Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եկուր քովս տղաս, պատմելիք մ’ունիմ

Փետրվար 23,2014 21:16

articlechurch– Եկուր քովս տղաս, պատմելիք մ’ունիմ…
Յանկարծ ձայնեց մեծ հայրս: Քովը շտապեցի եւ անհամբեր սպասեցի իր պատմուածքին, որ միշտ մանկութեան սիրտս կը թրթռեր:
– Դուն կ’աղօթե՞ս տղաս – Ես զարմացած սթափեցայ այս անակնկալ հարցումէն:
– Երբեմն կ’աղօթեմ, բայց յաճախ կը մոռնամ – պատասխանեցի ինքզինքս յանցաւոր զգալով:
– Վնաս չունի – հապճեպ ըսաւ – Եթէ այդպէս է, լաւ մտիկ ըրէ հետեւեալ պատմուածքին: Երբեք չեմ մոռնար այն պայծառ օրը Սեբաստիոյ կեդրոնին մէջ: Իմ ընկերներովս սրճարանին նստարաններուն վրայ նստած էինք ու կը խօսակցէինք ասկէ անկէ: Մոռցած եմ թէ ինչի մասին կը խօսէինք, թերեւս օդին պայծառութեան կամ թէ օրուայ քաղաքականութեան վրայ: Կը յիշեմ որ այդ օրը սուրճս վրաս թափեցի: Ասի լաւ կը յիշեմ որովհետեւ սակաւ կը պատահեր այսպէսի անճարակ բան մը: Ընկերներս խնդացին ու ծիծաղեցան իմ հաշուոյս ու շարունակեցինք մեր զրոյցը:
Գիտցիր տղաս, որ Հայերը իրենց առօրեայ աշխատանքը աւարտելով միշտ այդպէս կը միանային ու ռամիկ զրոյցներով կը զբաղուէին: Իմ սովորական կեանքս միշտ այս էր եղած` իսկ լաւ ալ կը զուարճանայինք միասին. մէկը խաղաթուղթերը կամ թաւլան կը բերեր, սրճեփը թէյը կը պատրաստէր, ու անընդհատ գլանիկ կը ծխէինք, ու բացի այդ` պայծառ օդը մեր եռանդը կը գրգռէր: Ասկէ զատ ոչ մէկ բանի չէինք ցանկար: Մեզի համար խաղաղութիւն էր սա, յաւերժ հանգստութիւն մը:
Բայց մինչեւ այն կէտին երբ… – սակայն մեծ հայրս իր աչքը դէմքիս վրայ սեւեռեց ու վերջնականապէս արձակեց իր մէջի խեղդուած խօսքը –
Պայթումը լսուեցաւ՜:
Այդ երկու բառերը սարսռեցին մանր մարմինս. չէի գիտէր ինչու:
Այդ պահուն, – շարունակեց մեծ հայրս աւելի լուրջ տրամադրութեամբ ,- չանդրադարձանք թէ ինչ պատահեցաւ: Գործաւորները իրենց աշխատանքը թողելով թափուեցան փողոց: Քիչ ետք տեսանք երկինք սլացող սպիտակ մոխիրը: Նկատեցինք որ մեզ մօտիկ էր ու շտապեցինք դէպի չնախատեսուած արկածը: Քաղաքը իրարանցումի մէջ էր: Վստահութեամբ կրնամ ըսել որ այսպէսի պայթում մը տակաւին չէր պատահած Սեբաստիոյ պատմութեան մէջ: Շատերն կռահեցին որ պատերազմ ծագեցաւ: Բայց ես գիտէի այս երեւոյթը ամբողջովին տարբեր էր:
Մօտեցանք մեր նպատակակէտին: Իսկ որքան որ մօտեցանք, այնքան ալ անսովոր անդորրութիւն մը շրջապատեց մեր չորսդին: Ի միջի այլոց, տեսանք մարդեր որոնք  հաւանաբար կու գային աղմուկին արմատէն: Ակնարկ մը նետեցի անոնց դէմքի վրայ: Իրենց հանգիստ ու անփոյթ քալուածքը անմոռանալի էր: Կարծես թէ պատերազմի յաղթողի հպարտութիւն մ’ունէին: Իրենց կենցաղը տարօրինակ հանգստութիւն մը պատճառեց հոգւոյս մէջ. թերեւս անհանգիստ հանգստութիւն մըն էր, եթէ այդպէսի բան մը գոյութիւն ունի անշուշտ:

– Ասիկա մեր եկեղեցիին ճամբան է քա՜ – Յանկարծ կոչեց քովի բարեկամս:
Ու իսկապէս այդպէս էր:
Ապահով հեռաւորութենէ նկատեցինք մոխրին շուրջ բոլորուած ամբոխը: Շտապեցինք մեր քայլը եւ վերջապէս հասանք` վկայ առնելով ակամայ սարսափելի տեսարանի մը: nishan3small
Աւերակ դարձուած մեր Հայոց եկեղեցին էր:
Ապշած մնացինք: Ի՞նչ ընէինք: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ ունէինք այս իրագործութիւնը արգիլելու կամ կեցնելու: Ու եթէ Հայ համայնքը նախ լուռը ստանար, ի՞նչ փոյթ: Պիտի պոռայինք կամ աղաչէինք որ ստանայինք ինչպի՞սի արդիւնք մը: Այս հարցումները կը տանջեն խիղճս մինչ այսօր:
Նստեցանք աւերակներուն դիմացը: Հին յուշեր սկսան թափանցել մեր մտքերուն մէջ: Ի հարկէ, այս եկեղեցիին մէջ էր որ մեր նախահայրերը մկրտուեցան, այս նոյն եկեղեցին էր որ կը յիշեցներ մեզ որ տակաւին մարդկութեան յոյս գոյութիւն ունի այս ապականեցուած հասարակութեան մէջ:
Հեռացանք եկեղեցիէն տրտում ու ցնցուած: Թողեցինք մեր տաճարը մինակ ու անտեր: Լքեցինք զինք պատերազմի դաշտի վիրաւորած ու մահամերձ զինուորի մը նման` որ մեզ արտօնութիւն չէր տրուած փրկել: Մեր այս խորունկ թախիծին որեւէ բուժում չի կար:
Անբացատրելի է մօրս գունատ դէմքը երբ տուն վերադարձայ ու պատմեցի եղելութիւնը. ան իր նուրբ ձեռքերովը անմիջապէս խաչակնքեց եւ սկսաւ ուղղել իր ողբը ու անդարման սուգը Աստուծոյ հասցէին:
Հէ՜ք մայր իմ, աքսոր տեսած մայր ի՜մ. կին մը` որ կորսնցուցած էր իր երէք զաւակները Տեր Զորի ճանապարհին: Ինքնիրեն հարց ու փորձ կընէր թէ ե՞րբ պիտի լրանար իր շուրջ կատարուած հարստահարութիւնները:
Այդ գիշեր, գրեթէ բոլոր Սեբաստիոյ Հայերը հաւաքուեցան յարգելի ամոլի տնակին մէջ: Երբեք չեմ մոռնար հիւրընկալներու հագած հագուստները, որոնք սքեմի նման սեւ կը կենան աչքիս առջեւ մինչ այսօր: Կիները հագած էին իրենց զգեստները կարծես թէ պատրաստ էին յուղարկաւորութիւն մատուցելու: Կանանց շատերը լաչակ հագած էին, իսկ մնացածը կապած էին իրենց հիւսած ժանեակները ու տեղաւորեցին իրենց գլխին վրայ: Տղամարդերը եւս սեւ կերպասներով փաթթուած էին: Զարմանալիօրէն, այս սեւ զգեստափոխութեան գաղափարը իւրաքանչիւրին որոշումն էր ու բոլորովին զուգադիպութիւն մը:
Յանկարծ միասնաբար սկսան աղօթել:
Ոմանք սկսան արտասանել «Հայր Մեր»ը, ոմանք այլ աղօթքներ: Հայերէն չգիտցողը թրքերէնով խնդրեց ողորմութիւն ու մի քանին նոյնիսկ ծնրադրեցին, մահմետական կերպով գետնին համբուրելով: Այս բոլորը որովհետեւ Հայ եկեղեցին, մեր անբիծ ապաւէնը ենթարկուած էր այսպիսի աներեւակայելի կոտորածի: Մէկն աղաղակեց, աչքերը յարած երկնքին, «Տունդ փշրանքի վերածեցին Տէր իմ Յիսուս Քրիստոսի»: Այդ մարդուն աղաղակը ամեն մէկ կոհակը իմ ականջներս կը ցնցէ մինչ այսօր:
Յանկարծ աղօթողներուն մէկը հեկեկալու սկսաւ: Ծանօթ կին մըն էր որ մօրս մտերիմ բարեկամը կ’ըլլար: Ու երբ ամենը նկատեցին իր հեկեկալը, բոլորը միացան անոր ողբին: Ամենը արձակեցին իրենց խորն թախիծը արտասուքի կերպով:
Լացին որ իրենց աղաչանքը հասցնեն Աստծուն:
Լացին ու ճչացին որ գոնէ այս բօթ լուրը տային Աստծուն:
Լացին եւ աղօթեցին, աղօթեցին յետոյ կրկին լացին:
Լացին մինչեւ արշալոյսը ծագեցաւ, խորհրդանշելով գոյութիւնը յոյսի հաւատացեալին համար, նոյնիսկ երբ մարդ լքուած զգայ իր միջավայրէն:
Երբ մեծ հայրս եզրափակեց իր պատմութիւնը, նկատեց իմ ջրոտ աչքերս, ու մեղմօրէն հարցուց, – ինչու կու լա՞ս տղաս, լալու բան չի կայ:
– Ձեր հետ կ’ուզեմ լալ մեծ հայր իմ, -պատասխանեցի լալագին,- մինակ ինչպէ՞ս լքեմ ձեզ: Արդեն լքուած չէիք Աստուծոյ ու մարդկութեան կողմէ՞:
Մեծ հայրս նստած թիկնաթոռի յենուեց ու իր ջրոտ աչքերը սրբելով ինձ թեթեւ ժպիտ մը պարգեւեց:

Կարէն Գազանչ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. gohar says:

    Այս բոլորը որովհետեւ Հայ եկեղեցին, մեր անբիծ ապաւէնը ,
    and
    Հայերէն չգիտցողը թրքերէնով խնդրեց ողորմութիւն ու մի քանին նոյնիսկ ծնրադրեցին, մահմետական կերպով գետնին համբուրելով:
    Oooooooooooo, My God

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728