Տիկին Ք. Աշթոնին, ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ արտաքին յարաբերութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան, փոխ նախագահ Եւրոյանձնաժողովի
Ձերդ գերազանցութիւն,
Կարդալով այն լուրը, թէ Եւրոպական Միութիւնը իբր Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծում, կը պատրաստուի նիւթական աջակցութեանառաջարկ ներկայացնել՝ (https://euobserver.com/foreign/122996) որ առաջարկուած էր Եւրոպական միութեան դեսպաններուն Եւրոպայիքաղաքական եւ անվտանգության յանձնախումբ փետրուար 3-ի նիստի ընթացքին, եւ որ այդ նիւթական աջակցութեան գումարը պիտիտրամադրուի խումբ նուիրատու երկիրներէ, որոնց մէջ է նաեւ Ատրպէյճանը, մեզ մեծ անակնկալ պատճառեց։ Շատ մեծ հիասթափութիւն է տեսնել Ատրպէյճանի անունը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Նորվեկիան, Ճափոնը, Ամերիկայի միացեալ նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, նոյն ցանկին վրայ։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը ինչքան անհրաժեշտութիւն է ներկայիս, եւ ձեր դերը բարձր կը գնահատելի է, սակայն տեսնել Ատրպէյճանը ժողովրդավարութիւն պաշտպանող նուիրատու երկիրներու հետ նոյն ցանկին վրայ, պարզապէս անհեթեթութիւն է։
Եւրոպական միութիւնը յայտնի է իր խիստ հետևողականութեամբ ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեանմէջ, եւ պարզապէս պէտք չէ թոյլ տալ բռնակալ երկրի մը հանդիսանալ նուիրատու, այլ երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու գործին մէջ։
Ողջունելով Ուքրանիոյ ժողովուրդը ժողովրդավար սկզբունքներուն համար իր պայքարին մէջ, որուն Եւրոմիութիւնը նպատակ ունի օժանդակելու նաեւ նիւթապէս, դրամական միջոցները, նուազագոյնը, պէտք է ստանալ խումբ մը ժողովրդավար երկիրներէ, այլ ո՛չ թէԱտրպէյճանի նման բռնապետական պետութենէ։ Հետեւաբար, այսպիսի ընտրութեան մը բարոյական չափանիշի վերաբերեալ հարցը պէտք դէ ձեզ զարմացնէ։
Կարդացեք նաև
Արդէն պարզ է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ոստում կատարել իր «խաւիարային դիւանագիտութեամբ» այլ մակարդակներու, դառնալով նուիրատու երկիր իր ընդլայնուած տարածաշրջանին համար։ Ժողովրդավարութիւն արտահանելու փոխարէն՝ Ատրպէյճան պէտք է նախ ժողովրդավարութիւն հաստատէ իր երկրին մէջ։
Քննարկելով պատժամիջոցներ Ուքրանիոյ իշխանաւոր խաւին դէմ, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օժանդակել նոյն երկրիժողովրդավարական բարեփոխումները մէկ այլ երկրի փտածութեան մէջ գտնուող իշխանաւոր խաւի դրամական միջոցներով։
Կարեւոր կը համարենք անգամ մը եւս նշել միջազգային շարք մը յայտնի կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են Freedom House եւTransparency International-ը եւ իրենց զեկոյցները, (https://www.freedomhouse.org/country/azerbaijan#.UvJd1CyYZMs) (https://www.transparency.org/country#AZE) յիշելու համար Ատրպէյճանի իրական երեսը։ Դուք տեղեակ էք անցեալ տարուաննախագահական ընտրութիւններու խայտառակութիւնը, երբ արդիւնքները հրապարակուեցան քուէարկութենէն առաջ, ուր ներկայիս նախագահ Իլհամ Ալիեւը ստացաւ ձայներու 84%-ը։ Այս ընտրութիւններու OSCE/ODIHR-ի զեկոյցը հոս է.-https://www.osce.org/odihr/elections/106901։ Իսկ Ատրպէյճանի հասարակակա կազմակերպութիւններու շուրջ օրէնքի բարեփոխումները եւ փոփոխութիւններու վերաբերեալ օրինագծի առաջարկը, որուն շուրջ իր դիրքորոշումն արտայայտած է Արեւելեանհամագործակցութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումը եւ Ատրպէյճանի մասնաճիւղի միջոցով (https://www.eap-csf.eu/en/news-events/news/statement-of-eastern-partnership-civil-society-forum-on-ngo-law-amendments-in-azerbaijan/), կը հանդիսանայ ստոյգ ապացոյց, թէ ինչպէս բռնապետական ռեժիմը կը վերաբերուի իր սեփական ժողովուրդին դէմ, մէկ կողմ դնելով Քիեւի Եւրոմայտանի հրապարակին շուրջ հաւաքուած հարիւր հազարաւորուքրանացիներու ձայնը եւ անոնց օժանդակելու խնդիրը ընդդէմ իրենց կառավարութեան։
Նուազագոյնը, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ ընել Ուքրանիոյ համար փոխանցման այս շրջանին՝ զերծ մնալն է Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութենէն եւ նիւթական աջակցութենէն։
Անգամ եւս յիշեցնելով վերոնշեալը՝ մենք յոյս կը յայտնենք, որ Եւրոմիութիւնը պիտի չդաւաճանէ իր ժողովրդավարական արժէքները զգոնութեամբ ընդունի իր որոշումները փոխանցման շրջանի մէջ գտնուող երրորդ երկիրներու հետ համագործակցիլը։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ,
Գասպար Կարապետեան,
նախագահ