Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ոչ, Տակաւին Արեւմտահայերէնը Վտանգուած Լեզու Կրնայ Չըլլալ»

Մայիս 28,2012 12:49

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան զոյգ դպրոցաշէնքերը

Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Կրթական, Գիտական ու Մշակութային Յանձնախումբը (UNESCO) երկրագունդի վրայ խօսուած 6700 լեզուներուն մասին խոր ուսումասիրութիւն մը կատարած է անոնց ծագման, գործածականութեան եւ ներկայ վիճակին մասին լայն տեղեկութիւններով, որոնք կ’ենթարկուին հինգ դասակարգումներու.- Անապահով, որոշապէս վտանգուած, լրջօրէն վտանգուած, ծայրայեղօրէն վտանգուած եւ դադրած:

Այս 6700-ին 2500 լեզուները այլազան չափերով ազդուած են եւ 1950-էն ասդին 230-ը արդէն դադրած են: Այլազան չափերով վտանգուած են աբխազերէնը, չէրքէզները, յունարէնը, լատիներէնը, ասորերէնը, եբրայերէնը, հայերէնը եւ ուրիշներ Թուրքիոյ մէջ, «ուր ոչ մէկ ճիգ կը թափուի փոքրամասնութիւններու լեզուներուն պահպանման համար», կ’ըսէ տեղեկագիրը: Տարբեր վարմունք արդէն չէինք կրնար սպասել Թուրքիայէն, որ ուրիշ ժողովուրդներ ջարդելով ու թրքացնելով տիրացած է անոնց երկրին ու մշակոյթին:

Բայց կը մերժենք UNESCO-ի կարծիքը, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասէ. ընդհանրապէս ներկայ հանգրուանին հոն չենք հասած դեռ: Այո՛, այս ընթացքով կրնայ գալ այդ օրը, որուն առաջքը կրնանք առնել եւ որ մասնաւորաբար կախում ունի Հ. Բ. Ը . Միութենէն: Այդ սեւ օրէն՝ հայերէն լեզուին մահազդը գուժող UNESCO-ի այդ դասակարգումէն դուրս գալու համար Բարեգործականի ներկայ ղեկավարութիւնը վերաքննելով իր ազգավնաս որոշումը, հարկ է վերաբանայ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ փակուեցաւ 5 Յունիս 2005-ին: Ադկէ ի վեր անցնող վեց տարիներուն գործող Մելգոնեանէն հարիւրեակ մը շրջանաւարտներ եւ նուազագոյնը հազար սաներ պիտի ունենային եւրոպահայ համայնքները, ամէն կերպ օգտուելով անոնց հայկական դաստիարակութենէն: Որովհետեւ, Մելգոնեանը հայերէն լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու Սփիւռքի գլխաւոր գիշերօթիկ դարբնոցն է եղած: Եւրոպայէն գալիք այդ աղջիկներն ու տղաքը հայադրոշմ իրենց գործունէութեամբ փայլ պիտի տային հայ վարժարաններուն, եկեղեցիներուն, ակումբներուն, մամուլին եւ այլազան կազմակերպութիւններուն՝ լեզուական եւ ընդհանուր զարթօնքի մղելով եւրոպահայ համայնքները:

Հիմա որ UNESCO-ի թէեւ չափազանցուած բայց աննպաստ կարծիքը ունինք, հիմա որ Մելգոնեան կրթարանի չգոյութեան ազգավնաս հետեւանքը տեսնել սկսանք, հիմա որ Մելգոնեան կալուածը քանի մը հարիւր միլիոն տոլարով ծախելու փորձառութենէ ալ զրկուած է Բարեգործականը՝ շնորհիւ կիպրական կառավարութեան Մելգոնեան հաստատութիւնը իբրեւ համակիպրական արժէք իր հովանաւորութեան տակ առնելուն եւ ծախուելուն դէմ արգելք դնելուն, հիմա որ Կիպրոս մաս կը կազմէ Եւրոպայի եւ հետեւաբար Մելգոնեանի վկայականը համեւրոպական արժէք ունի՝ կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ Բարեգործականի ղեկավարութիւնը վերանայի Մելգոնեանը փակելու իր որոշման եւ տեսնելով արդէն իսկ եղած վնասները, վերաբանայ զայն:

Նախապէս Մելգոնեանին սան հայթայթող միայն Մերձարեւելեան երկիրներուն հետ, եւրոպահայութիւնը եւ ամբողջ Սփիւռքը այդ օրուան կը սպասեն, ինչպէս նաեւ կիպրացի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը:

Այդ պարագային, շատ հաւանաբար, UNESCO-ին համար դժուար պիտի ըլլար արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին դասել, Մելգոնեանի կողքին նկատի առնելով նաեւ սփիւռքահայ վարժարաններու աշխոյժ գործունէութիւնը:

Հայկ Նագգաշեան, Մոնթրէալ, Գանատա

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2012
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031