ԿԼԷՆՏԷԼ.- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Վազգէն Խոտանեանի եւ մասնակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Համբիկ Սարաֆեանի, Դեկտեմբեր 5-ին Կլէնտէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հէֆֆըրնի հետ: Մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հարցերու լայն շրջանակ, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին վրայ:
ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Հայաստանի մէջ քաղաքական բարեփոխումներու դանդաղ ընթացքին եւ տնտեսական անարդարութեան կապակցութեամբ: Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, որ քաղաքական մշակոյթի հիմնական անկիւնադարձ մը միայն, պիտի կրնայ փոփոխութիւն յառաջացնել արդար կառավարման, ընկերային ու տնտեսական արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ծիրէն ներս: Այս կապակցութեամբ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները պահանջեցին, որ Միացեալ Նահանգները շարունակէ շեշտել Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ` կարեւորութիւնը այնպիսի մթնոլորտի մը ստեղծման, որ առիթ կու տայ երկրի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման:
Դեսպանը վստահեցուց որ, Միացեալ Նահանգները հետեւողական է իր քաղաքականութեան մէջ` Հայաստանէն ներս ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատման գծով ու այս ուղղութեամբ կը համագործակցի կառավարական եւ ոչ-կառավարական կառոյցներուն հետ` այդ սկզբունքները առաջ մղելու նպատակով:
Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հնչակեան պատուիրակութիւնը դիտել տուաւ որ, Ազերի իշխանութիւններուն կողմէ դատապարտուած ոճրագործի մը ազատ արձակումը, ռազմաշունչ յայտարարութիւնները եւ թշնամական գործողութիւնները` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, գլխաւոր պատճառներն են խաղաղ գործընթացի գծով յառաջդիմութեան բացակայութեան:
Ինչ կը վերաբերի Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Դեսպանը համաձայն գտնուեցաւ պատուիրակութեան հետ, որ թրքական կառավարութիւնը պէտք է բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը` առանց նախապայմաններու:
Այլ հարցերու շարքին ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները Դեսպանի յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը Սուրիահայութեան դիմագրաւած ծանր վիճակի կապակցութեամբ: Դեսպան Ճոն Հէֆֆըրն ըսաւ որ Պետական Քարտուղարութիւնը լաւատեղեակ է տիրող վտանգին եւ այդ հարցը իրենց ուշադրութեան տակ է: