Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ Ուրբաթ օրը տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու ժողով: Նիստին` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան, փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան եւ Ընկ. Շաւարշ Ակինեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, իսկ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը կը
գլխաւորէր ատենապետ Մայք Խարապեան: Ժողովակիցները քննարկեցին քաղաքական երեք կուսակցութիւնները յուզող հարցեր, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարները, համագործակցութեան եւ համադրումի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մօտիկ
Կարդացեք նաև
ապագայի համահայկական ծրագիրները միասնական շարքերով իրականացնելու հրամայականը: Ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն:
ՍԴՀԿ Մամուլի Կեդրոն