Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եվրապատգամավորները հերթական անգամ դատապարտել են Ադրբեջանին

Սեպտեմբեր 26,2013 12:21

Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։

Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ազրպէյճանը՝ հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոերեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ:

«Կ’ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Տարածաշրջանէն ներս Ազրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ Պելարուսէն աւելի» ըսաւ Անա Կոմես (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուկալ): Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նշեց, թէ «ժողովրդավարութիւնը, հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ազրպէյճանէն»:

Ազրպէյճանի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով ըսաւ, թէ Եւրոպան փաստ չունի Ազրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Անոր գործընկեր Ասիմ Մոլազատէն, որպէս իր երկրի յառաջդիմութեան փաստ, նկատեց Ազպրէյճանի շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանց ունենալու իրողութիւնը: Վերոնշեալները խստիւ դապարարտուեցան եւրոերեսփոխաններուն կողմէ որպէս Ազրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտող յայտարարութիւններ:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ դարձեալ մատնանշուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: «Որքա՞ն ժամանակ դեռ Եւրոպան պիտի պահէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը ակնկալումներու եւ մաղթանքներու մակարդակի վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջել, փոխանակ յոյսերու վրայ մնալ»:

 ՀՅԴ մամուլի հաղորդագրություն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30