Սեպտեմբերի 16-ին Ֆրանսիայի Լիոն քաղաքում ավարտվեց ՌԱԿ 26-րդ Ընդհանուր պատգամավորական ժողովը, որի ընթացքում այլ հարցերի հետ միասին պատգամավորները անդրադարձել են նաեւ Հայաստանում ՀՌԱԿ եւ Արմենական-ՌԱԿ միավորման փաստին եւ նշել. «ՌԱԿ 26-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը միահամուռ կերպով կ’ողջունէ Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուիլն ու պաշտօնական ճանաչումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Առ այդՙ նկատի ունենալով հայրենիքի մէջ մօտալուտ քաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովը կը յանձնարարէ որ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը, անմիջական ապագային, կապ հաստատէ ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան հետ եւ համատեղ խորհրդակցութիւններով, լայն համագործակցութեան համապարփակ եզրեր որոնէ, մշակելով նաեւ անոնց անմիջական գործադրութեան միտող ծրագիրներ»:
ՌԱԿ Հանրապետական վարչութունը ողջունում է Լիոնի 26-րդ համագումարի որոշումը Մայր հայրենիքում կուսակցության միավորման նկատմամբ դրական դիրքորշում ձեւավորելու եւ շուտափույթ կերպով բանակցությունները սկսելու համար` Հայաստանի եւ Սփյուռքի ՌԱԿ կառույցների միջեւ համագործակցության եւ համատեղ հետագա գործունեության նպատակով:
ՌԱԿ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹՅՈՒՆ
Կարդացեք նաև
ՌԱԿ Լիոնի 26-րդ Ընդհանուր պատգամավորական ժողովի պաշտոնական եւ ամբողջական հաղորդագրությունը
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գումարեց իր հերթական 26րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 13 – 16, 2012-ին:
Օրէնսդիր գերագոյն այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՌԱԿի աշխարհատարած շրջանակներու լիազօր ներկայացուցիչները:
Չորսօրեայ իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը յանգեցաւ Հայ ժողովուրդն ու ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ որոշումներու:
Առ այդ կը հրապարակուի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
- ՌԱԿի դաւանանքն ու մտասեւերումը եղած է ու կը մնայ մշտապէս ծառայել Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Հետեւաբար՝ ան կը վերահաստատէ իր ամբողջական նուիրումը հանդէպ մեր ժողովուրդին՝ Հայրենիքի մէջ թէ արտերկրի: Առ այդ ՌԱԿը կը յայտնէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը հայրենի պետականութեան, ի խնդիր անոր ամրապնդումին եւ յարատեւութեան: Միաժամանակ կը մնայ հաւատարիմ Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ անսասանութեան հաւատամքին:
- Ժողովը կ’ընդգծէ թէ Արցախը անբաժան մէկ մասնիկն է մեր հայրենիքին, հետեւաբար համայն Հայութեան զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պէտք է ըլլայ անվերապահ ու լիակատար: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի համոզումն է թէ արցախեան հիմնախնդիրը հարկ է որ լուծուի մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սրբազան իրաւունքին համեմատ, իսկ լուծման ձգտող բանակցութեանց անհրաժեշտաբար պէտք է մասնակցի Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչը:
- Ջաւախքի հայութիւնը կը հանդիսանայ հարազատ մէկ մասը հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աւելի քան նախանձախնդիր է որ լիովին յարգուին մարդկային բոլոր իրաւունքները ջաւախքահայութեան, երաշխաւորելով անոր շարունակական բարօրութիւնը:
- ՌԱԿը կը մնայ Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս ու սփիւռքահայութիւնը մասնաւորաբար յուզող հիմնահարցի իմա՝ Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման սուրբ առաքելութեան հաւատաւոր զինուորագրեալը: Գտնուելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ան կը վճռէ բազմապատկել ու լարել իր համապարփակ ոյժերը, դառնալու համար աւելի քան երբեք անսակարկ նուիրեալը սրբազան այս նպատակին:
