Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանին, Ժմմէյզէի “Թէքէեան” կեդրոնին մէջ տեսակցեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հետ«, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանին: Ժողովին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ` պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան, վարչութեան անդամներ Ընկ. Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան եւ Ընկ. Շաւարշ Ակինեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Յովսէփ Էմիրեան, Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան եւ Յարութ Երկանեան:
Ժողովակիցները արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող եւ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերը: Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչումի նախապատրաստութիւններուն, ձեռնարկները համազգային մակարդակի վրայ եւ համագործակցաբար կազմակերպելու հրամայականին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութեան եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան հայանպաստ լուծում գտնելու հեռանկարներուն: Կեդրոնական վարչութիւններու պատուիրակութիւնները քննարկեցին Հայաստանի ներքին կացութիւնը, մասնաւորապէս կեդրոնանալով Հանրապետութեան տնտեսական իրավիճակին եւ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաուէրներուն վրայ: Փոխանակուեցան կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ առաջարկուած միտքեր:
Ժողովակիցները նաեւ արծարծեցին սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները, Սուրիահայ գաղութը կանգուն պահելու եւ հայորդիներուն հրատապ օգնութիւններ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Որոշուեցաւ նմանօրինակ նիւթերու շուրջ քննարկումները շարունակել եւ համագործակցութեան խողովակները բաց պահել:
Կարդացեք նաև
ՍԴՀԿ Մամուլի Կեդրոն