«Առավոտը» հետաքրքրվեց, թե ինչպես են պատրաստվում ապրիլքսանչորսյան միջոցառումներին Բուլղարիայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
«Տասնամեակներ շարունակ Պուլկարիոյի հայ համայնքը կը մեծարէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակը։ Ամէն տարի բոլոր գործող հայկական միութիւններու միասնական ուժերով կը կազմակերպուին զանազան միջոցառումներ, ձօնուած հայ ժողովրդի զոհ դարձած հայրենակիցներու յիշատակին։ Այս տարի ալ Մեծ Եղեռնի 98-րդ ամեակի կապակցութեան տեղի պիտի ունենան տարբեր ձեռնարկներ հայաշատ քաղաքներուն մէջ։ Սոֆիայի, Փլովտիւի, Վառնայի, Պուրկազի, Ռուսէի, Սթարա Զակորայի եւ այլ քաղաքներու մէջ ժամը 18,30-ին հայեր եւ պուլկար ընկերներ պիտի մասնակցին կազմակերպուած տողանցքներուն։ Երթի մասնակցողները Կեդրոնական փողոցներէն անցնելով, պիտի հասնին Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններու մօտ, որտեղ պիտի արտասանուին խօսքեր, տեղի պիտի ունենան ասմունքներ ու պիտի մատուցուին ծաղկեպսակներ։ Թրքական դեսպանատան, ինչպէս նաեւ Փլովտիւի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին, պիտի յանձնուին բողոքի նամակներ։ Անոնցմով պուլկարահայերը անքամ մը եւս պիտի կրկնեն, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտադիր է ճանաչէ 98 տարի առաջ երիտթուրքերէն իրագործուած յանցագործութիւնը։ Եւ քանի որ Պուլկարիան դերեւս չէ ճանաչաց Մեծ Եղեռնի դէպքը, մասնակցողները կոչ պիտի ուղէն Պուլկարական Փառլամենթին կատարէ այդ արդար քայլը։ Պուլկարիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ վերջին 3 տարիներու ընթացքին մեծ քաղաքներու մէջ տողանցքները կը կազմակերպուին միեւնոյն ժամին, որը լայն արձականգ կը ստանայ հանրութեան եւ լրատուական միջոցներու միջեւ։ Պուլկարիոյ մէջ գործոց Հայոց եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուին հոգեհանգստեան պաշտօններ»,- պատասխանեցին Պլովդիվի հայ համայնքից։
«Առավոտ» օրաթերթ