- Նկատի ունենալով սփիւռքի մէջ ազգապահպանման հետզհետէ դժուարացող պայմանները, ՌԱԿը կը վճռէ նոր եռանդով լծուիլ մեր ժողովուրդին ներկայ կարիքները հոգացող ազգանուէր առաքելութեան:
- Մինչ ամբողջ հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնն ու մտածումները սեւեռուած կը մնան Սուրիահայ գաղութի ամէնօրեայ հոգեխռով յոյզերուն, ժողովս կը շեշտէ թէ անմնացորդ եւ յարաճուն նուրաբերումով հարկ է օժանդակել պատուհասուող Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
- Միշտ առաջնորդուելով Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ծառայելու իր նախանձախնդրութենէն, ՌԱԿը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գործակցելու սփիւռքի բոլոր այն կառոյցներուն հետ որոնք ունին միեւնոյն մտասեւեռումը՝ համադրելու, ներդաշնակելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու առ այդ տարուող աշխատանքները, առանց երբեւէ կաշկանդուելու արուեստական կաղապարներով, ըլլան անոնք հին թէ նոր:
- ՌԱԿը բաձարցակապէս անընդունելի կը գտնէ Հունգարական իշխանութիւններու կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի յանձնումին անհեթեթ որոշումը: Միաժամանակ խստագոյնս կը դատապարտէ Ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ ոտնակոխումը միջազգային քրէական համապատասխան օրէնքներուն եւ անտեսումը մարդկային բարոյական բոլոր չափանիշերուն: Անհանդուրժելի կը գտնէ նաեւ միջազգային պետութիւններու եւ հանրութեանց մեղսակցութիւնը՝ լուռ մնալով եւ ցուցաբերելով անիրաւ անտարբերութիւն:
- ՌԱԿը կը դատապարտէ հայրենիքի մէջ երեւոյթ դարձած կաշառակերութիւնը, մենատիրութեան մարմաջը եւ անպատիժ մնացող յանցագործութիւնները: Ինչպէս նաեւ՝ հայրենի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անհրաժեշտ միջոցառումներուն դիմելու՝ կանխարգիլելու համար մտահոգիչ հոլովոյթ հանդիսացող արտագաղթի երեւոյթը, զայն համարելով հայրենիքի գոյութեանն իսկ սպառնացող վտանգ եւ առ այդ կոչ կ’ուղղէ Հայ ժողովուրդի հաւաքական զգաստութեան ամէն ճիգով կասեցնելու համար հայրենապարպումի այս վտանգաւոր եւ սահմռկեցնող ընթացքը: Միաժամանակ ՌԱԿը հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն անվտանգութիւնը, անդորրութիւնն ու հետեւողական բարգաւաճումը կը դասէ ամէն եւ որեւէ այլ նկատումէ գերիվեր:
- ՌԱԿ 26րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը միահամուռ կերպով կ’ողջունէ Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուիլն ու պաշտօնական ճանաչումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Առ այդ՝ նկատի ունենալով հայրենիքի մէջ մօտալուտ քաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովը կը յանձնարարէ որ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը, անմիջական ապագային, կապ հաստատէ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան հետ եւ համատեղ խորհրդակցութիւններով, լայն համագործակցութեան համապարփակ եզրեր որոնէ, մշակելով նաեւ անոնց անմիջական գործադրութեան միտող ծրագիրներ:
- Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնն ու անցնող տարիներուն ընթացքին անոր տարած նուիրեալ բոլոր գործունէութիւնները, ՌԱԿ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները թագադրեց ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը:
- Պատմական այս նստշրջանը փակուեցաւ վերանորոգելով այն սրբազան ուխտը, որուն զինուորագրեալն է ՌԱԿը, ողջունելով կուսակցութեան բոլոր անդամներն ու համակիրները, ողջունելով հայրենիքն ու ամբողջ հայութիւնը, միաբերան գոչելով՝
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հայուն Հայրենիքը,
Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը
ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ ԻԶ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