Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէի եւ ալիեւա-մամետեարովեան յոխորտանքներու թելադրանքը պիտի ըլլար այն, որ օր մը, մօտ ապագային, հայկական դիրքերու վրայ անակնկալ, կայծակնային, լայնածաւալ յարձակում մը պիտի ըլլայ՝ «ազատագրելու համար բռնագրաւուած հողերը»:
Այդպէս չեղաւ: Կայծակնային յարձակումի փոխարէն՝ ձեռնարկուեցան թափանցումներու քանի մը փորձերու, փոքր ընդհանրումներու:
Ինչո՞ւ:
Իմ կարծիքով՝ շատ պարզ է պատճառը:
Չարաշահուող ռազմական պիւտճէն հսկայ պահելու խնդիրը դիմագրաւող ազերի կաշառակեր ղեկավարութիւնը՝ Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ, պիտի շարունակէ յոխորտալ, պիտի շարունակէ սպառնալիքներ տեղացնել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. սակայն գիտակցելով, որ իր ուժերը անկարող են շահիլ ոչ միայն պատերազմը, այլ նոյնիսկ մէկ ճակատամարտ՝ պէ՛տք է գտնէ ձեւը միջազգային ճնշումի տակ սանձուած ըլլալու խաբկանքը ստեղծելու:
Ահա՛ ձեւը: Ամէն անգամ, երբ Արցախեան բանակցութիւններու ծիրէն ներս բարձրագոյն մակարդակի հանդիպում մը կ՛ընթանայ, Ատրպէյճան, յուսալով, որ միջնորդ գերտէրութիւնները իրենց վարկը փրկելու համար պարտաւորուած քայլեր կ՛առնեն՝ այսպիսի ընդհանրումներ կը կազմակերպէ՝ մղելով այդ տէրութիւնները, որ ճնշում բանեցնեն իր եւ ինչու չէ նաեւ՝ Հայաստանի վրայ, եւ պատերազմական գործողութիւնները անընդունելի համարող ուժեղ յայտարարութիւններ կատարեն:
Իր ժողովուրդի աչքին հերոսացած Ալիեւը, այս պայմաններուն տակ միջազգային ճնշումներու տակ պատերազմը յետաձգելու պարտաւորութեամբ շարժող քաղաքական գործիչի տեսքով հանդէս կու գայ՝ շարունակելով հիմնաւորել ռազմական պիւտճէն աւելցնելու իր քայլերը, շարունակելով լեցնել իր ու իր խամաճիկներուն գրպանները:
Ալիեւա-մամետեարովեան այս ռազմավարութեան յաջողութիւնը երաշխաւորուած է միջնորդ երկիրներու հաշուենկատ մեղսակցութեամբ: Եւ այսպէս, թատրոնը կը շարունակուի՝ ի հաշիւ մատաղցու երիտասարդ ազերիներու:
Աբո Պողիկյան
«Ասպարեզ» թերթի խմբագիր