Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Անհանդուրժողութիւնը Եւ Խտրականութիւնը

Մայիս 19,2012 22:23

«Ասպարեզի» հարցազրույցը ՀՅԴ Արեւմտյան Ամերիկայի կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ Ավետիք Իզմիրլյանի հետ:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ գիշերային ակումբի հրդեհման մասին:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Երեւանի մէջ ձեռնարկութեան մը դէմ կատարուած յանցագործութիւնը: Մենք նոյնքա՛ն խստութեամբ կը դատապարտենք այդ յանցագործ արարքին տուն տուող անհանդուրժողութեան ու սեռային նախասիրութեանց հիման վրայ խտրականութեան մտայնութիւնը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ յանցագործները բռնուին եւ արժանանան օրէնքով նախատեսուած պատիժի:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ կազմակերպական ինչ որ առնչութիւններու մասին ենթադրութիւններ կատարելով՝ բազմաթիւ անձեր մեղադրական խօսքեր ուղղեցին կուսակցութեան: Ճիշդ կը գտնէ՞ք, որ Դաշնակցութիւնը նման մեղադրանքներու արժանանայ:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Մեզի համար նոյնքա՛ն դատապարտելի է եւս այս հարցի քաղաքականացումն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած անհիմն մեղադրանքներով անոր անունը վարկաբեկելու փորձերը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այս միջադէպին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի: Մեր կուսակցութիւնը իր ծրագիրով ու գաղափարախօսութեամբ կը ջատագովէ անհատին իրաւունքները եւ կը պայքարի՝ ընդդէմ բռնութիւններու, խտրականութեան ու ճնշումներու: Մեզի համար նաեւ դատապարտելի են այս միջադէպին շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը շիկացած պահելու բոլոր տեսակի արտայայտութիւնները: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանուն արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարի առաջամարտիկներէն եղած է եւ յարատեւօրէն դէմ կանգնած է այն բոլոր ոտնձգութիւններուն, որոնք կը փորձեն բռնանալ անհատի, խումբի թէ ազգի մը հիմնական իրաւունքներուն:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս միջադէպը, որ  պատահած է Հայաստանի մէջ, ամերիկահայերուս համար ի՞նչ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Մենք այս միջադէպին հանդէպ չենք կրնար անտարբեր ըլլալ, որովհետեւ ցեղային, կրօնական, ազգային կամ սեռական նախասիրութեանց վերաբերեալ որեւէ տեսակի խտրական մօտեցում անընդունելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նման յառաջադէմ ընկերութեան մը համար: Դաշնակցականներուս համար՝ առաւե՛լ եւս, որովհետեւ մեր հաւատամքէն իսկ կը բխի անհատի իրաւունքներու սահմանափակումներն ու անոնց վրայ բռնացումները մերժելու հրամայականը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ դաս կարելի է քաղել այս կացութենէն:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Մենք կը հաւատանք, որ այս միջադէպը պէտք է առիթ դառնայ բոլորիս, որ բաց ու անկեղծ քննարկման ենթարկենք մեր հասարակութեան մէջ առկայ անհանդուրժողութեան եւ խտրականութեան երեւոյթները՝ անոնց դէմ պայքարելու եւ արդարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու շարժումը զօրացնելու:

Հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներու իրականացման ի խնդիր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պայքարը հիմնուած է այն ամուր հաւատքին վրայ, թէ ո՛չ մէկ անհատ եւ ո՛չ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի բռնանալու հիմնական ազատութեանց վրայ: Այդ հաւատքն է, ի վերջոյ, որ կը խթանէ յանուն Հայ Դատին մեր տարած պայքարը:

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2012
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031