Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բախտորոշ Զոյգ Մը Զուգադիպութիւն

Ապրիլ 02,2013 12:01

Հաւանօրէն շեշտուած էր ցաւակցական գիրիս ջերմութիւնը հանդէպ Վենեզուելլայի

ժողովրդասէր նախագահ Չավէզին, անոր անժամանակ կուրստին առթիւ: Պատճառը նաեւ

պատկառանքս էր վաղամեռիկ նախագահին կառավարութեան կատարած պաշտօնական

յայտարարութեան հանդէպ, այն յայտարարութեան որ հռչակուեցաւ 2005 թուականին,

նուիրուած Հայ ժողովուրդի գերագոյն ողբերգութեան-Ցեղասպանութեան – անոր Իննսուն Ամեայ Տարելիցին առթիւ:

Բաղդատած բազում ուրիշ պետական յայտարարութիւններու, Չավէզի պետութեան Գիրը

իւրայատուկ է իր համապարփակ բնոյթով: Կ’արժէ ուրեմն որ սկսինք տարածել զայն լայնօրէն, ոչ միայն իբրեւ շնորհակալական յուշ մը Չավէզի մահուան առթիւ, այլ իբրեւ

թարմ յուշագիր մը` երբ մօտալուտ է ահա Հայ Ժողովուրդի ընդհանրական գեր-ողբերգութեան արարքին 100 Ամեայ Տարելիցը:

2005 ին Վենեզուելլայի պետական այդ յայտարարութինը հայերէնի թարգմանած էր

սփիւռքահայ ժիր մտաւորական ու յանդուգն քաղաքականագէտ-փաստաբան, մեզի համար

թանկագին Գասպար Տէրէրեանը, որ հրատարակած էր զայն բազում տարիներու իր

խմբագրած Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Օրացոյցներուն 2006-ի սեմին լոյս տեսած

տարբերակին մէջ: Օրացոյցին Մայիս ամսուան էջին վրայ զետեղուած էր ան` լայնաշունջ

յօդուածով մը վերնագրուած – Ճանաչումի «Չավէզեան» Բանաձեւը:

Թէկուզ վայելուչ իր Մեծասքանչով, հայերէն թարգմանութեան վերջին հատուածին մէջ,

սակայն, թոյլ տրուած էին որոշ վրէպներ, մասամբ բովանդակութեան, բայց մանաւանդ

եզրայանգումներու հերթականութեան մէջ: Իր տրամադրութեան տակ ունեցած չըլլալով

սպաներէն բնագիրը, մեթր Տէրտէրեան կատարած էր, անշուշտ, շատ շնորհակալ

աշխատանք մը, եւ ահաւասիկ ութը տաիրներէ ի վեր, ան կը հանդիասանայ միակ

արձագանգողը պատմական այդ Բանաձեւին:

Վենեզուելլայի Լոնտոնի Դեսպանութեան ջերմ բարեկամական վերաբերմունքը պատեհ

առիթ ստեղծեց որ խնդրէի ունենալ սպաներէն պաշտօնական բնագիրը վերոյիշեալ կուռ,

համապարփակ ու վայելուչ պետական յայտարարութեան: Եւ եղաւ այդպէս:

Ուրախութեամբ ստանալով բնագիրը եւ անմիջապէս ընթերցելով թէկուզ սպաներէն

բնագիրը – օգտուելով իտալերէն լեզուին քաջ ծանօթ ըլլալու հանգամանքէս – դժուար չեղաւ

կատարել անհրաժեշտ ուղղումները: Կ’արժէ որ, անգամ մը եւս, շեշտեմ սակայն

գնահատանքս առաջնային թարգմանութեան համընդհանուր ճշգրտութեան հանդէպ:

Ստորեւ պիտի գտնէք Գ. Տէրէրեանի թարգմանութիւնը, եւ Որոշում – Եզրակացութեան

հատուածին վերամշակուած թարգմանութիւնը, չորս համարներու ճշգրիտ

յաջորդականութեամբ:

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ բախտորոշ զուգադիպութիւն մը

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ-ի

Նախագահի ստորագրութիւնը կը պատկանի նոյն ինքն Հանրապետութեան ներկայիս

գործող Տեղակալ Նախագահին` ՆԻՔՈԼԱՍ ՄԱՏՈՒՐՕ

ՄՈՐՈՍ-ին – որ մեծ հաւանականութեամբ պիտի ըլլայ

Վենեզուելլայի Հանրապետութեան մօտալուտ նորընտրեալ

Նախագահը:

Վերոյիշեալ բախտորոշ զուգադիպութիւնը արդէն իսկ զուգորդուած է նոյն ինքն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտրեալ Քահանայապետ` Ֆրանսիզ Պապի մօտ անցեալի

յիշատակարժան արարքով:

2006 ին, Սրբազնագոյն Հայրը, իբրեւ Արժէնթինեան կարտինալ Պուոնոս Այրէս-ի` Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ,

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշի 91րդ Տարելիցին առթիւ

Նիքոլաս Մատուրօ Մորոս առաջադրած էր Թուրքիոյ որ ընդունի Ցեղասպանութիւնը

որպէս “Օսմանեան Թուրքիոյ գերագոյն ոճիրը հանդէպ Հայ Ժողովուրդի եւ համայն

մարդկութեան”:

Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա

 

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2005

ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՊՈԼԻՎԱՐԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտման Որոշում

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ,

որ ահա կ’ամբողջանան 90 տարիները 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, որ

ԿԱՆԽԱԾՐԱԳՐՈՒԱԾ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ու գործադրուած է՝ մարդկային

պատմութեան մէջ՝ ՓԱՆԹՈՒՐԱՆԻԶՄԻ նպատակը հետապնդող «ԵՐԻՏ. ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ»

կողմէ՝ հայ ժողովուրդին դէմ, եւ որուն զոհ գացին ԵՐԿՈՒ ՄԻԼԻՈՆ ԿԵԱՆՔԵՐ,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ,

որ նման բնոյթի ոճիրներ ՀԱՐԿ Է ՈՐ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ՝ կանխելու համար անոնց

կրկնութիւնը, եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻՆ զոհերուն մարդկային եւ ԱԶԳԱՅԻՆ

ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ինչպէս նաեւ՝ ՊԱՏԺՈՒԻՆ ջարդարարաները,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ,

որ այս Ցեղասպանութիւնը ՊԷՏՔ Է ԸՆԴՈՒՆՈՒԻ՝ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ, ԵՒ

ՃԱՆՉՑՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԷՆ,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ,

որ Վենեզուելլայի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ շարունակաբար մերժած են

ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆՆ ու ցեղային, կրօնական ու քաղաքական ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ,

նաեւ՝ որ շահերու եւ քաղաքական նպատակներու նկատառումներով, ԿԸ ՓՈՐՁՈՒԻ

ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, եւ՝ ՈՒՐԱՆԱԼ այս ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՍ Կ’ԵԶՐԱԿԱՑՆԷ

ԱՌԱՋԻՆ- Զօրավիգ կանգնիլ Հայ Ժողովուրդին ու Վենեզուելլայի

կորովի Հայ Համայնքին, ու անոնց արդար ու յետաձգուած

պահանջին:

ԵՐԿՐՈՐԴ- Նշանակել` Ազգային Խորհրդարանէս յատուկ յանձնախումբ մը,

որպէսզի այս Որոշման բանաձեւը յանձնէ Հայաստանի

Խորհրդարանին եւ Հայ Կրօնական իշխանութեան:

ԵՐՐՈՐԴ- Հիմնադրել Վենեզուելլա – Հայաստան Բարեկամութեան

Խորհրդարանական Յանցնախումբ մը:

ՉՈՐՐՈՐԴ- Հրապարակել ներկայացուած սոյն Որոշումը::

ՆԻՔՈԼԱՍ ՄԱՏՈՒՐՕ ՄՈՐՈՍ

Նախագահ

ՐԻՔԱՐՏՕ ԿՈՒԹԻԷՐԷԶ ՓԵՏՐՕ ՔԱՐԵՆՏՕ

Առաջին Փոխնախագահ Երկրորդ Փոխնախագահ

ԻՎԱՆ ԶԵՐՓԱ ԿԷՐՐԵՐՕ ԽՈԶԷ ԿՐԵԿՈՐԻՕ ՎԻԱՆԱ

Քարտուղար Ենթաքարտուղար

 

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ի. ՓԻԼԻԿԵԱՆ 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930