Սոցիալ Դեմոկրան Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանին Երկուշաբթի օրըայցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահՎեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, քննարկելու համար տեղական, շրջանային ու ազգային վերջին զարգացումները: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ պետական երեսփոխանԸնկ. Սեպուհ Գալփաքեան, Ընկ. Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան եւ Ընկ. Շաւարշ Ակինեան, ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի:
Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը հոգեւոր պետերուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ կայացած ՍԴՀԿ Ընդհանուր համագումարի արդիւնքները եւ ընտրուած վարչութեան անդամները: Հանդիպումներուն ընթացքինքննարկուեցան գլխաւոր երեք նիւթերը` Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչումը, Հայաստանի իրավիճակը եւ սուրիահայութեան խնդիրները: Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը շեշտեց Մեծ Եղեռնի յիշատակիոգեկոչման ձեռնարկները կազմակերպուած միջոցներով մշակելու եւ համագործակցութեան վրայ հիմնուելու կարեւորութիւնը, հասնելու համար ցանկալի արդիւնքներու:
Խօսելով Հայաստանի կացութեան մասին, Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերները արծարծեցին երկրի տնտեսական կացութիւնը, ժողովուրդին առջեւ ցցուած մարտահրաուէրները եւ զանոնք լուծելու միջոցները,հիմնուելով Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան վրայ: Այն ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան խնդիրներուն, ապա զրուցակիցները համակարծիք էին սուրիահայ զաւակներուն օգնութիւններ փոխանցելու եւգաղութը ամէն միջոցներով կանգուն պահելու անհրաժեշտութեան շուրջ: Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ երեք յարանուանութիւններու ղեկավարութեան հետ համագործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնըշարունակելու կարեւորութիւնը:
ՍԴՀԿ Մամուլի Կեդրոն