Արեւմտեան հայաստանի Պաշտպանութեան Խորհուրդը, հիմնուած Օգոստոս 10, 2005 թթ. իսկ Յունուար 6, 2007 թուականէն իվեր վերածուած Լիազօր պահանջատեր մարմինի Ուիլսընեան Հայաստանի՝ Պիթլիս, Վան, Էրզրում եւ Տրապիզոն, եւ այդ ազգային վեհ նպատակին հասնելու համար, իր տարած քարոզչական եւ դաստիերակչական համառ աշխատանքին միջոցաւ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ , կրօնափոխ եղած Հայ ժողովուրդի 6 միլիոն ժառանգորդներէն արդէն մինչ այսօր, 115,000 անձիկ վերադառձան իրենց արմատներուն՝ Հայութեան. անոնց բոլոր անունները ցանկարկուած են մեր տոմարներուն մէջ:
Արեւմտեան հայաստանի Պաշտպանութեան Խորհուրդը պիտի շարունակէ իր քարոզչական աշխատանքները մինչեւ իրենց արմատներուն վերադառձողներուն թիւը հասնի 6 Միլիոնի.
Արեւմտեան հայաստսանի Պաշտպանութեան խորհուրդին հասած հարիւրաւոր ուղակի նամակներուն համաձայն, երկու երրորդը 6 միլիոնին, անպայման կուզեն իրենց Իսլամական հաւատքը պահել, սակայն վերադառնալ իրենց Հայութեան. ուստի կ՝առաջարկենք, ամբողջ հայութեան՝ պետութիւն, կուսակցութիւններ միութիւններ եւ եկեղեցիներ, անյապաղ գիտաժողովներ գումարէն որոշելու , թէ մենք կուզենք « ՎԵՑ ՄԻԼԻՈՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ՏԱՐԲԵՐ ԿՐՕՆՔՆԵՐՈՎ. ԹԷ ԵՐԿՈՒ ՄԻԼԻՈՆ ՄԷԿ ԿՐՕՆՔՈՎ»:
Մեր զարմիկներ Արեւմտեան հայաստանի մէջ 100 տարի սպասեցին եւ տոկացին. բաւ է այլեւս « այսօրուայ գործը վաղուան ձգել» մենք պատասխան տալու ենք մեր պատմութեան եւ յաջորդող սերունդներուն:
Կարդացեք նաև
Արեւմտյան Հայաստանի պաշտպանության խորհուրդ