Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայտարարություն. Մեր գերագույն նպատակն է իրականացնել Խորեն Պալյանի երազը

Մայիս 30,2013 14:57

Այսու, երջանկայիշատակ Խորէն Պալեանի ժառանգներու անունով, հայ մշակութասէր հասարակութեան ուշադրութեան կը փափաքինք յանձնել կարգ մը յստակացումներ եւ պարզաբանումներ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ անզուգական երգչուհի Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան ամուսիններու երեւանեան բնակարանի առնչութեամբ:

– Ողջունելի կը գտնենք այն բոլոր կազմակերպութիւններու, ընկերակցութիւններու թէ անհատներու ցուցաբերած մտահոգութիւնը Լուսինէ Զաքարեանի յիշատակը անմահացնելու եւ անոր մշակութային մեծ ծառայութիւնը յաւերժացնելու գաղափարի շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութեան համար: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ «Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան տուն-թանգարան» կառուցելու վերաբերեալ իրենց ցանկութեան եւ բարոյական աջակցութեան համար:

– Լուսինէ Զաքարեանի մահանալէն ետք իր ամուսնոյն-Խորէն Պալեանի կարեւորագոյն նպատակներէն եղած էր անզուգական երգչուհիին բնակարանը դարձնել «Լուսինէ Զաքարեան տուն-թանգարան»: Այս առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով, Խորէն Պալեանի նախաձեռնութեամբ եւ իր նախագահութեամբ հիմնուեցաւ «Լուսինէ Զաքարեան հիմնադրամ»ը, որ օրինաւորապէս արձանագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ:

– «Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան թանգարան»-ի հիմնադրութեան եւ իրականացման գործը, երջանկահիշատակ Խորէն Պալեանի մահւընէ ետքը` 2007 թուականի սկիզբէն, հետապնդեցին Խորէն Պալեանի ժառանգներէն եղբօրորդինՙ Ռաֆֆի Պալեանը ու եղբայրըՙ Արտաշէս Պալեանը:

– Ցաւօք սակայն պէտք է նշել, թէ այս նպատակին համաձայն չէին մնացեալ ժառանգներու պարագաները: Այս իսկ պատճառով ընթացք տրուեցաւ դատական հայցի մը, որ դեռեւս իր լրումին չէ հասած. այս իր հերթին ստեղծած է լուրջ խոչընդոտներ ծրագրի իրականացման գործընթացին մէջ:

– Առկայ դատական գործի տրամադրութեանց պատճառով պարտադրուած կ՚ըլլանք հետեւիլ ՀՀ օրէնքներուն եւ ՀՀ Սահմանադրութեան, որպէսզի օրինական հիմունքներով ընթանայ գործը եւ ըստ այնմ իր լուծման յանգի նշուած ծրագիրը: Այս պատճառով յաւելեալ մանրամասնութիւններ չենք կարող ներկայացնել հանրութեանՙ պահպանելու համար դատարանի գաղտնապահութիւնը:

– Մեր նպատակն է ստեղծել «Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան տուն-թանգարան» հիմնադրամի ծրագիր-կանոնագիր մըՙ նոր հոգաբարձական կազմով, որը պէտք է ստանձնէ վերոյիշեալ տուն-թանգարանի կառուցման եւ պահպանութեան աշխատանքներու ծրագրման եւ իրականացման պատասխանատուութիւնը, հովանաւորութեամբ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան:

– Մենք լիայոյս ենք եւ վստահ ենք, որ պիտի կարենանք յաղթահարել կարգ մը խոչընդոտները: Մեր գերագոյն նպատակն է իրականացնել Խորէն Պալեանի երազը, որուն համար կ՚ապաւինինք ՀՀ պատկան մարմիններուն եւ արուեստասէր հասարակութեան զօրակցութեան ու բարիկամեցողութեան:

ՌԱՖՖԻ ՊԱԼԵԱՆ
ԱՐՏԱՇԷՍ ՊԱԼԵԱՆ

 ԱՄՆ, Լոս Անջելես

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031