Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Ճիշդ եւ անհրաժեշտ է Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադարձը

Փետրվար 08,2013 17:23

 Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի 15 Նոյեմբեր 2012-թիւին մէջ կարդացի «Արդեօք ճի՞շդ է վերադարձը հին ուղղագրութեան» խորագիրով յօդուած մը, որ նախապէս  «Առաւօտ» օրաթերթի 29 Սեպտեմբերի թիւին մէջ հրատարակուած էր արդէն: Հեղինակը Թերեզա  Գալստեան անուն Երեւանէն բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու մըն է, որ քաղաքական նպատակներով  ցայժմ անշարժութեան դատապարտուած հայերէնի ուղղագրութեան հարցին մասին սխալ տեղեկութիւններու հիման վրայ սխալ մեկնաբա-նութիւններ կը կատարէ: «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ այդ սխալներուն կը պատասխանէ ծանօթ սփիւռքահայ մտաւորական Վարդան Մատթէոսեան: Սակայն  իր միջամտու-թիւնները լակոնական են եւ կ՛ուզեմ քիչ մը ընդլայնել:

Թերեզա  Գալստեանի յօդուածին սկզբնական մասին մէջ կը կարդանք.-

«1913թ., Գէորգ Ե. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կազմւում է յանձնաժողով, որի նպատակն էր քննարկել հայոց աւանդական ուղղագրության մէջ որոշակի բարեփոխում- ներ կատարելու հարցը: Յանձնաժողովի կազմում ընդգրկուած էին Գէորգ վարդապետ Չորեքչեանը (հետագայում Ամենայն հայոց կաթողիկոս), լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանը եւ ուրիշներ: Սակայն մօտալուտ համաշխարհային առաջին պատերազմը , այնուհետեւ  1915 թուականի մեծ  ողբերգութիւնը , ցաւօք, կասեցրին  այդ  հարցի  լուծման  ընթացքը » :

Այս հատուածին մէջ Թերեզա  Գալստեան կը կրկնէ մեսրոպեան ուղղագրութեան  վերա-կանգնումին  դէմ  եղողներուն յանկերգը, ըստ որուն ուղղագրութեան փոփոխութիւնը «հասունացած խնդիր» էր արդէն Հայաստանի մէջ 19րդ. դարու վերջաւորութեան եւ ուղղագրական փոփոխութեան մասին Մանուկ Աբեղեանի 1913-ին կատարած առաջարկ-ները, իբր թէ կասեցուեցան 1915-ի դէպքերուն պատճառով:

 

Այս պնդումը ընողներու միտք բանին այն է, որ իբր թէ 4 Մարտ 1922-ի սովետական հրամանագիրը չէ որ պարտադրեց հայերէնի ուղղագրութեան փոփոխութիւնը, այլ արդէն իսկ 1913-ին Աբեղեան այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուցած էր Հայաստանի մտաւորա-կանութեան: Այսինքն, Հայաստանցի լեզուաբանները ներկայիս կ՛ուզեն մեղսազերծել սովետները, ընթերցողներուն հաւատացնել ջանալով թէ Աբեղեան 1913-ին արդէն առաջարկներ ներկայացուցած էր, որոնք պիտի ընդունուէին, եթէ 1915-ի դէպքերը տեղի ունեցած չըլլային:

Իրականութիւնը սակայն բոլորովին տարբեր է:

1913 Հոկտեմբեր 14 -ին, Էջմիածնի մէջ  կը գումարուի Գիրերու Գիւտի 1500 ամեակին եւ հայ տպագրութեան 1400 ամեակին նուիրուած համազգային մեծ հանդէս, որուն ընթացքին կ՛որոշուի որ խօսք առնեն եւ Մեսրոպեան Գիւտի  մասին արտայայտուին Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեանց  եւ ուրիշներ: Աբեղեան կը կարդայ Արարատի մէջ արդէն տպագրուած  իր «Մեր ուղղագրութեան մասին» խորագրուած զեկուցումը, որ սակայն այնքան երկար կը տեւէ որ ո՛չ Մալխասեանցին  հերթ կը մնայ  խօսելու, ո՛չ ալ՝ ուրիշներու: Չեն կարդացուիր նոյնիսկ հայագէտներ Մէյէի եւ Մառի գրութիւնները: Հանդիսականները կը ցրուին՝ Աբեղեանի երկար ու յանձնապաստան ելոյթէն նեղուած:

