Կուսակցութիւնը գումարեց իր 20-րդ համագումարը: Կուսակցութեան գերագոյն ժողովին կը մասնակցէին 17 երկիրներէ եկած պատգամաւորներ:
Համագումարը հանգամանալից կերպով քննարկեց Հայաստանի, Հայ ժողովուրդի եւ սփիւռքահայութեան առջեւ դրուած կենսական հարցերը, միջազգային եւ շրջանային
քաղաքական իրավիճակները, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական բնոյթի հարցեր:
Քննարկելով Հայաստանի ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը համագումարը վերահաստատեց կուսակցութեան հիմնական ուղեգիծը՝ թիկունք կենալու եւ առաջնորդելու ժողովուրդի ընկերային արդար պահանջքներն ու բողոքները կաշառակերութեան, հովանաւորչութեան եւ սակաւատէրութեան (օլիգարխիա) դէմ:
Համագումարը անդրադարձաւարտագաղթի մտահոգիչ երևոյթին ու գտաւ, որ ան մեծ մասամբ արդիւնք է ընկերային անարդարութեան ու իր ապագայի նկատմամբ քաղաքացիի յոյսի կորուստին: Համագումարը շեշտեց, որ միայն վերոնշեալ արատաւոր երեւոյթներու վերացմամբ կարելի է կասեցնել այս ազգային ողբերգութիւնը:
Համագումարը արձանագրեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ դրական
տեղաշարժ եղած է խօսքի ազատութեան ասպարէզէն ներս, սակայն ժողովրդավարութեան ամրապնդման ծիրէն ներս արձանագրուած յառաջընթացը տակաւին բաւարար չէ:
Համագումարը գտաւ, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը պէտք է վարէ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրավիճակներէ թելադրուած արտաքին քաղաքականութիւն: Այդ առումով, համագումարը զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ողջունեց Հայաստանի՝ Մաքսային Միութեան անդամակցելու որոշումը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Հայաստան կը շարունակէ խորացնել իր համագործակցութիւնը Եւրոպական կառույցներուն հետ:
Համագումարը վերահաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքի հիման վրայ ու գտաւ, որ որեւէ լուծման ձեւ պէտք է արժանանայ Արցախի ժողովուրդի, ազատ ու թափանցիկ հանրաքուէով ամրագրուած հաւանութեան: Համագումարը կարևորեց Արցախի հանրապետութեան բանակցային գործընթացի լիիրաւ կողմ դառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Համագումարը վերահաստատեց, որ Արցախի անկախութեան ամրապնդումը՝ միջազգային դիւանագիտութենէն ներս կը մնայ հայ ժողովուրդի հիմնահարցը: Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու առումով, Համագումարը որոշեց շարունակել Հայկական ցեղասպանութեան իրականութիւնը ընդունող Թուրք յառաջադէմ մտաւորականներու եւ կազմակերպութիւններու հետ սկսած իր յարաբերութիւնները, անոնց հետ փնտռելով գործակցութեան նոր դաշտեր:
Համագումարը միաժամանակ անհրաժեշտ համարեց՝ Թուրք-Հայկական արձանագրութիւններու փաստաթուղթին յետ կանչումը Հայաստանի Ազգային ժողովէն:
Հայկական ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի ծիրէն ներս, Համագումարը վերահաստատեց կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը մասնակցելու այս նպատակին համար ծնած որևէ համազգային մարմինի կամ ոչ Հայկական նախաձեռնութեան որ կը նպաստէ Հայ դատի հետապնդման:
Համագումարը քննարկեց հայ հինաւուրց գաղութներէն՝ Սուրիահայ գաղութի տագնապալի վիճակը ու գտաւ թէ Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով եւ առանց արտաքին միջամտութիւններու: Համագումարը կոչ ըրաւ համայն հայութեան շարունակել ու կրկնապատկել ճիգերը օժանդակելու Սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Համագումարը, լսեց նաեւ տարբեր գաղթօճախներէ եկած պատգամաւորներու զեկոյցները իրենց շրջաններու ազգային կեանքին մասին ու վերահաստատեց հետեւողականօրէն շարունակել Հայապահպանութեան համար տարուող աշխատանքները:
Քննելէ ետք կուսակցական շրջաններու կազմակերպչական կառոյցներուն իրավիճակը, Համագումարը այս կապակցութեամբ առաւ որոշումներ եւ տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ:
Իր օրակարգի վերջին հարցով, Համագումարը ընտրեց նոր Կեդրոնական Վարչութիւն:
Համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց այցելելով Եռաբլուր յարգանքի տուրք մատուցելու մեր նահատակներուն եւ վերահաստատելու անոնց ուղիէն ընթանալու
Ս.Դ.Հ.Կ.-ի հաւատամքը:
Ս.Դ.Հ.Կ. 20-րդ Համագումար
Ծաղկաձոր, Հայաստան, Սեպտեմբեր 13, 2013.
Կեցցե՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Համագումարը: Քարը քարին չթողեց, միայն ափսոս չխոսեց՝ Սաֆարովի և նրա հանցագործ պաշտպանների մասին: Լավ կլիներ նաև շռայլվեր,՝ մեր առաջին հանցագործի հասցեին շնորհակալական խոսքեր, որը հենց կեղծ ընտրությունից հետո՝ առաջինն է շնորհավորագրեր շռայլել: ԿԱՐՃ ԵՎ ՄԵՂՄ ԱՍԱԾ ԲՈԼՈՐՆ ԷԼ ՆՈՒՅՆ ՍԱՆՐԻ ԿՏԱՎՆ ԵՆ, ԳՈՒՅՆԵՐԸ ՓՈԽԱԾ: