Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Չեմ հասկնար՝ գո՞հ ենք, թէ՞ դժգոհ ենք այս իշխանութիւններէ

Մայիս 09,2012 22:05

Եղբայր, ես այս հայ ժողովուրդէն բան մը չեմ հասկնար: Եթէ հաւատանք Հայաստանէն եկած լուրերուն, Հայաստանցի ժողովուրդին մեծամասնութեան ըսածներուն, ապա իրենք երբեք գոհ չեն այս իշխանութիւններէ, անոնց կ’անուանեն գող, աւազակ, օլիկարխ եւ անընդմիջաբար կը դժգոհին, կը դժգոհին ու դարձել կը դժգոհին: Բայց երբ ընտրութեան օրը գայ, կ’երթան եւ նորէն զանոնք կ’ընտրեն: Չեմ հասկնար: Արդեօ՞ք մէկը կրնայ ինծի բացատրել: Հաւանաբար լաւ, կամ աւելի ճիշտ է ըսել ընտրեալ, քանի որ լաւ իշխանութիւն գրեթէ չըլլար, չեն ուզեր: Չեն ուզեր հաւանաբար, որովհետեւ այն ատենը հայհոյելիք բան մը չի մնար, ո՞րու պիտի հայհոյեն:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, շատ յաճախ ամէն 4, 5  կամ ալ ըսենք 7 տարին մէկ գրեթէ միշտ իշխանութիւնը կը փոխուի: Ժողովուրդը հինէն հոգնած ու դժգոհ, կ’երթայ ուրիշներ կ’ընտրէ եւ կը յուսայ, որ անոնք աւելի լաւ պիտի ըլլան: Եթէ չհաւնի, քանի մը տարի ետք նորէն միւսները կ’ընտրէ, քանի այդ ընթաքցքին մոռցած է, որ անոնք ալ “բարի պտուղ մը չէին”: Կ’երթայ կ’ընտրէ եւ հիներն ալ կը յարգեն իրենց ժողովուրդին ընտրութիւնը եւ իշխանութիւնը կը յանձնեն նորընտիրներուն եւ նոյնիսկ կը շնորհաւորեն զանոնք` յուսալով, որ քանի մը տարի ետք ժողովուրդը նորէն իրենց պիտի ըտրէ, քանի որ յոգնած պիտի ըլլայ միւսներու չիրագործուած խոստումներէ:

Հայաստան մեր երկիրն ու ժողովուրդը սակայն ուրիշ են: Իզուր չէ, որ շատ յաճախ կը կրկնենք Հայաստանի մէջ` “Մերն ուրիշ է”: Սա 1995-էն կը հետեւիմ Հայաստանի ընտրութիւններուն: Չեմ յիշեր շրջան մը, որ մեր ժողովուրդը գոհ ըլլայ գործող իշխանութիւններէ եւ կամ հանրապետութեան նախագահներէ, բայց եւ այնպէս հերթական ընտրութիւնը եկածին պէս դարձեալ կ’երթայ եւ անոնց կ’ընտրէ: Ժողովուրդը կը դժգոհի, ընդդիմութիւնը կը դժգոհի, իսկ իշխանութիւններն ալ անվարան կը յայտարարեն, որ ընտրութիւնները շատ լաւ անցեր են եւ իրենք արդարօրէն ընտրուեր են:

Մինչ հիմա Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կ’ըսէ ու կը կրկնէ, թէ ինք 1996-ին արդար ու ազնիւ կերպով նորէն ընտրուած էր Հայաստանի նախագահ: Նոյնը կ’ըսէ ու կը կրկնէ Ռոպէր Քոչարեան: Ու չեմ հասկնար, ժողովուրդը ի՞նչու չի հաւատար իրենց: Յետոյ ինչ, որ ընտրութիւններէ առաջ 10-էն 6 կամ 7 կ’ըսէր, որ իր ձանը պիտի տայ Վազգէն Մանուկեանին կամ ալ Կարէն Տիմիրճեանին: Հայաստանցին կ’ըսէ` “Լինում է, պատահում է”: Մեր ժողովուրդն էլ թերեւս տունէն մինչեւ ընտրատեղամաս եւ կամ ալ հոն մտնելէ մինչեւ քուէախցիկ իր կարծիքը կը վերանայէ եւ դարձեալ “շառէն, փորձանքէն հեռու կը մնայ” եւ “փորձած թանը անփորձ մածունէն լաւ է” տարբերակով հիները կ’ընտրէ: Մանաւանդ որ, մինչ ինք տունէն մինչեւ ընտատեղամաս կը հասնի, մեր կուսակցութիւններու “աքթիվիսթները” աղանդաւորներու մեթոդաբանութեամբ անոնց կը մօտենան եւ “դէպի փրկութիւն տանող իրենց միակ ճշմարիտ ուղին կը բացայայտեն”: Ալ չեմ ըսեր, այդ փրկարար առաքելութիւնն ալ կը համեմեն “կլորիկ գումարով մը”:

Երբ ընտրութեան արդիւնքներուն կը նայիս, ընտրութեան մասնակիցներու 80 տոկոսը ձայնը տուած է իշխանութիւններուն` ՀՀԿ, ԲՀԿ եւ ՕԵԿ: Բոլոր ժողովրդավար երկիրներու իշխանութիւնները կրնան միայն երազել այսպիսի ջախջախիչ արդիւնքներ: Իրենց քով կը խորհիմ, որ այսպիսի երազներն երբեք իրականութիւն չեն դառնար: Իսկ մեր քո՞վ: Չմոռնանք` հայ ժողովուրդը հրաշքներու հաւատացող ժողովուրդն մըն է եւ մեր քով երազները շատ յաճախ իրականութիւն կը դառնան: Միայն չեմ հասկնար, թէ ի՞նչու ադիկա միայն իշխանութիւններու պարագային անգամ աւելիով կը պատահի: ՀՀԿ երազեց 35 տոկոս ըստ Յովիկ Աբրահամեանի եւ արթնցաւ ու տեսաւ, որ ստացեր է աւելի քան 44 տոկոս, ՀԱԿ-ը երազեց 50 եւ աւելի տոկոս, բայց արթըննալէ ետք ստիպուած է բաւարարուիլ միայն 7 տոկոսով, իսկ ՀՅԴ ու “Ժառանգութիւն”ն ալ յազիւ կրցան երազախաբ չըլլալ:

Առ այդ քանի մը յետընտրական կարգախօսներ` “Հաւատանք եւ փնովենք”, “Դժգոհենք եւ ընտրենք”, “Գալիս ենք, բայց տեղ չենք հասնում”, “Չէք ընտրում, բայց ընտրւում ենք” եւ կամ “Ընտրում էք, բայց չենք ընտրւում”, “Արտագաղթում ենք, բայց եւ բազմանում” եւլն:

Բայց լաւ բան մըն ալ կայ այս ամէնին մէջ: Ժողովուրդը եզակի առիթ ունի մինչեւ յաջորդ ընտրութիւններ առատօրէն փնովելու այս “ազգընտիր” իշխանութիւններուն:

Օհան ՕՀԱՆԵԱՆ

Գերմանիա

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2012
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031