1913-ի հանդիսութեան նկարագրութիւնը կը գտնենք Ս. Վ. Գյուլբուդաղյանի  «Հայերէնի ուղղագրութեան Պատմութիւն»  գրքին  մէջ, ուր կը կարդանք.-

«Ուղղագրութեան բարեփոխման հարցը Էջմիածնում անցկացուած  «Ուղղագրութեան օր» ով էլ վերջանում է եւ 1913 թուականից  յետոյ էլ շարունակում է գործել աւանդական դրութիւնը, մինչեւ 1922  թուականը: Բերուած կարծիքներից երեւում է որ ընդհանուր առմամբ  աւանդական  դրութեան  փոփոխութիւնը  ցանկալի  չէր  հայ  առաջաւոր մտաւո-րականութեանը » (էջ՝ 324, ընդգծումը իմ կողմէս) :

Ուրեմն, քննարկում, վիճարկում  չէ կատարուած, այլ Աբեղեան առաջարկներ ներկայա-ցուցած է, որոնք չեն քննարկուած եւ ժողովականներու հաւանութեան չեն արժանացած:

Իրականութեան մէջ,  Գիրերու Գիւտի 1500 ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսու-թենէն առաջ, նախայոբելենական խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Հոկտեմբերի մէկին, Ս. Կանայեանի տան մէջ, ուր Աբեղեան երկու տեսակի հարցաթերթիկներ ներկա-յացուցած է: Առաջինը հարց կու տայ.- «Պէ՞տք է փոփոխութիւններ մտցնել մեր ուղղագ-րութեան մէջ»: Երկրորդը՝ «Ինչու՞ պէտք չէ փոփոխութիւններ մտցնել »:  Երկուքին մէջ ալ   կը շօշափէ ուղղագրութեան միասնութեան մասին մասնակիցներու կարծիքը: Եւ ի՛նք, Աբեղեան, այդ մասին կը գրէ.- «Ամենից առաջ անհրաժեշտ է ունենալ միակերպ, միասնական ուղղագրութիւն, որպէսզի զանազան բարբառներով խօսողներն իրար հասկանան: Գրաւորը կենդանի լեզուի պայմանական ձեւն է, բայց բոլորի կողմից ընդունուած ձեւը: Ուղղագրութեան ընդհանուր միութիւնը պէտք է տեւական լինի, որպէսզի յաջորդ սերունդը չկտրուի նախորդից, դրանով է մեր գրական լեզուն ընդհանուր: Մեր այսօրուայ երկու գրական լեզուները նոյնանում  են ընդհանուր ուղղագրութեամբ: Եթէ ուղղագրական փոփոխութիւնը մեր գրական  լեզուները (արեւելեան, արեւմտեան) իրարից կը հեռացնի, չպիտի կատարել » (Գյուլբուդաղեան, էջ՝ 310,  ընդգծումը իմ կողմէս): Հարցա-թերթիկի եօթներորդ կէտը հարց կու տայ  «Ի՞նչ միջոցներով հնարաւոր է անել, որ ուղղագ-րութեան միասնականութիւնը չխանգարուի եւ բառերի պատկերը միանգամից մեծ փոփո-խութեան չենթարկուի» (Լեւոն Գ. Խաչերեան,  Հայոց  համազգային  մաշտոցեան  համա-կարգուած միասնական եւ միակերպ ուղղագրութեան պատմութիւնը, Լոս Անճելես 1999) :

