Միչիգանի համալսարանի պրոֆեսոր, պատմաբան Արա Սանջյանը իր ֆեյսբուքյան էջում արել է հետեւյալ գրառումը.
Այսօր պիտի ակնարկեմ երեւոյթի մը, որ հաւանաբար շատերուն համար հիմա անմիջական չէ, բայց կը կարծեմ թէ երկարաժամկէտ առումով կարեւոր է եւ գոնէ ինծի համար` շատ խրախուսիչ։ Անկախ այն հանգամանքէն թէ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը արժանի կը համարենք Հայաստանի նախագահի խիստ պատասխանատու պաշտօնին թէ ոչ, եւ անկախ բոլոր այն նկատառումներէն թէ ան ինչպէ՛ս պիտի առաջնորդէ յետընտրական գործընթացները եւ ի՛նչ արդիւնքի պիտի հասնի, այլեւս անշրջելի փաստ է Հայաստանի մէջ կէս միլիոնէ աւելի մարդ (գուցէ իրականին մէջ` աւելի) որեւէ արգելք չտեսան իրենց երկրի գործադիր իշխանութեան ղեկավարութիւնը եւ իրենց բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը յանձնելու Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու ծնած-մեծցած, միայն հասուն տարիքին Հայաստան հաստատուած, «արեւմտահայերէնախառր» եւ «ակցենտով» արեւելահայերէն խօսող հայ անհատի մը։ Թո՛ղ խանդավառուին բոլոր սփիւռքահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք իրենց պապենական հայրենիքի ներկայիս միակ ինքնիշխան հատուածի յառաջընթացին օգտակար ըլլալու ներքին կրակով կ՛ապրին, թէ Հայաստանի լայն զանգուածներուն մօտ սփիւռքէն ակնկալուածը միայն նիւթական ներդրում ու մարդասիրական օգնութիւն չէ։ Երկուշաբթի օր, հարիւր հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ առատօրէն «պարգեւատրեցին» Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը, որովհետեւ մէկ ամիս շարունակ անոր «թիմ»-ը քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ յոյս բաշխած էր` երբ Հայաստանի մէջ վերջինիս «դեֆիցիտ»-ը կը զգացուէր…