Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սիրոյ պանծացումն իսկ

Հունվար 09,2013 13:39

(Անահիտ Թոփչեանի «Տագնապ» վէպը)

Հերթական անգամ, տաղանդաւոր արուեստագէտն ու դերասանուհին, վիպագիրն ու մտաւորականը՝ ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՓՉԵԱՆ, ընթերցողին կը մատուցէ իր նոր վէպը, «Տագնապը», հրատարակուած Երեւանի մէջ, 2012-ին, «Գասպրինտ» ընկերութեան կողմէ: Յափշտակութեամբ, մէկ շունչով կարդացուող գիրք մը՝ այս, որ եթե մէկ-երկու բառով բնութագրելու ըլլանք, Սիրոյ Պանծացումն իսկ է, Ցնծութիւնը եւ իրա՛ւ վայելքը անոր: Սէր՝ ուր հոգին ու մարմինը միաձոյլ, կնոջ եւ այր մարդու գերագոյն ներդաշնակութինը արարող ստեղծագործութիւն ըլլայ կարծէք… Սէր, որ ինչպէս ինք կը գրէ իր վէպին մէջ, «ձերբազատում է կեղծ ամոթխածութիւնից, սեթեւեթանքից, եւ այդժամ այնպիսի մի հզօր ոյժ, այնպիսի մի յոյզ է պոռթկում, որ ինքդ ես զարմանում, թե որտեղից… Այդ զգացմունքն անխառն է, անհաշուենկատ, դա բացարձակ զգացմունք է»:

Անբարդոյթ, անկաշկանդ եւ ամբողջանուէր սիրոյ այդ յորձանքը քեզ կ’առնէ իր ոլորապտույտին մէջ առաջին իսկ տողերէն եւ կը յամենայ ենթագիտակցութեանդ մէջ դեռ երկար ժամանակ: Անահիտ Թոփչեան գիտէ էլեկտրականացնել սիրոյ այդ մթնոլորտը, բացահայտելով սիրոյ մտերմիկ պահերու գաղտնածածուկ ծալքերը, առանց գռեհկանալու, առանց կորսնցնելու սիրոյ խորհուրդի եւ խորհրդաւորութեան զգացումը:

Զուգահեռաբար, սիրող կինն ու տղամարդը՝ Անահիտի ստեղծած կերպարներուն մէջ, հաւասարապէս ուժեղ անհատականութիւններ են: Մեր գրականութեան մէջ շատ հազվագիւտ, գրեթէ անգոյ այն պարագան, երբ կինը չի զիջիր իր դիրքերը, չի խեղճանար, գիտէ յաղթահարել իր անարդարուածի հոգեվիճակը… եւ չի զգենուր զոհի կերպարանք՝ ողորմութեան միայն արժանի:

Անահիտ Թոփչեանի կնոջ կերպարը բուռն է, գեղեցիկ, որ աստուածուհի կարծեք կը դառնայ խենթացնող սիրոյ մէջ: Ունի ան շատ սուր եւ զգայուն արժանապատւութիւն եւ իր սրտի բանականութեամբ կրնայ զգալ իր կողակցին դոյզն դաւաճանութիւնն անգամ եւ հակադարձել անոր…

Միաժամանակ, սրտի բանականութեան ան գիտէ զուգորդել իմաստնութիւնը եւ արժեւորել ճշմարիտ սէրը, գուրգուրալ անոր, զգօն ըլլալ անոր նկատմամբ եւ աշխատիլ, որ այդ սէրը չխամրի ժամանակի ու հանգամանքներու բերումով:

Վէպի թեման, շատ սեղմ գծերով, հետեւեալն է. վէպի հերոսուհիին պատած է անանուն տագնապ մը… Համատեղ կեանքի քսան եւ հինգ տարիներ ետք, իր կանացի բնազդով ան կը զգայ, որ իր ամուսինը դաւաճանած է իրեն՝ ամուսնական կեանքի առաջին իսկ օրերուն:

Այդ տագնապը կը դառնայ հետզհետէ խանդի տեսակ մը, մտագարութիւն, որ հանգիստ չի տար իրեն: Ի վերջոյ, ան կը յայտնաբերէ իրեղէն, շոշափելի ապացոյցներ ամուսնոյն նամակագրութեանց մէջ: Կը փոթորկի իր ներաշխարհը, վրէժի անհուն ցանկութեամբ կը համակուի ան…