Այսօր զարմանալի կրնան թուիլ Աբեղեանի այս արտայայտութիւնները: «Խօսքը եւ գործքը՝ տարբեր» պիտի ըսուի: Պարզ է սակայն, որ հարցաթերթիկին մէջ այս հաստատումները Աբեղեան կատարած է գիտական մօտեցումով՝ 1897-1913-ին, երբ քաղաքական-հասարա- կական ազատ պայմաններու մէջ կ՛ապրէին բոլորը եւ իւրաքանչիւր անձ ազատ էր առաջարկներ ընելու: Իսկ երբ սովետական  բռնապետական կարգերը հաստատուեցան եւ Մոսկուայէն  Հայաստան ուղարկուած Լուսաւորութեան Կոմիսար Պօղոս Մակինցեան Աբեղեանի օձիքէն բռնելով պարտադրեց  ուղղագրական  «ռէֆորմ» կատարել, Աբեղեան զգաց դամոկլեսեան սուրը իր գլխուն վերեւ: Ուստի, 1922 թուականին տիրող սարսափի մթնոլորտին մէջ, երբ բացէ ի բաց յայտարարուած էր  թէ ուղղագրութեան փոփոխութեան հակադրուիլը քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի եւ յանցագործներուն կը սպասեն սիպիրեան գուլակներու տաքուկ  սենեակները, բնականաբար Աբեղեանի գիտական մօտեցումները իրենց տեղը զիջեցին բնազդային ինքնապաշտպանութեան: Այսպէս,  180 աստիճան շրջադարձ կատարելով եւ այլեւս   իր 1913-ի  մօտեցումներուն հակասելով, Աբեղեան կատարեց քաղաքական հրահանգը եւ Մակինցեանի պարտադրու-թեան ենթարկուելով առաւելագոյն չափով փոփոխութիւններ մտցուց մեր ազգային ուղղագրութեան մէջ, բառերու պատկերները ամբողջովին փոխելով, արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուներու միասնութիւնը բոլորովին նկատի չառնելով: Եւ իր առաջարկած  փոփոխութիւնները  առանց քննարկուելու հաստատուեցան հրամանա-գիրով: Միասնական ուղղագրութեան վերաբերեալ Աբեղեանի հոգեփոխութեան  մասին կարելի է կարդալ Պրոֆ. Արշակ Մադոյեանի գիրքը՝ «Հայագիտութեան  դասականները  միասնական  ուղղագրութեան  մասին » (Նախիջեւան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2005):

Կը տեսնուի թէ 1913-ին,  ո՛չ միայն «առաջաւոր Հայ մտաւորականութեան»  մօտ  համընդ-հանուր համամտութիւն չկար ուղղագրութիւնը փոխելու մասին, ինչպէս կ՛ուզէ հաւատա-ցընել Թերեզա Գալստեան, այլ Աբեղեան ինքն իսկ կը տատամսէր փոփոխութիւն կատա-րելու եւ չկատարելու միջեւ: Եւ հարց կու տար.-«Անհրաժեշտ տեսնուելու պարագային, ինչպէ՞ս պէտք է ընել որ փոփոխութիւնը իրարմէ չհեռացնէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուները» : Ահա Աբեղեանի կեցուածքը՝  1913-ին:

Սակայն Աբեղեանի առաջարկները,  Էջմիածնի հանդիսութենէն առաջ եւ յետոյ, յստակ եզրակացութեան ու վճռական որոշումներու չեն յանգած՝ Հայ մտաւորականներու անհամաձայնութեան պատճառով: «Մշակ»-ի էջերուն մէջ հանդէս եկող Շիրվանզադէն «դիլետանտներ» (dilettante,  սիրողական մակարդակով մարդիկ) կ՛որակէ Էջմիածնի հանդիսաւոր նիստի կազմակերպիչները եւ կը գրէ.- « Մենք կատարելապէս գիտականօրէն պատրաստուած լեզուաբաններ չունենք» :  Իսկ  Յովհաննէս  Թումանեան նկատել կու   տայ .- « Ուղղագրութիւնը գիտութիւն է  եւ նրա դէմ կարելի է դուրս գալ կամ նրան փոխել միայն գիտութեամբ: Պէտք  է Հայ  թէ օտար գիտնականներից , հայագէտներից  բաղկացած ակադեմական կաճառ կազմել, որպէսզի ուղղագրութեան հարցը ամենայն լրջութեամբ եւ հաւաքական իմաստութեամբ քննարկուի (Թումանեան, Երկերի ժողովածու, 1951-Երեւան, էջ՝ 139):  Համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող ֆրանսացի հայագէտ Մէյէն, նոյնպէս,  Աբեղեանին յղած իր նամակին մէջ կը գրէր.- «Որեւէ փոփոխութիւն ինքնագլուխ կերպով պէտք չէ կատարուի: Դրա համար կարիք է զգացւում բոլորի կողմից ճանաչում գտած հեղինակաւոր մարմնի վճռական խօսքը՝ արժանահաւատ  ծանրակշիռ  որոշմամբ» :  Ու կ՛աւելցնէ .-«Փոփոխութեան մէջ ես աւելի շատ վտանգ եմ տեսնում, քան՝օգտակարութիւն»: Նիկողայոս Մառի պատասխանը, նոյնպէս, մերժողական էր: Համաձայն չէին նաեւ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնները:

Անշուշտ որ Աբեղեանէն բացի եւ Աբեղեանէն առաջ, նախորդ դարերուն ալ եղած են  անձեր, որոնք կատարած են սա կամ նա տառի փոփոխութեան մասին առաջարկներ: Սակայն այդ բոլորը մնացած են որպէս  «առաջարկ», չեն յանգած որեւէ լուծման, քանի որ փոփոխութեան մասին  համընդհանուր համամտութիւն չկար: Չկար նաեւ հայկական հեղինակաւոր մարմին մը, որ այդ առաջարկներէն որեւէ մէկը կարենար պարտադրել բոլորին: Աբեղեանի 1913-ին ըրած առաջարկներն ալ մինչեւ այսօր կրնային  մնալ «առաջարկ», իր դարակներուն մէջ, եթէ գոյութիւն չունենար սովետական միութեան լեզուական քաղաքականութիւնը, որ կը ձգտէր ուղղագրութիւններու փոփոխութեամբ ազգերը հեռացնել իրենց ազգային ինքնութենէն, իրենց գրականութենէն, իրենց արմատներէն, նաեւ արտասահմանի իրենց ազգակիցներէն եւ ժամանակի ընթացքին դարբնել  նոր ինքնութիւն մը, սովետական մարդու ինքնութիւնը անոնց մէջ (Homo sovieticus): Յիշենք, Կրեմլի կողմէ Հայաստանի առաջին լուսաւորութեան կոմիսար կարգուած Աշոտ Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը, թէ «Ուղղագրական հարցը քաղաքական հարց է եւ հայ լեզուի ուղղագրական ռեֆորմի խնդիրը Հայաստանի յեղափոխական իշխանութեան հերթական խնդիրն է»: Այս մասին կարելի է կարդալ Կարէն Սիմոնեանի արխիւային փաստերու վրայ  հիմնուած  «Կրեմլի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից  մի քանիսը»  խորագրուած գիրքը (Նախիջեւան հրատարակչութիւն, 2003, Երեւան) :

Եւ այդ լեզուական քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն մեր, այլ՝ Սովետական Միութեան մէջ ապրող 150 ժողովուրդներու ուղղագրութիւններն ու այբուբենները մէկ օրէն միւսը փոխեց բռնութեամբ, սարսափ տարածելով: Ահա այս սովետական համամիութենական լեզուա-կան  քաղաքականութեան է որ զոհուեցաւ մեսրոպեան համազգային մեր ուղղագրութիւնը:

Ուրեմն,  այլեւս անիմաստ է կրկնել ու կրկնել «նոր» ուղղագրութիւնը պահպանել  ուզող-ներու  մաշած  յանկերգը, թէ ուղղագրութեան փոփոխութիւնը  Աբեղեանի առաջարկով արդէն կատարուելու վրայ էր:

Այս առաջին սխալի անմիջական շարունակութեանը մէջ Թ. Գալստեան կ՛ընէ երկրորդ սխալ յայտարարութիւն մը, Աբեղեանին վերագրելով ուղղագրութեան 1940-ի երկրորդ փոփոխութիւնն ալ, գրելով .-«իսկ 1940թ., լրացուցիչ շտկումներ անելով, հասարակու-թեանը ներկայացրեց միանգամայն ընդունելի նոր ուղղագրութիւն, զերծ մնալով նախկինի ակնյայտ բարդութիւններից»:

Անհաւատալի, բայց՝ իրաւ: Բանասիրական գիտութիւններու  թեկնածու մը միթէ այսքան անտեղեակ կրնա՞յ ըլլալ  հայերէնի ուղղագրութեան պատմութենէն:  Ինչպէ՞ս  կրնայ  անգիտանալ  թէ  Գուրգէն Սեւակն  էր   որ պատրաստեց Աբեղեանի արտառոց եւ ձախողած ուղղագրութեան  բարեփոխուած մէկ տարբերակը, որ  Օգոստոս 1940-ին, երկրորդ հրմանագրով մը եւ դարձեալ առանց քննարկումի, շտապ կերպով հաստատուե-ցաւ, կոչուելով  «Հայաստանեան  «նոր» ուղղագրութիւն», մազապուրծ ազատելով ուղղագրութիւններուն փոփոխութեան  յաջորդող եւ այս անգամ այբուբեններու ալ ռուսականացումը պահանջող կրեմլինեան վերջնագիրէն (ultimatum): Իսկ մինչեւ 1922, ամբողջ աշխարհի Հայերուն կողմէ (արեւելահայ թէ արեւմտահայ, Հայաստանահայ  թէ Սփիւռքահայ) օգտագործուած մեսրոպեան ուղղագրութիւնը սովետներու կամքով  որակուեցաւ «հին» : Եւ այսօր, Թ. Գալստեանն ալ կ՛օգտագործէ «հին ուղղագրութիւն» բացատրութիւնը: Եւ ցաւ չի զգար օտար  պետութեան մը կամքով  մեսրոպեան ուղղագրութեան տրուած հաշմանդամի այս վկայագրէն: Ինչքա՛ն ժողովուրդներ պիտի ուզէին  ունենալ 1600 տարուան «հնութիւն»  ունեցող մեր ուղղագրութեան նման ուղղագրութիւն  մը, որ մինչեւ այսօր հիանալիօրէն կը ծառայէ մեզի:

Թ.Գալստեանին կը թելադրենք կարդալ ուղղագրութեան փոփոխութեան պատմութիւնը, առնուազն այն  անշրջանցելի գրքերը, զորս թուեցի վերեւը, եթէ որեւէ պատճառով չի կրնար այս նիւթին մասին արխիւները քննել:

Հիմա անդրադառնանք վերեւ մէջբերուած հատուածի վերջին տողին: Կարելի է հարց տալ.- Մեսրոպեա՞ն ուղղագրութիւնն է որ ունի աւելի բարդութիւններ, թէ հայաստանեան  «նոր» ուղղագրութիւնը, որ  նոյնահնչիւն կամ համանուն կոչուող  բառերու առատութիւն մը ստեղծելով  յաւելեալ բարդութիւններ եւ իմաստի շփոթութիւններ յառաջ բերած է: Նոյն ձեւով հնչուող, բայց տարբեր իմաստներ ունեցող նոյնահնչիւններու (հար եւ յար, հետ եւ յետ, աղօտ եւ աղոտ, օթ եւ օդ, գէտ եւ գետ, հարկ եւ յարկ, հորթ եւ յորդ, յաջող եւ հաջող, եւլն., եւլն.) ուղղագրական տարբերութիւնները  անհրաժեշտ է պահել, որպէսզի նախադա-սութեան իմաստը յստակ ըլլայ: Արդարեւ, «Պօղոսը եւ Մարկոսը համրաքայլ  յառաջանում են»  կը նշանակէ թէ անոնք «լուռ»  կը յառաջանան, մինչդեռ  եթէ գրուի յամրաքայլ  յառա-ջանում են, այն ատեն այս նախադասութիւնը կը նշանակէ թէ անոնք «դանդաղ» կը յառա-ջանան: Նոյնպէս,  յար եւ հար արմատները միակերպ «հար» ձեւով գրելու պատճառով , «Քրիստոսի  յարութիւնը» կը վերածուի Քրիստոսը հարուածելու, «Հայր մեր» ի առաջին տողը կը վերածուի «Հայր մեր որ հերկինս  ես» ի,  ու չենք հասկնար թէ  Աստուած  ի՛նչ կապ ունի հերկելու հետ:

Բառերու ուղղագրական տարբերութիւնները  չպահպանելու հետեւանքով բառերու արմատները արժեզրկուած են եւ «նոր» ուղղագրութեամբ  կարելի չէ արմատի գրելաձեւէն կռահել նոյն արմատը ունեցող բազմաթիւ բառերու մօտաւոր իմաստները: Օրինակ՝ նոյն «յեղ» արմատէն կը սերին «յեղաշրջում» (վիճակի փոփոխութիւն), «յեղակարծ» (կարծիքի  փոփոխութիւն) , «յեղյեղուկ» (փոփոխամիտ) , « անյեղլի» (անփոփոխ)  բառերը: Իսկ «նոր» ուղղագրութեամբ  գրուող «հեղափոխութիւն» բառը, այլեւս ո՛չ մէկ իմաստային կապ ունի  յեղափոխութեան հետ, քանի որ  «հեղ» արմատը կը նշանակէ հոսիլ, թափիլ (հեղուկ), եւ ո՛չ թէ կարգավիճակի փոփոխութիւն: Ուրեմն, Հայաստանցիք, բառերու իմաստը արմատ եւ բաղադրիչներու օգնութեամբ չեն կրնար կռահել մեզի նման: Արդ, որոշ արմատներ (ինչպէս «յեղ»ը), չօգտագործուելու պատճառով դատապարտուած են մոռցուելու  եւ հայերէնի բառապաշարէն անհետանալու: Այսպէս է որ բազմաթիւ բառեր կորսուելով, հայերէնի բառապաշարը աղքատացած է: Կորսուած բառերու փոխարէն նորեր շինուած են, որոնք չունին հայկական արմատներ: Օրինակ՝ ֆիքսել   (հասստատել), նորմալել (բնականոնացնել), տեկրատացում (վատթարացում), մոնթաժել,  եւլն: Կը տեսնուի թէ ի՛նչ անկումային վիճակի մէջ է հայ լեզուն ներկայիս: Ծուռ քանակէն  ուղիղ գիծ դուրս չի գար:

Նաեւ, «նոր»  ուղղագրութեան մէջ երկբարբառներու  անհետացումով (եա,եօ, իւ, եւլն, որոնք խաբեպատիր «երկհնչիւն» բառով փոխարինուած են), մեր լեզուի հնչիւնային հա-  րըստութեան մէկ մասը կորսուած է: Օրինակ ՝ ներկայիս «սյուն» գրուող բառի հնչումը  շատ տարբեր է «սիւն» էն, «մյուս» բառինը՝ «միւս» էն, «հյուրանոց» բառինը «հիւրանոց» էն: Այստեղ «իւ» հնչումն է որ կորսուած է, Հայաստանցիք այլեւս չեն կրնար զայն արտաբերել:

Նոյնպէս, արմատներու անտեսման հետեւանքով կարելի չէ ստուգաբանութիւն (recherches étymologiques) կատարել, որով հայ լեզուն կը կորսնցնէ իր պատմա-մշակութային կարեւո-րութիւնը : Յիշել՛ որ Աճառեան եւ Մալխասեանց, իրենց բառարանները չկարողացան հրատարակել «նոր» ուղղագրութեամբ, այս անկարելիութեան պատճառով:

Կը տեսնուի թէ «նոր» ուղղագրութիւնը ո՛չ միայն բարդութիւններ ստեղծած է, այլ նաեւ հայ լեզուին շատ մեծ վնասներ պատճառած է, որոնց բոլորը կարելի չէ թուել այստեղ:

Նոյն յօդուածին մէջ «նոր» ուղղագրութեան ակնարկելով,  Թ.Գալստեան  կը գրէ.-          «Կան մարդիկ, ովքեր այդ նորամուծութիւնը, որ այսօր իր հաստատուն տեղն է գրաւել ժամանակակից արեւելահայ իրականութեան մէջ, ձգտում  են ի չիք դարձնել, առաջար-կելով կրկին վերադառնալ նախկին, գրաբարեան ուղղագրութեանը»:

Նախ ճշդենք որ «նոր» ուղղագրութիւնը հաստատուած է ո՛չ թէ «արեւելահայ» իրականու-թեան մէջ, այլ միայն՝ Հայաստանեան,  որովհետեւ Պարսկահայերը արեւելահայ  ըլլալով հանդերձ չեն ընդունած «նոր» ուղղագրութիւնը եւ միշտ հաւատարիմ մնացած են մեսրոպ-եան ժառանգութեան: Երկրորդ ՝  «Գրաբարեան ուղղագրութիւն» անուանումը սխալ է, որովհետեւ Ս.Մեսրոպի կողմէ ստեղծուած ուղղագրութիւնը «մեսրոպեան» կոչուած է միշտ, եւ ծառայած է թէ՛ գրաբարին, թէ՛ միջին հայերէնին, թէ՛ արեւելահայերէնին եւ թէ արեւմտահայերէնին, աշխարհի ամէն կողմը:

Այնուհետեւ, իր յօդուածի վերջին մասին մէջ, Թ.Գալստեան բոլորովին նկատի չունենալով որ ուղղագրութիւն կոչուած բնագաւառը բառի արմատներու եւ բաղադրիչ մասնիկներու գիտական-ստուգաբանական  հիմքերուն համաձայն տրամաբանական կանոններ  գործադրող գիտութիւնն է, մեզի կը թելադրէ հրաժարիլ մեսրոպեան դասական ուղղագրութենէն եւ որդեգրել  հայաստանեան «նոր» ուղղագրութիւնը, քանի որ  այս վերջինը «պետական» ուղղագրութիւն է…: Ուրեմն, կարեւորը «պետական» ըլլալու եւ չըլլալու պարագան է եղեր: Ինչպիսի գիտական մօտեցում…: Մինչդեռ որեւէ լեզու եւ ուղղագրութիւն տուեալ  ժողովուրդին  սեփականութիւնն է, «պետական» սեփականութիւն չի կրնար ըլլալ: Մենք, օրինակ, վեց դար պետականութենէ զուրկ եղած ենք, սակայն պահած ենք մեր լեզուն եւ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, որովհետեւ անոնք մե՛զի կը պատկանին, մեր ժառանգութիւնն են եւ ո՛չ թէ՝ որեւէ պետութեան:

Թ.Գալստեան բոլորովին կը մոռնայ թէ այդ «պետականութիւնը»  ի՛նչ փորձանք բերաւ մեր ժողովուրդի գլխուն 4 Մարտ 1922-ի չարաբաստիկ դեկրետի ազգակործանլեզուակործան քաղաքականութեամբ: Միայն բռնատիրական կարգերու մէջ կարելի է տեսնել ժողովուրդի մը ազգային ուղղագրութիւնը ո՛չ թէ իրական պահանջքի մը հիման վրայ եւ համախոհա-կան քննարկումներով փոխելու, այլ բոլորի կամքին հակառակ եւ գիտնականներու խորհուրդներուն   չանսալով, մէկ օրէն միւսը ,  հրամանագիրով փոխելու «պետական» չարագործութիւնը, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 1948-ին հրատարակած Մարդու իրաւունքներու Հռչակագիրին համաձայն շատ ծանր պատասխանատուութեան տակ կը դնէ այդ  յանցանքը գործող պետութիւնը:

