկամս է» հասկացողութեան վրայ: Այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ թարգմանուիլ, օրինակի համար, ԲՀԿ-ՀԱԿ համագործակցութիւնը, երբ այս կուսակցութիւններու ղեկավարները հանրութեան առջեւ իրար ձեռք սեղմելու դեռ պատրաստ չեն: Արդեօք փոխադարձ անվստահութեան պատճառո՞վ է ան պայմանաւորուած, թէ ոչ հանրութեան կողմէ անընդունելիութեան: Ուրիշ այլ օրինակ՝ արդեօք չորսն ալ համաձա՞յն են Մաքսային Միութեան անդամակցութեան. անշուշտ՝ ոչ:
Ընկ. Տիգրանեան, ի տես այս բոլորին ո՞րն է լուծումը. ինչպէ՞ս կարելի է երկիրը այս տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամէն դուրս բերել:
Իրավիճակը շատ լուրջ է, ժողովուրդը կորսնցուցած է իր յոյսերը ապագայի հանդէպ. արտագաղթը հասած է Հայաստանի անվտանգութիւնը խաթարելու աստիճանին. ժողովուրդին տնտեսական եւ ընկերային վիճակը կը վատթարանայ օրէ օր, գիւղերը կը պարպուին, գործի հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, ազերիական սպառնալիքները օրէ օր կ’աւելնան: Այս բոլորը տեսնելով, մէկ ճանապարհ կայ դուրս գալու այս ճգնաժամէն, այն ալ ազգային միասնական կառավարութեան մը ստեղծումն է: Բոլորս, իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, պատասխանատու ենք դուրս բերելու երկիրը այս ահաւոր վիճակէն. սա արդէն արտակարգ իրավիճակ է: Ազգային միասնական կառավարութեան գոյառումը առաջին հերթին պիտի օգնէ հանդարտեցնելու ներքին լարուածութիւնը, ժողովուրդին մօտ պիտի վերականգնի յոյսը, լաւատեսութեամբ պիտի դիմաւորուի Սփիւռքի կողմէ, եւ կայունութեան որպէս արդիւնք՝ յառաջընթաց պիտի արձանագրէ տնտեսութիւնը: Հետեւաբար, կը կրկնեմ՝ միակ ճանապարհը ազգային միասնական կառավարութեան մը ստեղծումն է օր առաջ եւ մենք՝ Հնչակեաններս պատրաստ ենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը վերցնելու:
Նախագահ Քոչարեան վերջերս տարբեր առիթներով հանդէս կու գայ հարցազրոյցներով. որեւէ տեղաշարժ կրնա՞յ ունենալ իր քաղաքական դաշտ վերադարձով:
Նախագահ Քոչարեանի հարցազրոյցները դարձած են աւելի յաճախակի. ան ըստ երեւոյթին աստիճանաբար աշխուժացման ճանապարհը բռնած է, որ կրնայ յանգիլ իր քաղաքական դաշտ վերադարձին մինչեւ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններ: Ան ընտրած է քաղաքական գնահատականներէ հեռու մնալը, եւ փոխարէնը իր արժեւորումները կեդրոնացուցած է առ այժմ զուտ տնտեսական ոլորտէն ներս: Նոյնիսկ վերջերս Մաքսային Միութեան հետ կապուած իր տուած վերջին ասուլիսով ոչ մէկ անդրադարձ կար իշխանութեանց առած որոշումին քաղաքական շարժառիթներուն մասին, այլ` կեդրոնանալով միայն տնտեսական բաժնին: Մենք բոլորս գիտենք թէ Հայաստանի Մաքսային Միութեան ճանապարհը որդեգրելը առաւելաբար իր քաղաքական պատճառները ունէր: Այնքան ատեն որ Քոչարեան քաղաքական գնահատականներէ հեռու կը մնայ, անոր տուած յայտարարութիւնները անդրադարձ չեն կրնար ստեղծել գետնի վրայ. իսկ երբ ան ի վիճակի կարենայ ըլլալ քաղաքական գնահատականներ տալու, ես կը կարծեմ որ իրեն համար ժամանակը դժուար թէ հասուննայ:
Շատ քննարկուող նիւթերէն մէկը Հայաստանի անդամակցութեան հարցն է Մաքսային Միութեան: Եւրոպան ըստ երեւոյթին ընդվզած է Հայաստանի առած որոշումէն եւ կը փորձէ տարբեր տեսակի ճնշումներ բանեցնել Հայաստանի վրայ:
Հայաստանի որոշումը՝ միանալու Մաքսային Միութեան, առնուած քայլ մըն էր ելլելով զուտ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքէն եւ շահերէն: Ես համաձայն չեմ որ այդ արդիւնք էր ճնշումներու, այլ՝Հայաստանի շահերէն բխող քաղաքական ուղղուածութեան: Եւրոպան եւ Արեւմուտքը պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունին պահպանելու եւ սատար կանգնելու Հայաստանի բարօրութեան. ճնշումներ բանեցնելու փոխարէն, Եւրոպան պէտք է քաջալերէ որպէսզի Հայաստանը դառնայ տարածաշրջանին մէջ օրինակելի երկիր իր ժողովրդավարութեամբ, ազատութեամբ, խաղաղութեամբ եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքով:
Պէտք չէ մոռնալ, որ եթէ այսօր Եւրոպան կը վայելէ ազատութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում, անոր մէջ ներդրում ունին նաեւ հայերը իրենց 200.000 զոհերու արիւնով: Մանուշեանը անոնցմէ մէկն էր: Պէտք է կարդալ Մանուշեանի վերջին նամակը ուղղուած իր ծնողներուն՝ գնդակահարութենէն մի քանի ժամ առաջ, ուր կոչ կ’ուղղէր ատելութեան եւ վրէժխնդրւթեան տեղ չտալ նոյնինքն զինք սպաննող գերմանացի ժողովուրդին հանդէպ:
Վերջերս Ապտուլլահ Օճալան կոչ նամակով մը հանդէս եկաւ հայութեան: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը անոր բովանդակութեան մասին:
Ինչպէս գիտէք, Օճալան իր նամակը հրապարակեց Պեսէ Հոզաթի այդ տխրահռչակ յայտարարութենէն ետք, որ օրին Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարութեամբ դատապարտեց զայն: Անկեղծ ըլլալու համար, Օճալանի նամակ-յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ նորութիւն կար: Այն պնդումներուն որ ան «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործած է, կ’ուզեմ յիշեցնել որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը՝ ԲՔՔ-ն 1982-էն սկսեալ ամէն առիթներով եւ իր մամուլով միշտ ալ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան: Պեսէ Հոզաթի յայտարարութենէն եւ անոր յաջորդող Օճալանի նամակէն մենք՝Հնչակեաններս մտավախութիւն ունինք, որ քիւրտ ժողովուրդը դէպի հայ-թրքական հարցին մէջ ներքաշելու փորձեր տեղի կ’ունենան: Մեր ցանկութիւնն է որ մեզի շատ սիրելի քիւրտ ժողովուրդը անցեալի փորձառութիւնը իր աչքին առջեւ ունենայ եւ ըստ այնմ շարժի:
ՍԴՀԿ Մամուլի Կեդրոն