ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութիւնը խորապէս ազդուած՝ մօտէն հետեւեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի և Ֆրանսայի Թեմակալ Առաջնորդ Տ.Նորվան Արք. Զաքարեանի միջեւ ստեղծուած վէճին, որուն իբրեւ հետեւանք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց իր հրաժարականը, որ լուրջ և խիստ մտահոգիչ հարցականներու առջեւ կը դնէ մեր ազգային եկեղեցին։
Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն ծանօթ են Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին և իր Թեմակալ Առաջնորդին միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրալիր յարաբերութիւններուն և ի մասնաւորի Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր գերագոյն հոգեւոր պետին հանդէպ ունեցած յարգանքին ու նուիրուածութեան, բոլորովին անհասկնալի կը գտնեն վէճի առթիւ արտայայտուած մեղադրանքները։
Հետեւաբար ստեղծուած տագնապը ոչ թէ անհատական բնոյթ կը կրէ, այլ հետեւանքն է վերջին տարիներու ընթացքին ազգային եկեղեցին յուզող և մտահոգող խորունկ խնդիրներու, որոնք արմատական լուծումի կը կարօտին։
Ծանօթ է մեր գաղութի եկեղեցւոյ կորուստը և անբացատրելի են ու ոչինչով արդարացի եղած մեղադրանքները։ Հետեւաբար կը հասկնանք մեր Սիրելի Սրբազանին հոգեկան վիճակը և կը բաժնենք իր վիշտը։
Մեր ժողովուրդին համար արժանապատուութեան հարց է իր Առաջնորդ Սրբազանին հանդէպ կատարուած անարդարութիւնը…
Սփիւռքահայ մեր կեանքի անորոշ պայմաններուն մէջ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար հիմնական կարեւորութիւն ունեցող հարցին առնչութեամբ իրաւունք ունէր Մեր Թեմակալ Առաջնորդը չծածկել ճշմարտութիւնը և խոստովանիլ իրականութիւնը։
Հայ եկեղեցին նոյնինքն Հայ ժողովուրդն է, որ 17 դարերու ընթացքին կառչած մնացած է իր ազգային եկեղեցիին, քրիստոնէական հաւատքին և դարեր շարունակ իր ազգային գոյութիւնը պաշտպանած է եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։
Այսօր այդ ժողովուրդը աւելի քան երբեք մտահոգուած է իր ազգային եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած վիճակով։
Արդ, խնայենք մեր Ազգային եկեղեցին և բարեպաշտ ժողովուրդը և հեռու պահենք զայն նորանոր փորձութիւններէ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վարչութիւնը, ինչպէս միշտ, հարազատի սրտցաւութեամբ ու ազգանպաստ մօտեցումով, թիկունք պիտի կանգնի ի խնդիր մեր գաղութի թեմական հաստատութեան առաքելութեան յաջողութեան։
Ի դիմաց Ֆրանսայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ
Վազգէն Էսկիճեան