Ահաւոր է այս ստրկամիտ տրամաբանութիւնը, որ անկախութեան պայմաններու մէջ իսկ կը թելադրէ ենթարկուիլ Սովետական փլած Միութեան պարտադրած հրամանագրին եւ ո՛չ միայն զայն օգտագործել Հայաստանի մէջ, այլ կ՛ուզէ նաեւ բառերու արմատներն  ու բաղադրիչները  անճանաչելի դարձուցած, ստուգաբանութեան հետ իր կապը խզած, հարիւրաւոր բառարմատներու կորուստին պատճառ դարձած, հայ ազգի գրաւոր միասնութիւնը քանդած, դարերու ընթացքին ամբարուած գրականութեան ամբողջ հարստութիւնը  անընթեռնելի  դարձուցած, հայ թէ օտար հայագէտներու կողմէ «խեղագրութիւն» կոչուած,  սովետական  հրամանագիրով պարտադրուած այդ  հակագիտական գրելաձեւը տարածել ամբողջ  Սփիւռքի հայ նոր սերունդին մօտ ալ:  

Եւ կը թուէ  Հայաստանի մէջ դասական ուղղագրութիւնը վերականգնելու դժուարութիւն- ները.-  երկրի պաշտօնական գրագրութիւնը փոխելու, քաղաքական, գիտական, մշակու-թային բնագաւառներու աշխատութիւնները, մամուլը, դասագրքերը, քաղաքներու եւ գիւղերու ցուցանակները փոխելու դժուարութիւնները:

 

Անշուշտ որ դժուարութիւններ կան, չենք անգիտանար: Սակայն իր թուած բոլոր դժուա-րութիւնները յաղթահարելի են,  եթէ Հայաստան իր ազգային լեզուական քաղաքականու-թիւնը մշակէ՝ հայ լեզուն իր ներկայ անկումային վիճակէն փրկելու եւ Հայ ազգի երկու հատուածներուն միջեւ գրաւոր լեզուի միասնութիւնը վերահաստատելու նպատակով:  Այդ փոփոխութիւնները 1922-ի նման մէկ օրէն միւսը պիտի չկատարուին, այլ անցումային տարիներու վրայ պիտի երկարաձգուին ու հերթով կատարուին, ինչպէս որ եղաւ Ազերի-ներու, Մոլտաւներու, Տաջիկներու, Ուզպէքներու  մօտ, որոնք խելացի կերպով օգտագոր-ծեցին անկախութեան 20 տարիները եւ ձերբազատուեցան ռուսական այբուբենէն: Ուստի մեր մօտ ալ, տարիներու վրայ երկարելով, մեծ ցնցումներ յառաջ չեն գար: Առաջին հերթին 4 Մարտ 1922-ի հրամանագիրը պէտք է ջնջուի: Ատկէ յետոյ, անցումային շրջանի ընթաց-քին, մեսրոպեան ուղղագրութեան տիրապետող սերունդ պէտք է  հասցնել: Այդ մասին մտածուած եւ կէս ճամբան հարթուած է արդէն: Կը բաւէ որ Մանկավարժական համալսա-րանի Սփիւռք Գիտաուսումնական Կեդրոնին կողմէ պատրաստուած մօտ 500 ուսուցիչ-ներուն հանրակրթական դպրոցներու մէջ ուղղագրութիւն ուսուցանելու իրաւունք տրուի: Մեսրոպեան ուղղագրութեան շնորհիւ մարդիկ  պիտի դառնան աւելի գրագէտ : Իրենց վրայէն պիտի թօթափեն  օտար տիրապետութեան վերջին մնացուկն ալ ու պիտի  վերագտնեն իրենց Հայու ինքնութիւնը: Այն ատեն է որ ազգային հպարտութիւն պիտի զգան՝ աշխարհի ամենահին լեզուներէն մէկուն տէրը ըլլալու գիտակցութեամբ: Նաեւ իրենց արտասահմանի ազգակիցներուն հետ միաւորուելով ու զօրանալով, ինքնավստահ կերպով  պիտի կարենան քալել դէպի ապագայ:

 

Մաղթենք որ շուտով հասնինք այդ լուսաւոր ապագային:     

  Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան                                                                                                     Փարիզ, 10-12-2012.

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728