Չուշանար առիթը յագեցում տալու վրէժխնդրութեանայդ այրող տենդին: Իր ամուսնոյն երկրէն բացակայութեան օրերուն, քազինոյի մւ մէջ, կը հանդիպի երիտասարդ տղու մը, որ կը նուագէր այնտեղ, եւ կը հմայուի անոր «արտիստիզմով», անոր երաժշտութեամբ… Խելահեղ սիրոյ իր ծարաւին մէջ, կը զուգադիպին վրէժի ցանկութիւնն ու հրապուրանքը… եւ ահա, իր հերթին, ինք եւս կը դաւաճանէ ամուսնոյն: Սակայն իր դաւաճանութեան տառապանքը շուտով կը դառնայ  մղձաւանջ եւ լուրջ փորձութեան առջեւ կը դնէ՝ զիրար մեծ ու անկեղծ սիրով սիրած զոյգը:

Բարեբախտաբար, վեպի աւարտին կը յաղթէ առողջ բանականութիւնը:

Յատկանշական են հեղինակի տողերը, ուր ան կը խօսի իր ամուսնոյն հոգեվիճակին եւ պահուածքին մասին՝ իր կնոջ դաւաճանութեան իրազեկ դառնալէ ետք. «Նա, անշուշտ, հասկանում էր, որ այս պատմութիւնը իւրատեսակ հետեւանքն էր քսանչորս տարի առաջ տեղի ունեցած իր սիրարկածի եւ ջանում էր ամէն կերպ ինձ հաճոյանալ: Ես էլ չէի կարող ինձ ներել, որ անփորձ աղջկայ պէս տրուեցի պատահական հրապոյրներին, եւ հիմա դժուարանում եմ ասել՝ արկածին նախորդած ապրումներն էին աւելի ծանր, թե՞ յաջորդած: Եւ եթե այժմ կանայք ինձնից խորհուրդ հարցնեն, ապա կ’ասեմ. մի շտապէք վրէժխնդիր լինել, քանի որ յետոյ աւելի եք տառապելու, մանաւանդ եթե զգայուն հոգի ունեէք»:

Իր տուած հարցազրոյցին մէջ, Անահիտ Թոփչեան «Տագնապ»-ը կը բնութագրէ որպէս հոգեբանական վէպ կին-տղամարդ հարաբերութիւններու մասին, սիրոյ, դաւաճանութեան մասին: «Ես պարզապէս ձգտել եմ խորանալ կնոջ ներաշխարհի մէջ, արդիական, գեղեցիկ եւ հոգեւոր լուրջ պահանջներ ունեցող մի կնոջ, ով սիրուած է ու սիրում է մարմնական առողջ սիրով»:

Ճիշդ է, որ ընթերցողները կրնան տարբեր ընկալումներ ունենալ, տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ այս գիրքին: Նոյնը չէ՞ր պատահած Դանիէլ Վարուժանի «Օ՜ Տալիթա» բանաստեղծութեան կամ Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպին մասին:

Խոնարհաբար, ես զայն պիտի արժեւորէի որպէս Սիրոյ փառաբանումի վէպ, որ անթաքոյց կը բանայ զիրար սիրող կնոջ եւ այր մարդու սիրոյ մտերմութեան գաղտնարանները, կը բացահայտէ սիրոյ վայելքի պահերու ցնծութիւնն ու արբեցումը, առանց սակայն անցնելու սահմանագիծը, առանց գռեհկանալու:

Անահիտ Թոփչեան՝ իր այս վէպին, ինչպէս եւ այլ վէպերուն ու պատմուածքներուն մէջ, կը ցուցաբերէ կեանքի խոր իմացութիւն, խորաթափանց ու խորազնին հոգեբանի հայացք, յանդգնութիւն՝ ընթանալու հայ գրական արձակի դեռեւս անկոխ ուղիներէ… եւ, անշուշտ, գեղարուեստական բարձր ճաշակ: Ան արուեստագէտ է իր համակ էութեամբ, այդ բառին ամբողջական եւ խորագոյն իմաստով:

Սրտագին եւ ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք զինք՝ իր այս գիրքի լոյս ընծայման առիթով, իրեն մաղթելով քաջառողջութիւն, անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական նորանոր բռնկումներ: Վարձքդ կատար եւ գրիչդ դալար, սիրելի Անահիտ:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ, Կիպրոս,

«Ազատ Խոսք» թերթի խմբագիր

«Առավոտ» օրաթերթ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2013
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031