Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հ.Յ.Դ. Իսթանպուլի մէջ կը մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի նիստերուն

Նոյեմբեր 12,2013 11:38

Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Իսթանպուլի մէջ սկսան Ընկերվար Միջազգայ¬նա¬կանի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար, Իսթանպուլ մեկնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցեու գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանէ։
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի ֆինանսներու եւ վարչական յանձնախումբը, որուն անդամ է Հ.Յ.Դ.-ն։ Ժողովին մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեանը։ Ժողովը քննեց կազմակերպութեան ֆինանսական վիճակը, իրենց պարտաւորութեանց մէջ թերացող անդամ կազմակերպութեանց ընթացը եւ որդեգրեց կազմակերպութեան Խորհուրդին կողմէ հաստատուելու համար ներկայացուելիք նախահաշիւ՝ 2014-ի մուտքերու եւ ելքերու համար։
Նոյն օրը երեկոյեան, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահու¬թեան նիստը. նիստին մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեանը։ Կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Եորղոս) Փափանդրէուի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովը անդարադարձաւ միջազգային քաղաքական իրադարցութիւններու եւ կազմակերպութեան դիմագրաւած հարցերու։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ հիւրընկալ՝ Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնա¬խագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն։ Մարիօ Նալպանտեանը խօսք առաւ կազմակերպութեան հարցերու մասին. Մինչ այդ, սակայն, ան նախագահութեան անդամներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ, թէ իրեն եւ իր կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դ.-ի համար այս քաղաքին մէջ այս ժողովներուն մասնակցութիւնըպատմական նշանակութիւն ունի, ոչ թէ որովհետեւ պատուիրակութեան անդամներու առաջին այցելութիւնն է Իսթանպուլ, այլ՝ յատկապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս այս քաղաքին մէջ չէ գտնուած աւելի քան 92 տարիէ ի վեր՝ բոլորին ծանօթ իրադարձութիւններու պատճառով։
Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, սկսաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը։ Ժողովի բացման խօսքերէն ետք, յատուկ օրակարգով ելոյթ ունեցան անցեալ Յունիսին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի Գեզի այգիի (ուր նախապէս եղած է հայկական գերեզմանատուն) պահպանման համար տեղի ունեցած շարժումներուն մասնակիցներ, ներկայացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու հակաժողովրդավարական պահուածքը այս ընթացքին։
Ժողովը անցաւ գլխաւոր օրակարգին՝ «Յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն առնչուող ընթացիկ տագնապ¬ներ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններ»։ Բացի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, այս օրակարգով ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներ եւ Արաբական լիգայի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը։
Ելոյթ ունենալով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը ըսաւ, թէ Սուրիոյ տագնապը ունի միայն քաղաքական լուծում, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք համաձայն են երկխօսութան ճամբով հասնելու քաղաքական լուծումի մը եւ պէտք է յարգուին առանց բացառութեան բոլորին իրաւունքները։ Սուրիոյ ժողովուրդին բարեփոխումներու արդար պահանջքը խաբանուեցաւ՝ արտասահմանէն եկած ծայրայե¬ղական խմբաւորումներու զինեալ մասնակցութեան հետեւանքով։ Սուրիան բազմաէթնիկ, բազմակրօն եւ բազմամշակութային երկիր ու հասարակութիւն է, ըսաւ Նալպանտեանը, ուր հայերս, տեղւոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնքներուն հետ ապրած ենք աւելի քան հազար տարի եւ պայքարած՝ մեր իրաւունքներուն համար։ «Կը զօրակցինք Ընկերվար Միջազգայնականի այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է երկխօսութեան ճամբով նպաստել հարցի լուծման եւ ապահովել բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը Ժընեւ 2-ի խորհրդակցութիւններուն», ըսաւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ այլապէս պիտի խախտուի նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայունութիւնը արեւելեան Միջերկրանէն կը հասնի մինչեւ Կասպից Ծով, որովհետեւ այնտեղ առկայ է ահաւոր սպառազինում, որ կը զուգակցուի ռազմատենչ հռետորութեամբ։ «Այս տարածաշրջանը կարիքը ունի ներդրումներու, կարիք ունի աշխատատեղիներու, կարիք ունի զարգացումի, որոնք կը բարելաւեն կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը եւ կը բաւարարեն շրջանի ժողովուրդներու ընկերային կարիքները, ապագայի նկատմամբ յոյս կու տան երիտասարդութեան եւ այդպիսով երիտասարդութիւնը հեռու կը պահեն ծայրայեղականութիւններէ՝ ահաբեկչութենէ եւ թմրանիւթերէ։ Այդ պատճառով ալ, համաձայն եմ այսօր հնչած այն գնահատականներուն, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը չէ նպաստած կայունութեան հաստատման, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ կողմէ դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ ապակայունացնող ամէն ինչի ներհոսք։ Իսկ միւս կողմէ Թուրքիան միակողմանի եւ անարդար կերպով արդէն քսան տարիէ ի վեր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը։ Ժամանակը հասած է, որպէսզի Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ծրագրումի եւ իրագործման համար», ըսաւ Մարիօ Նալպանտեանը։
Նալպանտեանը իր խօսքը աւարտեց, շեշտելով թէ «կը հաւատանք, որ ամբողջ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները կը լուծուին երկխօսութեան եւ հակամարտու¬թիւններու տեւական կարգաւորման համար փնտռտուքներու ճամբով։ Այս տեսանկիւնէն կը հաւատանք, որ Ընկերվար Միջազգայնականը պէտք է նպաստէ առկայ կերպարի (paradigm) եւ հաւասարութեան փոփոխութեան, ուր պէտք է ապահովել ներդրումներ, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, զզարգացնել գիտութիւնն ու ճարտարուեստը, բարելաւել առողջապա¬հութիւնը։
Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը կը շարունակուի։
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդա-վարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Այն կը համախմբ է բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկրներու շուրջ 160 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
ԱՊՀ երկրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը եղած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցությունը (2003թ)։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Հովհաննիսյանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովյան տարածա-շրջանային յանձնախումբի համանախագահ։ Հ.Յ.Դ. նաեւ անդամ է կազմակերպութեան կազմակերպութեան ֆինանսների եւ վարչական յանձնախմբի։ Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930